«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

«Դաշնակցութեան Եւ Անոր Համակիրներուն Համար Հայոց Բանակը Եւ Հայկական Պետականութիւնը Բացարձակ Արժէք Են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան հարցազրոյց տուած է Հայաստանի Հանրային պատկերասփիւռի կայանի «Հարցազրոյց» հաղորդաշարին:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձած է յուլիս 12-ին հայ-ազրպէյճանական սահմանի Տաւուշի հատուածին մէջ իրավիճակի սրման եւ այդ գծով ՀՅԴ սփիւռքեան  կառոյցներուն ու Հայ դատի գրասենեակներուն ձեռնարկած քայլերուն:

Հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ ազրպէյճանական յարձակումներուն լոյսին տակ աշխարհով մէկ կատարուած ցոյցերուն մասին խօսելով՝ ան ըսաւ. «Տաւուշեան դէպքերէն ետք Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, բնականաբար, ձեռնարկեց անմիջական աշխատանքներու, առաջին հերթին` քարոզչական մարզին մէջ:  Մեր գրասենեակներն ու յանձնախումբերը անցան գրոհի` դիմագրաւելու համար Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հակահայ  քարոզչական արշաւը, ինչպէս նաեւ իրականութիւնը ներկայացնելու եւ օժանդակելու Հայաստանի արտաքին դիւանագիտութեան, մանաւանդ որ Ազրպէյճան շրջած էր դերերը եւ տեղեկութիւն կը տարածէին այն մասին, որ Հայաստան յարձակում գործած է Ազրպէյճանի վրայ»։

Ըստ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին, առաջին մարզը քաղաքական-քարոզչական աշխատանքն էր, որ տեղի ունեցաւ աշխարհով մէկ եւ տուաւ իր արդիւնքները թէ՛ Միացեալ Նահանգներու մէջ, թէ Քանատայի, թէ Աւստրալիոյ, եւ թէ Եւրոպայի մէջ, որովհետեւ տարբեր երկիրներու մէջ Հայ դատի բարեկամներ ամուր նեցուկ կանգնեցան Հայաստանի՝ հաւաստիացնելով, որ իւրաքանչիւր երկրի կառավարութեան մէջ աշխատանք պիտի տանին, որպէսզի տուեալ կառավարութիւնը հայանպաստ դիրքորոշում ունենայ, դատապարտէ Ազրպէյճանի յարձակողական մօտեցումը, լաւապէս հասկնայ Թուրքիոյ միջամտութեան տարողութիւնը եւ այդ ուղղութեամբ անհրաժեհշտ քայլերու դիմուի։

Ան դիտել տուաւ, որ երկրորդ մարզը ցուցականն էր եւ ՀՅԴ-ին ու անոր երիտասարդական-ուսանողական կառոյցներուն կողմէ կազմակերպուեցաւ՝ ունենալով քանի մը նպատակ. առաջին՝ պաշտպանել հայկական կառոյցները, որովհետեւ գիտէին, որ Ազրպէյճան եւ Թուրքիա համադրաբար դիմած են լուրջ աշխատանքի՝ խանգարիչ միջոցառումներ կատարելու։

«Ուստի, առաջինը պաշտպանողական էր՝ Հայաստանի դեսպանատուներու, հայկական կեդրոններու, մշակութային կեդրոնները։ Իսկ երկրորդը ցոյցեր էին Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դեսպանատուներուն ու հիւպատոսարաններուն առջեւ՝ անգամ մը եւս բողոքելու աշխարհին, որ Ազրպէյճան չէ հրաժարած ամէն ինչ բռնի ուժով լուծելու քաղաքականութենէն, ինչ որ ուղղակիօրէն կը հակասէ ԵԱՀԿ Մինսքի համանախագահներուն մօտեցումներուն՝ հարցը խաղաղութեան ճամբով լուծելու։ Այս ցոյցերը նաեւ կը միտին քողազերծել Թուրքիան, որ ո՛չ միայն կ՛օժանդակէ Ազրպէյճանին, այլ այս անգամ նաեւ անցած է սպառնալիքի՝ Հայաստանի դէմ», նշեց ան։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ-ին աշխատանքային երրորդ ոլորտը հայկական օժանդակութեան ծրագիրներն են՝ ուղղուած բանակին, սահմանամերձ գիւղերու վերականգնման։

Պատասխանելով հարցումի մը՝ ցոյցերուն ընթացքին ազրպէյճանցիներուն հետ բախումներու վերաբերող՝ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի շարքայիններուն եւ համակիրներուն յստակ ցուցմունք կը տրուի խաղաղութեամբ ցոյցեր կատարելու՝ օրէնքին, իրաւունքի եւ տուեալ երկիրներու կանոններուն համապատասխան, բայց եւ այնպէս բախումներ արձանագրուած են այն պարագային, երբ ցոյցի վայր գտնուող ազրպէյճանցիներ իրենք խախտած են օրէնքը, կարգ ու կանոնը, դիմած են յարձակողական քայլերու՝ ուզելով խանգարել ցոյցերուն նկարագիրը։ Ըստ անոր՝ կարգ մը տեղերու մէջ հայ երիտասարդները հակադարձած են, իսկ այլ վայրերու մէջ ոստիկանութիւնը միջամտած է եւ խաղաղութիւնը վերականգնած։

«Հարցազրոյց» հաղորդաշարը վարողը նաեւ հարցում ուղղեց աշխարհի տարբեր մայրաքաղաքներու մէջ ՀՅԴ-ին կողմէ տուեալ երկիրներու խորհրդարաններուն հետ գործակցութեան եւ արձանագրուած յաջողութիւններուն։ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ, որ 13 Յուլիսին այս գծով արդէն իսկ աշխատանք սկսած էր, արձանագրուած են յաջողութիւններ, բայց եւ այնպէս պէտք է ըսել, որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան եւս իրենց կարգին աշխատանք կը տանին՝ օգտագործելով ՕԹԱՆ-ի քարտը, կարգ մը երկիրներու մէջ հակառուսական տրամադրութիւնները, որոնց նաեւ կը փորձեն կապել Հայաստանի ճակատագիրը։ Ան նշեց նաեւ, որ շարք մը յաջողութիւններու կարելի եղած է հասնիլ, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ ազրպէյճանցիները ունին նաեւ նիւթական հսկայական միջոցներ, որոնց օգտագործումով կրնան յաջողութիւններ արձանագրել։ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ, թէեւ բաւական աշխատանք տարուած է Դաշնակցութեան եւ Հայ դատի գրասենեակներուն ճամբով, բայց եւ այնպէս միշտ ալ աւելին ընելու մարտահրաւէրը առկայ է, ուստի պէտք է շարունակել եւ նոր ծրագիրներ մշակել։

Հաղորդավարը հարցուց, թէ ի՞նչ են սփիւռքի տպաւորութիւնները Տաւուշի սահմանին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն մասին։

«Նախ ըսեմ, որ սփիւռքի մէջ չկայ հայ մը, որ չուրախանայ մեր բանակին ձեռք ձգած արդիւնքով, իսկ իւրաքանչիւր կորուստ մեծ ցաւ է ու խոր վիշտ կը պատճառէ, այս առիթով ալ ցաւակցութիւններ կը յայտնենք նահատակներուն ծնողներուն, զինակիցներուն եւ համայն հայութեան։ Բայց գիտենք նաեւ, որ անոնք անմահացան հայրենիքի պաշտպանութեան ճամբուն վրայ։ Այդ ազգային հպարտութիւնը նաեւ ներշնչման աղբիւր է սփիւռքի պարագային, եւ ուրախ ենք ըսելու, որ անոր անդրադարձները մենք կը տեսնենք թէ՛ ներազգային իմաստով, եւ թէ արտաքին գետնի վրայ։ Ներքին իմաստով աւելի գօտեպնդուած կ՛աշխատին մեր կառոյցները՝ ըլլան անոնք Հայ դատի, երիտասարդական-ուսանողական կամ ուղեկից կազմակերպութիւններ, իսկ արտաքին իմաստով իւրաքանչիւր զոհի դիմաց մենք քարոզչական հսկայական մեքենայ կը լարենք, օտարներն ալ կը ձայնակցին մեզի եւ անընդունելի կը գտնեն այս տեսակի յարձակողական քաղաքականութիւն, որ մարդկային կեանքեր կը խլէ եւ ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ հարցի լուծման կամ խաղաղութեան հաստատման», շեշտեց Յ. Տէր Խաչատուրեան։

Մեր բանակին յաջողութիւններով սփիւռքի մէջ տիրող խանդավառութեան եւ ոգեւորութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ շատ մեծ է այդ խանդավառութիւնն ու հպարտութիւնը։ Ան շեշտեց, որ բանակին նկատմամբ այս զգացումները միշտ ալ եղած են. «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ մեր համակիրներուն համար հայկական բանակը, Հայաստանի պետականութիւնը բացարձակ արժէքներ են, որոնց շուրջ պէտք է համախմբուի մեր ժողովուրդը։ Այս գծով՝ ոչ մէկ կասկած կամ տարակարծութիւն։ Ուրախ ենք, որ հայկական բանակը կը գտնուի իր բարձրութեան վրայ, իսկ մենք ամէն ճիգ ու ջանք ի գործ պէտք է դնենք, որպէսզի անոր բազուկը զօրանայ եւ արդիւնաւէտութիւնը աւելնայ», հաստատեց ան։

Վերջին հարցումը կը վերաբերէր այն երեւոյթին, որ արդեօք Հայաստան որքանո՞վ կ՛օգնէ սփիւռքին։ «Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչները բոլոր երկիրներուն մէջ ալ կ՛աշխատին այս ուղղութեամբ, բայց երբ գան խաղաղ օրերը, եւ հանգամանօրէն քննարկուի այն, որ Հայաստան ի՞նչ կրնայ ընել սփիւռքին, այն ատեն կարելի է ըսել, որ հոն կան շատ մը ոլորտներ, որոնց համար Հայաստան յաւելեալ աշխատանք պէտք է տանի սփիւռքին համար, ինչպէս նաեւ պէտք է վերացուին այն բոլոր արհեստական արգելքները, որոնք դրուած են սփիւռքահայերու, քաղաքացիներու նկատմամբ, որպէսզի անոնք կարենան Հայաստանի ընկերային, քաղաքական կեանքին իրենց լիիրաւ մասնակցութիւնը բերել», եզրափակեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.