Արցախի Մեր Կոթողներն Ալ Ռազմագերիներ Են

Վեհանոյշ Թեքեան

Անոնք հոգի՛ունին։ Կը շնչեն, կ՚ոգեւորեն, եւ արտասուել գիտեն։

Հիմա հայը զանոնք յանձնած է թշնամիին ագցաններուն։ Մեր կոթողները ալեհեր ու արիասիրտ՝ իրենց ահուդողը յայտնի չեն ըներ. կանգնած են խրոխտ ու խոցահար։ Ո՞ւր են հայ պատմաբանները, կրօնականները, իրաւաբանները, մտաւորականները, քաղաքագէտները։ Ներկայ իրավիճակէն կը հետեւցե՞ն ապագան։

Հաւատացեալ ժողովուրդը լաց ու կոծով բաժնուեցաւ, Դադեվանքի պատերուն դէմքը շոյելով ու աղօթք մրմնջալով։ Այս պետութիւնը հայոց սրբացուած ժառանգը որբացուցած է։ Կարողացանք մասունքները մասամբ տեղափոխել։ Ձմեռուայ ցուրտին սարսուռն ու անձկութիւնը ապրելէ ետք, հիմա գարնան ծափ ու ծաղկի մէջ անոնք հոյլ-հոյլ ուխտաւորներու ողջոյնէն զրկուած են։

Դարերո՜վ, մինչեւ քանի մը ամիս առաջ, անոնք մեր ուրախութեան ու տրտմութեան բաժնեկից էին։ Ջերմութիւն եւ ապահովութիւն կը ներշնչէին։ Հոն ուխտ կատարած ենք, մկրտութիւն, հարսանիք եւ յուղարկաւորութիւն օծած ենք։ Իրենց քով կ՚երթայինք Աստուծոյ հետ կամուրջ հաստատելու, մեր նախնիներուն շունչը զգալու, սրբութեան երանութիւնը վայելելու։

Էութիւն էին։ Աստուծոյ ձայնը իրենց գմբէթներէն կը տարածուէր հաւատացեալ ժողովուրդին վրայ, որոնք նոյնպէս խաչ կը կրէին եւ ցնծութեան ծնծղայ ունէին իրենց հոգիին մէջ։ Շարական կը սփռէին, ուխտաւորին կացարան էին եւ ճամբայ ցոյց կու տային։ Մեր տօներուն՝ մեր տաճարներն ու վանքերը իրենց զանգակները հրճուագին հնչեցուցած են ու հաղորդած՝ պատմութեան հացն ու գինին։ Յոյսի խորան էին ու հաւատքի սկիհ։ Հարուստի եւ աղքատի զատողութիւն չկար. ներել ու գուրգուրալ գիտէին։ Ծարաւ հոգիին՝ զուլալ աղբիւր, անօթիին՝ նշխար ու նկանակ, հիւանդին՝ յոյսի բալասան, հաշմանդամին՝ զօրութեան յենակ, մօր արտասուքը սրբող շուշփայ, կորաքամակ հօր տրուած վեղար, այրիին ու որբերուն՝ լոյսի պատառ։

Ո՞վ լքեց, ո՞վ աքսորեց զիրենք իրենց սեփական հողին վրայ։ Թող անէ՜ծք թափուի անոր գլխուն որ հարամ ըրաւ մեր ազգին աղն ու հացը, մեր պատմութեան լոյսը։ Մեզմէ անբաժան են մեր սրբավայրերը, անոնք. յարաժամ աղօթք ու խունկ ունին, մատեան ու ծէս, զէնք ու զրահ, սրբազան Աջ ու Գեղարթ, հայ լեզուի վարժարան, բարձրագոյն մտքի կաճառ, մագաղաթ ու յիշատակարան։ Չարը զգետնող, Բարին անմահացնող հզօրութիւն ունին։

Ի՞նչ օգուտ ունի Աստուծոյ Ահեղ Դատաստանը, երբ անոնք կը մարտիրոսանան Քրիստոնեա՛յ ըլլալնուն համար։ Ու ամենէն սարսափելին՝ կը գերեվարուին ազգադաւ, կրօնադաւ, հողադաւ հայերու կողմէ։ Մեր քաղաքները «տժգոյն ու դժբախտ» եղան միմիայն այդպիսի հայերու պատճառով, նաեւ բոլոր անոնց որ լռեցին հայու հոգին բզիկ- բզիկ ընող անիրաւութիւններու դէմ։

Մեր քաղաքները ո՛չ ուրիշին կը պատկանէին, ո՛չ տժգոյն էին, ո՛չ դժբախտ։ Պիտի յանդգնէ՞ր այդ անգէտը իր տժգոյն ու դժբախտ ծնողքը յանձնել անբարեացակամ մարդոց խնամքին։ Ան որ ըսաւ «Արցախը Հայաստան է ու վե՛րջ», վերջին իրադարձութիւններէն ետք գոնէ պէտք է հաւատայ թէ «Թուրքը թշնամի է եւ վե՛րջ»։

Արցախի ամէն մէկ թիզ հողը արեգնավառ ու խնկախայտ է, դարձեա՛լ պիտի ըլլայ։ Եւ այն օրը այս գրութեան բոլոր անցեալ կատարեալ բայերը պիտի վերածուին ներկա՛յ ժամանակի։ Իսկ անոնք որ պատճառ եղան որ գերեվարուին հայոց հաւատքն ու մարմինը, թող ճանկռտուի՜ անոնց սիրտը, եթէ կայ։

Աստուծոյ անսասան ոյժը եւ Հայուն բարձր հաւատքն ու խոր իմաստութիւնը ե՛տ պիտի բերեն մեր բոլո՜ր ռազմագերիները։ Պիտի հայոց աշխարհի միշտ հին ու միշտ նոր արեւը ծագեցնենք, Եռագոյնը ծածանենք, եւ հայաշխարհի մէկ ծայրէն միւսը յաւերժութեան ծիածաններ կամարենք։

Մենք Արարա՛տ ունինք մեր տեսադաշտին մէջ։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.