Բաղրամեան Պողոտայի Հանրահաւաքին Մասնակիցները Լիակատար Աջակցութիւն Կը Յայտնեն Զինուած Ուժերու Ընդհանուր Հրամանատարին

3 մարտին, Բաղրամեան պողոտային վրայ, Ազգային ժողովի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայրենիքի փրկութեան շարժումի հանրահաւաքը, որուն մասնակիցները կը պահանջէին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անյապաղ հրաժարականը, նաեւ իրենց լիակատար աջակցութիւնը յայտնելով զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարին:

Նշենք, որ հանրահաւաքին զուգահեռ Ազգային ժողովին մէջ տեղի կ՛ունենար կառավարութեան հետ հարց ու պատասխանը:

Իշխանութիւնը կարելի եւ անկարելի բոլոր միջոցներուն ձեռնարկեց Նիկոլ Փաշինեանի ու կառավարութեան անդամներուն անվտանգութիւնը ապահովելու համար: Նախքան անոնց ժամանումը, բազմաթիւ ոստիկանական ուժեր կեդրոնացան Ազգային ժողովի շէնքին մէջ, այնուհետեւ Բաղրամեան պողոտային կողմէ փակեցին խորհրդարանի դարպասները, իսկ շէնքի վերեւի հատուածներուն մէջ տեղակայեցին բազմաթիւ արձակազէններ:

ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեան դիտել տուաւ, որ իրենց կազմակերպած հանրահաւաքներուն հիմնական նպատակն է մերժել հայոց զինուած ուժերը գլխատելու ծրագիրը, որ ձեռնտու է միայն մեր թշնամիներուն` աւելցնելով. «Երէկ նախագահը յայտարարութեամբ մը ուրիշ օրէնք ուղարկեց Սահմանադրական դատարան, բայց ատիկա բոլոր դռները չի փակեր: Հայրենիքի փրկութեան շարժումը շատ արագ, յայտարարութեամբ ցաւ յայտնելով տեղի ունեցածին համար, շտապ հանդիպում պահանջեց նախագահէն, որ այսօր տեղի ունեցած  է», ըսաւ Գեղամ Մանուկեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արծուիկ Մինասեան` դիմելով հանրահաւաքի մասնակիցներուն, յայտարարեց, որ նախագահը պէտք է հետեւողական ըլլայ, ետքայլ չկատարէ, ընդհանուր հրամանատարի պաշտօնանկութեան հարցով դիմէ Սահմանադրական դատարան, հակառակ պարագային թէ՛ բանակը, թէ՛ ժողովուրդը  ո՛չ միայն կառավարութեան, ո՛չ միայն նախագահի, այլ բոլորին գործունէութիւնը թոյլ պիտի չտան:

«Պիտի սահմանափակեն անոնց գործունէութիւնը, որովհետեւ անոնց գործունէութիւնը հակապետական եւ հակաազգային կ՛ըլլայ: Ասիկա սկզբունքային հարց է, ժողովուրդը ոտքի կանգնած է իր զինուած ուժերուն հետ միասին եւ պետականութիւնը կը պաշտպանէ: Ասիկա միայն Օնիկ Գասպարեանի հարցը չէ, սա մեր ամբողջ բանակի, բարձրագոյն հրամանատարական կազմէն մինչեւ վերջին զինուորի տուած երդումը պահելու հարց է: Երկրորդ, զուտ իրաւական առումով Հայաստանի նախագահը չի կրնար անգործութիւն դրսեւորել առանց հիմնաւորման: Օրէնքը կը սահմանէ` կա՛մ կը ստորագրես, կա՛մ կը դիմես Սահմանադրական դատարան, երրորդ տարբերակ չկայ: Երրորդ տարբերակը անգործութիւնն է», ըսաւ Մինասեան:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Լիլիթ Գալստեան, որ ըսաւ, թէ օրեր առաջ մենք խոստացանք, որ Բաղրամեան պողոտան պիտի դառնայ մեր պայքարի հրապարակ, եւ հոս պիտի մնանք այնքան ատեն որ յաղթական աւարտի չենք հասցուցած մեր արդար գործը»: Ան շեշտեց, որ բոլորը հաւաքուած են, որովհետեւ կարելի չէ հաշտուիլ հայրենիքի կորուստին հետ:

«Որովհետեւ դուք համոզուած էք, որ օր մը ետ պիտի բերենք Հատրութն ու Շուշին, որովհետեւ դուք չէք կրնար մոռնալ այն պարտքը, որ ունինք մեր 5000 անմեղ զոհուած նահատակներուն առջեւ», նշեց Լիլիթ Գալստեան:

Հայրենիքի փրկութեան շարժումի վարչապետի միասնական թեկնածու Վազգէն Մանուկեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Օնիկ Գասպարեան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել առնուազն մինչեւ 8 մարտ` շեշտելով. «Կարեւորը այն է, որ ո՛չ միայն մենք թոյլ պիտի չտանք, այլ բանակը թոյլ պիտի չտայ, բանակը հասկցած է»:

Ան ժողովուրդին կոչ ուղղեց դիմանալու եւ համբերատար ըլլալու. «Մեզի պէտք չէ արեան միջոցով իշխանութիւն, մեզի պէտք է, որ հասունցած այդ ամէնը ինքն իրեն լուծուի, անոր համար պէտք է կամք, յամառութիւն, հաւատք: Մենք այս երկու-երեք օրը շարժումի մասնակիցներով պիտի այցելենք մարզեր: Պէտք է կարենանք մեր ըսելիքը հասցնել մարզերուն: Շաբաթ օրը, ժամը 15:00-ին պիտի կազմակերպենք մեծ հանրահաւաք, որ ցոյց տանք, թէ ամբողջ ժողովուրդը կը մասնակցի անոր եւ նորէն կը շարունակենք երթալ յառաջ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.