Բագրատ Արք. Գալստանեան Եւ 15 անձեր Ուրիշներ Ձերբակալուեցան
- (0)

25 Յունիսին, Հայաստանի Քննչական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ ընդդիմադիր «Սրբազան պայքար» շարժումի մասնակիցները եւ ղեկավարները «ծրագրած էին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ իրականացնել ահաբեկչական եւ իշխանութիւնը բռնագրաւելուն ուղղուած գործողութիւններ»:
Ըստ իրաւապահներուԲագրատ արք. Գալստանեան (հաղորդագրութեան մէջ ներկայացուած է Վ. Գ.
աշխարհիկ անունը` Վազգէն) նոյեմբեր ամիսէն սկսեալ նպատակադրած է իշխանութիւնը ստանձնելու գործընթացը իրագործել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ չթոյլատրուած եղանակով:
«Այդ նպատակի իրականացման համար շարժումի շարք մը մասնակիցներու հետ նախնական համաձայնութեամբ խումբը ձեռք բերած է ահաբեկչութիւն կատարելու եւ իշխանութիւնը բռնագրաւելու համար անհրաժեշտ միջոցներ եւ գործիքներ, ինչպէս նաեւ դիտաւորութեամբ ստեղծած է այլ պայմաններ` այդ ձեւով կատարելով իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութիւն», նշուած է Քննչական կոմիտէի հաղորդագրութեան մէջ:
Քննչական կոմիտէն շեշտեց, որ Բագրատ սրբազանը շարժման մասնակիցներու եւ համախոհներու հետ ունեցած հանդիպումներու ընթացքին կտրականապէս բացառած է ընտրութիւններուն նախապատրաստուելու, անոնց մասնակցելու եւ այդ ձեւով իշխանութիւնը ստանձնելու եղանակը եւ տեղեկացուցած է շարժումի գործունէութեան մեթոտաբանութիւնը փոխելու, այն է` համոզելու եւ քարոզելու մեթոտները բացառելու, շարժման գործունէութիւնն ու ատոր վերջնական նպատակը ոչ թէ հաւաքներու տրամաբանութեամբ, այլ յարմար պահու փոքրակազմ հարուածային խումբերու փոխհամաձայնեցուած բռնի գործողութեամբ իրագործելու մասին:
Ըստ իրաւապահներուն, «իշխանութիւնը բռնագրաւելու նպատակով» Վ. Գ.-ն եւ խումբի միւս անդամները, զորս Քննչական կոմիտէն որակած է յանցաւոր, «ծրագրաւորած են կատարել ահաբեկչութիւն»` «քաղաքային անձերը կեանքէ զրկելու, անոնց առողջութեան ծանր կամ միջին ծանրութեան վնաս պատճառելու, մեծ չափերու գոյքային վնաս պատճառելու եւ այլ ծանր հետեւանքներ յառաջացնելու վտանգով զուգորդուած հրավտանգ արարքներ»:
Քննչական կոմիտէն նաեւ կը նշէ, որ խումբի անդամները ծրագրաւորած են զուգահեռաբար միջոցներ ձեռնարկել յառաջացած վիճակը վերացնելու կարելիութենէն պատասխանատու պետական մարմինները զրկելու ուղղութեամբ, ներառեալ` խոչընդոտել կամ ընդհուպ բացառել ոստիկանութեան համապատասխան ուժերու շարժը:
Ենթադրեալ այս դէպքին առիթով իրաւապահ մարմինները նախաձեռնեցին խուզարկութիւններ եւ ձերբակալութիւններ:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կուսակցութեան քանի մը անդամներու, որոնց շարքին պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանի տան մէջ խուզարկութիւն կատարուած է:
Ըստ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի` խուզարկութիւն կատարուած է Գերագոյն մարմինի անդամ Իկոր Սարգսեանի, ՀՅԴ Աբովեանի կոմիտէի անդամ Վարդան Աւագեանի, Հրազդանի կոմիտէի անդամ Արտաշէս Յունանեանի եւ Նոյեմբերեանի կոմիտէի անդամ Վարազդատ Ամիրաղեանի բնակարաններուն մէջ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցը յայտնեց, որ Իկոր Սարգսեանի տան մէջ խուզարկութիւնը աւարտելէ ետք իրաւապահները զայն տեղափոխած են Քննչական կոմիտէ:
Իրաւապահներու գործողութիւններու մասին յայտնել են նաեւ այլ քաղաքական ուժեր, ինչպէս նաեւ «Սրբազան պայքար» անունը ստացած շարժումը: Էջմիածինի աւագանիի անդամ Սեւակ Խաչատրեան եւս պնդած է, որ կը խուզարկեն աւագանիի ընդդիմադիր անդամներու բնակարանները, ապա կը տեղափոխեն քննչական բաժիններ:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը բերման ենթարկեց «Սրբազան պայքար» ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանը: Սրբազանի փաստաբան Սերկէյ Յարութիւնեանը լրագրողներուն ըսաւ, որ խուզարկութիւններուն հիմամբ իրաւապահները չեն գրաւած որեւէ հիմք ահաբեկչութեան կազմակերպման համար: Անոր համաձայն, Բագրատ սրբազանը տեղափոխուած է Քննչական կոմիտէ: Բագրատ արք. Գալստանեանէն բացի ձերբակալուեցան նաեւ 13 ուրիշներ:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ «Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խոր մտահոգութիւն կ՛արտայայտէ Բագրատ արք. Գալստանեանի եւ իր համախոհներու նկատմամբ այսօր իրաւապահ մարմիններու ձեռնարկած գործողութիւններուն եւ անոնց մեղսագրուող ծանր մեղադրանքներուն կապակցութեամբ»:
«Իրաւական գործընթացի նկատմամբ վստահութիւն չի ներշնչեր այն հանգամանքը, որ սկիզբէն ալ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը եւ իշխող կուսակցութեան տարբեր ներկայացուցիչներ ակնյայտ քաղաքական նկատառումներով տարաբնոյթ հրապարակումներու միջոցով կը փորձեն ուղղորդել իրաւապահ մարմինները», նշած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը:
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդը դատապարտելի կը նկատէ նաեւ «յիշեալ գործընթացը եկեղեցւոյ հետ արհեստականօրէն կապակցելու եւ Մայր աթոռի անունը շահարկելու դիտաւորութիւնը, ինչ որ ամբողջապէս կը տեղաւորուի իշխանութիւններու նախաձեռնած հակաեկեղեցական արշաւի պարունակին մէջ»:
Մայր աթոռը, ըստ հաղորդագրութեան, օրինական բոլոր միջոցներով հետամուտ պիտի ըլլայ գործի արդարացի ընթացքին եւ կը յորդորէ պատկան մարմիններուն չտրուելու քաղաքական շահարկումներուն, առաջնորդուելու Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան եւ օրէնքներու պահանջներով` յարգելով անմեղութեան կանխավարկածի սկզբունքը: