«Գանձասար»-ի Խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Մետալով
5 Յուլիս, ՀՀ Սահմանադրութեան օրուան առիթով, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան յարկին տակ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման արարողութիւն: Այս մասին կը հաղորդէ Սուրիոյ «Գանձասար» շաբաթաթերթը։
Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան ընթերցեց Սահմանադրութեան օրուան առիթով ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը: Այնուհետեւ յայտնեց, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին առիթով, Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ զարգացման գործին ներդրած իր աւանդին համար «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Չիլաբօշեան-Պօղիկեան պարգևատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով:
ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի անունով պարգեւը խմբագիրին յանձնեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան:
Պօղիկեան խօսք առնելով, նախ շնորհաւորեց ներկաները ՀՀ Սահմանադրութեան օրուան առիթով, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին զինք նման պարգեւի մը արժանացնելուն համար՝ աւելցնելով որ նման պարգեւատրում մը պատիւ է, միաժամանակ մղիչ ուժ՝ աւելի աշխոյժ թափով աշխատելու ե՛ւ հայկական մամուլի, ե՛ւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ծառայող ոլորտներէն ներս:
Այնուհետեւ ան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսին եւ հայրենի թէ սփիւռքահայ բոլոր այն լրատուամիջոցներուն, որոնք պատերազմի տարիներուն կիսեցին տագնապը, մնայուն կապի մէջ մնացին խմբագրութեան հետ ու սատար հանդիսացան տեղեկատուական ճշգրիտ փոխանակման: