Արշաւիր Շիրակեան (1900-1973). Հայոց Նահատակներուն Կտակը սրբագործած վրիժառու բազուկը
Հայ ժողովուրդի գաղափարի մարտիկներու եւ ազգային հերոսներու փաղանգին մէջ իր առանձնայատուկ տեղը ունի Արշաւիր Շիրակեան, որուն մահուան 46րդ տարելիցը կ’ոգեկոչենք Ապրիլ 12ի այս օրը։
Արշաւիր Շիրակեանի անունը անքակտելիօրէն կապուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան որոշումով կեանքի կոչուած «Նեմեսիս» ազգային արդարահատոյցի նախաձեռնութեան հետ, որ մահապատիժով վրէժ լուծեց հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանական մեծագոյն ոճիրի պատասխանատուներէն։
Արդարեւ 1919ին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, հայկական յեղափոխութեան յառաջապահ կուսակցութիւնը որոշեց իր վրայ վերցնել պատասխանատուութիւնը թուրք եղեռնագործները մահապատիժի ենթարկելու դատավճիռին գործադրութեան։
Հակառակ Պոլսոյ մէջ յաղթական դաշնակիցներու պահանջով Օսմանեան Զինուորական Ատեանին արձակած մահապատիժի որոշումին, հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան ծրագրած եւ գործադրած հայասպանական մեծագոյն ոճիրին իթթիհատական պատասխանատուները անպատիժ մնացած էին, անուն եւ ինքնութիւն փոխած ու կեղծած՝ փորձած էին փախուստ տալ արդարադատութենէ, ապաստանելով եւրոպական մայրաքաղաքներ ու ծպտեալ կեանք վարելով…
Փախստական այդ ցեղասպաններուն դէմ արդար դատաստան իրագործող սրբազան վրէժի պատմական խորհրդանիշը եղաւ «Նեմեսիս» Գործողութիւնը, որ հայոց ազգային յիշողութեան մէջ արութեան եւ հատուցման, հպարտութեան եւ արդարադատութեան ներշնչման աղբիւրը հանդիսացաւ։
Իսկ «Նեմեսիս»ի արդարահատոյց բազուկներուն ներկայացուցչական դէմքերէն մէկը հանդիսացաւ Արշաւիր Շիրակեան, որ հազիւ քսան տարիքը բոլորած՝ գաղափարի մարտիկի նուիրումով, յանդգնութեամբ եւ խիզախութեամբ, սրբազան ահաբեկիչը դարձաւ թուրք ջարդարարներուն։
Հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան պատասխանատու թրքական պետութեան ներկայացուցիչները պատուհասող դաշնակցական արդարագործներու փաղանգին մէջ, Արշաւիր Շիրակեան հանդիսացաւ ա՛յն իւրայատուկ դէմքը, որ իր առաքելութեան ազգային-քաղաքական ամբողջական գիտակցութեամբ եւ գաղափարի մարտիկի յանձնառութեամբ գործեց։ Եւ բարացուցական է, որ իր կեանքի վերջալոյսին, 1965ին, Մեծ Եղեռնի յիսնմաեակին առիթով լոյս ընծայած իր յուշերը Շիրակեան կոչեց «Կտակն էր Նահատակներուն»։
Արշաւիր Շիրակեանի կը պատկանի «Նեմեսիս» Գործողութեան վերաբերեալ այն յստակացումը, թէ «Մեր կազմակերպութիւնը չունէր մարդասպանական որեւէ ծրագիր։ Անիկա պարզապէս արդար պատիժի ենթարկեց ա՛յն յանցագործները, որոնք ի բացակայութեան դատուած եւ մահուան դատապարտուած էին։ Իսկ հայ դաւաճանները կը գլխաւորէին մեր ցուցակը»։
Այդպէ՛ս, Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին, Դաշնակից պետութեանց հակակշռին տակ ինկած Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք Պոլսոյ մէջ, Զինուորական յատուկ Ատեան մը դատած էր Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատու Իթթիհատական ղեկավարութիւնը, հաստատած էր իւրաքանչիւր ջարդարարի ծանրագոյն յանցագործութիւնը եւ, ի բացակայութեան, մահապատիժի դատապարտած էր զանոնք։
Արդարութիւն հաստատող մահապատիժի դատավճիռը կար, բայց հրապարակի վրայ չկային եւ օրէնքի ու արդարութեան ձեռքէն փախուստ տուած էին անոնք՝ գլխաւոր ջարդարարները։
Արդարահատուցման այդ սրբազան դատաստանը իրագործող «Նեմեսիս»ի գլխաւոր առաքեալներէն է ահա՛ Արշաւիր Շիրակեան։
Հայ արդարահատոյց բազուկը ծնած էր 1900ին, Պոլիս։ Մանկութիւնը անցուց 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հետեւած պոլսահայ ազատ ու ծաղկուն մթնոլորտին մէջ։ Պատանի տարիքէն ապրեցաւ ու կազմաւորուեցաւ դաշնակցական մտաւորականներու մտերմութեան մէջ։ Այդ պատճառով ալ 1915ին, երբ ցեղասպան թրքական պետութիւնը իր առաջին հարուածը ուղղեց Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան, Շիրակեան կոչուեցաւ պատանի սուրհանդակի առաքելութեան,, որպէսզի հայ մատնիչներու դաւաճանական ցուցմունքներուն դէմ զգուշացնէ եւ հետապնդումներէ զերծ պահէ ընդյատակ կեանքի անցած հայ մտաւորականները։
Մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտն ու զինադադարը, Արշաւիր Շիրակեան ամբողջական փարումով գործեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան Պոլսոյ կազմակերպութեան շարքերուն մէջ։ Մօտէն հետեւեցաւ Պոլսոյ Օսմանեան Զինուորական Ատեանին կողմէ Իթթիհատի պարագլուխներու (ի բացակայութեան) դատավարութեան։ Վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի, ներքին գործոց նախարար Թալէաթի եւ իթթիհատական պարագլուխներ Պեհաէտտին Շաքիրի, Ճեմալ Ազմիի, Նազըմի եւ միւսներուն դէմ Ատեանի արձակած մահապատիժի դատավճիռները, մատնուած ըլլալով մեռեալ տառ մնալու ճակատագրին, նոր ընդվզումի եւ ցասումի կրակը բորբոքեցին արդէն երիտասարդ գործիչին մէջ։ Եւ երբ 1919ին, Երեւանի մէջ գումարուած իր 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, Դաշնակցութիւնը որոշեց «Նեմեսիս» Գործողութեան ձեռնարկել եւ ի՛նք իրագործել թուրք ջարդարարներու մահապատիժը, Արշակիր Շիրակեան առաջիններէն եղաւ, որ ներկայացաւ «Նեմեսիս»ի Պատասխանատու Մարմնին՝ իր սրբազան պարտականութիւնը կատարելու պատրաստակամութիւն յայտնելով։
Շիրակեան կը լրացնէր անհրաժեշտ բոլոր պայմանները, որպէսզի նկատի առնուէր «Նեմեսիս»ի արդարահատոյց ահաբեկիչներու փաղանգին ընտրութեան ու նշանակման մէջ։ Գաղափարական եւ ազգային-քաղաքական պատրաստութիւնը ամբողջապէս ունէր։ Կազմակերպական ուշագրաւ փորձ ունէր Պոլսոյ մէջ ընդյատակեայ գործունէութեան։
Մարտական գործիչի խիզախութեամբ եւ քաջասիրտ նկարագրով կը յատկանշուէր։
Չուշացաւ Շիրակեանի առաջին գործողութեան յանձնարարականը։ Քսանամեայ հայորդիին վստահուեցաւ թուրք ջարդարարներու գլխաւոր մեղսակիցներէն Վահէ Իհսանի (Եսայեան) մատնիչ-դաւաճանի ահաբեկումը։ Իհսան ի՛նք կազմած էր ցուցակը Պոլսոյ այն հայ մտաւորականներուն, որոնք 24 Ապրիլ 1915ին զանգուածային ձերբակալութեան ենթարկուեցան։
27 Մարտ 1920ին, Պոլսոյ մէջ, Շիրակեան իրագործեց Իհսանի դէմ արձակուած Դաշնակցութեան մահապատիժի որոշումը։
Շիրակեան հեռացաւ Պոլիսէն եւ անցաւ Երեւան, ուր Արամ Երկանեանի հետ նոր առաքելութեան մը կոչուեցան։ Թիֆլիսի մէջ իրենց պարտականութիւնը կատարելու նախապատրաստական աշխատանքի ժամանակ, երկուքն ալ ձերբակալուեցան, բայց անհրաժեշտ ապացոյցներու չգոյութեան հետեւանքով ազատ արձակուեցան։ Արշաւիր վերադարձաւ Պոլիս, ուրկէ 1921ի ամառը նոր յանձնարարականով ուղարկուեցաւ Հռոմ։
Շիրակեանի վստահուած էր իթթիհատական կառավարութեան վարչապետ Սայիտ Հալիմ փաշայի ահաբեկումը։ Սայիտ Հալիմ իթթիհատական պարագլուխներու ամէնէն տարեց անդամն էր, նաեւ՝ ամէնէն մեծահարուստը, որ ի վիճակի էր լաւագոյնս թաքցնելու իր հետքերը։ Բայց «Նեմեսիս»ի յանդուգն հետախոյզները ի վիճակի եղան գտնելու Սայիտ Հալիմ փաշայի թագստոցը եւ Արշաւիր Շիրակեան, 5 Դեկտեմբեր 1921ին, Հռոմի փողոցներուն վրայ գետին փռեց ցեղասպան թրքական կառավարութեան ատենի վարչապետը։
Գործողութիւնը դարձեալ «մաքուր» էր եւ հայ ահաբեկիչը առանց հետք ձգելու հեռացաւ արդարահատուցման… բեմէն։
Բայց Շիրակեանի ահաբեկչական սուրբ առաքելութիւնը վերջ չգտաւ Սայիտ Հալիմ փաշայի մահապատիժով։ Հետեւեցաւ նոյնքան յանդուգն գործողութիւնը Պեհաէտտին Շաքիրի եւ Ճեմալ Ազմիի ահաբեկման, որ վստահուած էր Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան երկեակին։
Տխրահռչակ տոքթ. Պեհաէտտին Շաքիր եղած էր հիմնադիրն ու ղեկավարը իթթիհատական այն յատուկ զօրաբաժնին, որ «յառաջապահ»ի դեր խաղաց Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման ու գործադրութեան ժամանակ։ Իսկ Ճեմալ Ազմին ծանօթ էր իբրեւ «Տրապիզոնի հրէշը», որ աւելի քան 15 հազար անզէն հայեր ծովամոյն ըրաւ։
17 Ապրիլ 1922ին, Պերլինի փողոցներուն մէջ, Արշաւիր Շիրակեան եւ Արամ Երկանեան միացեալ գրոհով մը գետին փռեցին թուրք ջարդարար զոյգ հրէշները։ Նախայարձակը Շիրակեանն էր, որ առաջին գնդակով զգետնեց Ճեմալ Ազմիին, բայց միայն վիրաւորել կրցաւ Շաքիրը։ Երկանեան օգնութեան հասաւ եւ ուղիղ ճակտէն մէկ փամփուշտով վերջ տուաւ Պեհաէտտին Շաքիրի յանցագործ կեանքին։
Պերլինի այդ գործողութեամբ վերջ գտաւ Շիրակեանի արդարահատոյց գործունէութիւնը։
Հայ հերոսը 1923ին, իր նորահարս կնոջ՝ Գայեանէի հետ, վերջնականապէս հաստատուեցաւ Մ. Նահանգներ, ուր աշխոյժ մասնակցութիւն բերաւ Հ.Յ.Դ. Մ. Նահանգներու կազմակերպութեան կեանքին ու աշխատանքներուն։
Երկար տասնամեակներու լռութենէն ետք, 1965ին, Շիրակեան լոյս ընծայեց իր յուշերը՝ «Կտակն էր Նահատակներուն» խօսուն անունը տալով իր յուշագրութեան։
1973ի Ապրիլ 12ի օրը առյաւէտ փակուեցան աչքերը հայ ժողովուրդի արդարահատոյց բազուկին, որուն անունով այսօր կը կոչուին ե՛ւ դաշնակցական կոմիտէութիւններ, ե՛ւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութիւն մը։
Այդպէ՛ս, Արշաւիր Շիրակեան անունը յաւերժական յուշարարն է հայ ժողովուրդի անմահ նահատակներու սրբազնագոյն կտակին։
Նաեւ անուն՝ որ իր անձնուէր կեանքով ու գործով, յատկապէս գաղափարի անվեհեր մարտիկի իր կերպարով, կը շարունակէ ներշնչման աղբիւր մնալ Հայ Դատի պայքարին զինուորագրուած հայոց սերունդներուն համար։