Գէորգ Արապեանէն 50.000 եւրոյի նուէր մը եւս՝ Վալանսի հայկական դպրոցի շինութեան
1846
0
Բարերար Գէորգ Արապեան, որու իշխանական նուիրատւութեամբ ճամբայ ելած էր Վալանսի Ֆրանքեւհայկական ամէնօրեայ դպրոցի ծրագիրը, 50.000 եւրոյի նոր նուէր մը կատարած է։
Այսպէսով, Գէորգ Արապեան ընդհանուր՝ 800.000 եւրօ նուիրած կ՚ըլլայ դպրոցին, որ պիտի կրէ իր անունը եւ որու բացումը նախատեսուած է 2020 Սեպտեմբերի վերամուտին։