Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան կը մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ֆիճիի համախմբումին
1729
0
Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) «Ուխտագնացութիւն Դէպի Խաղաղութիւն եւ Արդարութիւն» յանձնաժողովին եւ հիւրընկալութեամբ «Խաղաղականի Եկեղեցիներու Խորհուրդ»-ին, 13-23 Յունուարին Խաղաղական ովկիանոսի Ֆիճի կղզիին մէջ տեղի ունեցաւ յանձնաժողովին վեցերորդ համախմբումը՝ մասնակցութեամբ Ե.Հ.Խ.ի անդամ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներու, տարբեր կրօններու ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտ հիւրերու։ Յիշեալ յանձնաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչն է Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան։
Յանձնաժողովը քննարկումներ կատարեց «Կլիմայական Փոփոխութեան Պատճառներն ու Հետեւանքները Խաղաղական Ովկիանոսեան Շրջագիծին Մէջ եւ Եկեղեցիներու Նկատողութիւններն ու Աստուածաբանական Պատասխանները» թեմային շուրջ։