ԳՈՐԾՈՂ ՅԱՐԱՑՈՅՑԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Կարօ Արմենեան
Հայաստանի քաղաքական բեմի ներկայ իրականութեան ճշգրիտ բնորորոշում կարենալ տալու համար, կարևոր է, որ նախ և առաջ մենք մեզի հարց տանք, թէ ի՞նչ է բնոյթը այսօր երկրի քաղաքական կեանքը տնօրինող յարացոյցին (paradigm, պարատիգմա) և այդ լոյսի տակ միայն փորձենք գնահատական տալ կառավարական դաշինքէն ներս մեր կուսակցութեան ներկայ դերակատարութեան և ապագայ անելիքին։

Հաստատուած իրողութիւն է, որ Դաշնակցութիւնը առաջնորդող հանդիսացաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու փաթեթի հետապնդման գործին մէջ։ Մենք այդ մէկը ըրինք Նախ. Սերժ Սարգսեանի ամբողջական աջակցութեամբ։ Իրականութեան մէջ, այն օրէն ի վեր, որ Նախագահը որոշեց իր հովանաւորութիւնը ընծայել այս գործին և նախաձեռնեց սահմանադրական փաթեթի ձևաւորման աշխատանքին, ծրագիրը գործնականօրէն դուրս եկաւ մեր ձեռքէն և ան իւրացուեցաւ Նախագահին կողմէ որպէս գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւն։ Նոյնքան շահեկան է այն փաստը, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու այս շարժումը ոչ մէկ դժգոհութիւն յառաջացուց երկրի օլիգարխներու և մենաշնորհի տէրերու շրջանակին մէջ…Քաղաքական բեմը չալեկոծուեցաւ երբեք։ Չկար ոչ մէկ խլրտում։ Ոչ մէկ հրապարակային լուրջ առարկութիւն։ Ինչու՞։ Միթէ այդ մարդիկ չէի՞ն հասկնար, թէ ինչ կը կատարուէր իրենց շուրջ։ Միայն մե՞նք էինք երկրի զգօն քաղաքացիները…Բնականաբար՝ Ո՛Չ։

Անոնք հաստատ համոզուած էին, որ սահմանադրական այս փոփոխութիւններով յարացոյցի փոփոխութիւն տեղի պիտի չունենար, իսկ մենք իրաւամբ դրօշ պարզած էինք յարացոյցի (և անշուշտ տիրող համակարգի) փոփոխութեան դատը մերը ընելով և զայն դնելով մեր ազգային օրակարգին վրայ։
Այժմ յստակօրէն կը տեսնենք, որ Հանրապետական Կուսակցութիւնը այս հարցին մօտեցած էր յատուկ ռազմավարութեամբ։ Ան սահմանադրական փոփոխութիւններու իր օրակարգին համար կենսական կը նկատէր խորհրդարանէն ներս միահեծան ուժ ըլլալու պայմանը։ Առանց այս պայմանին՝ նոր սահմանադրութիւնը կը խոստանար յարացոյցի շեշտուած յեղաշրջում յառաջ բերել և այդ մէկը բնականաբար կ՚ըսպառնար օլիգարխիայի շահերուն։ Հանրապետական Կուսակցութիւնը ամէն գնով նուաճեց այդ նշաձողը, որուն շնորհիւ ան այժմ կը յաջողի առնել յաջորդ քայլը։ Շուտով ՀՀ Նախագահի վարչապետացումով վերջնականօրէն կ՚ամրագրուի մէկ հիմնական երաշխիք։ Նախկին նախագահական համակարգը հանգիստ կը տեղաւորուի նոր սահմանադրութեան դրոյթներուն մէջ։ Եւ անոր հետևող օրէնսդրական գործընթացը ի վերջոյ կրնայ վերածուիլ այս հոլովոյթը մշտնջենաւորող գործիքի։
Պարզ խօսքով, ներկայի յարացոյցը կը շարունակէ մնալ այն ինչ, որ էր։ Այսինքն՝ նո՛յնը։ Այսինքն՝ էութեամբ նախագահական կառավարչաձև՛ մը այս վերջինէն բխող քաղաքական մշակոյթի էական գործօններով։

Այս առումով, պէտք չէ զարմանալ, որ այսօր տեղի կ՚ունենայ վերջին կերպարանափոխութիւնը։ Նախ. Սերժ Սարգսեան «կ՚առաջադրուի» որպէս վարչապետի թեկնածու։ Այսինքն՝ թեկնածու կը դառնայ գործող յարացոյցի ամենէն հարազատ ներկայացուցիչը միաժամանակ վարչապետի ընտրութեան խորհրդարանական գործընթացը վերածելով պարզ ձևականութեան։ Ասիկա այնքան բնական հետևանքն է վերև նկարագրուած հոլովոյթին, որ եթէ յանկարծ ուրիշ անուն մը առաջադրուէր, պէտք էր, որ կասկածի տակ առնէինք պատահածը և դիմակազերծ ընէինք նմանօրինակ բեմադրութիւնը։

Այս բոլորէն ետք, կարևոր է որ հարց տանք։ Պէ՞տք է այնուամենայնիւ փոփոխութիւններ ակնկալել ապագայ Վարչապետ Սերժ Սարգսեանի վարչակարգէն, որուն մաս պիտի կազմէ նաև Դաշնակցութիւնը։ Ես կը կարծեմ, թէ իրապաշտ ակնկալութիւն է համակարգի «արդիականացման» որոշ քաղաքականութիւն նախատեսել նոր կառավարութենէն։ Կասկած չունիմ, որ կան շարք մը բաներ, որոնք պէտք է փոխուին և ապահովաբար պիտի փոխուին և Դաշնակցութիւնը (որպէս Դաշինքի անդամի) պիտի սատար հանդիսանայ այդ գործընթացին։ Եւ սակայն ես դիտմամբ չակերտեցի արդիականացումը, քանի որ կը կարծեմ, թէ ան ընդհանրապէս պիտի մնայ մակերեսին վրայ։ Այս յարացոյցի դարբինները աւելին չեն կրնար տալ մեր երկրին։ Անոնք կը հաւատան այն մաքիավելական օրէնքին, որ կ՚ըսէ, թէ «իրականութիւնը պէտք է փոխուի որպէսզի ան մնայ նոյնը»…Հետևաբար իրենցմէ ծնող արդիականացումը պիտի չըլլայ խորքային։ Ան պիտի չըլլայ համակարգային։ Ան հիմնական լուծում պիտի չբերէ արտագաղթի հարցին։ Ան պիտի չազատագրէ տնտեսութիւնը մենաշնորհային համակարգի տիրապետութենէն։ Ան պիտի չկարողանայ ստեղծել անհրաժեշտ թուով իրական աշխատատեղեր։ Ան պիտի չկարողանայ ծնունդ տալ որակաւոր տնտեսական աճի։ Դատելով վերջին բազմաթիւ տարիներու փորձէն, մենք ստիպուած ենք թերահաւատ ըլլալու բոլոր այս հրամայականներու կապակցութեամբ և անշուշտ ի սրտէ կը մաղթենք սխալած ըլլալ։ Հիմնուած անցեալի փորձին վրայ, Հանրապետական Կուսակցութիւնը իր այսօրուան մեծամասնական դիրքերէն ի վիճակի չէ այդ ոստիւնը իրագործելու։

Այդ բանը պիտի ընէ Դաշնակցութիւնը։ Ես համոզուած եմ, որ Դաշնակցութիւնը չի կրնար լճանալ այս յարացոյցին մէջ և հետ։ Մեր երկիրը ի վերջոյ պիտի յաղթէ ինքզինք և մենք պիտի ըլլանք այդ վճռական կռիւը առաջնորդողը։

Ապրիլ 6, 2018

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.