Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Անթիլիաս մեկնեցաւ մասնակցելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր ժողովին

Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, 7-9 Դեկտեմբեր 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մայրավանքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ազգային Ընդհանուր Ժողովը։
Չորս տարին անգամ մը գումարուող յիշեալ ժողովին կը մասնակցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները եւ թեմերէն ժամանող պատգամաւորներ։
Երեք օրերու վրայ երկարող Ազգային Ընդհանուր Ժողովը ընթացք պիտի առնէ Վեհափառ Հայրապետին պատգամով, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներուն գործունէութեան քառամեայ տեղեկագիրներու ներկայացում եւ քննարկում: Ժողովի օրակարգին մէջ առանցքային տեղ պիտի գրաւեն կրօնական ու հայեցի դաստիարակութեան, երիտասարդութեան, ազգային պահանջատիրութեան, Սփիւռքի վերակազմակերպման եւ Սփիւռք-Հայաստան յարաբերութեան առնչուած շարք մը հարցեր։
Ժողովի աւարտին տեղի պիտի ունենայ Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու ընտրութիւն, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի յառաջիկայ առաքելութեան առաջնահերթութիւններու ու գլխաւոր մարզերու ճշտում։
Գանատայի Հայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան մեկնեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան, ընկերակցութեամբ Թեմիս Ազգային Պատգամաւորներուն, յանձինս՝ Պրն. Համբիկ Գարայեանի, Պրն. Յարութ Գասապեանի, Պրն. Վաչէ Գըլըպոզեանի, Տիկին Ծովիկ Թերզեանի, Պրն. Յակոբ Լախոյեանի, Պրն. Վահիկ Յակոբեանի, Պրն. Գրիգոր Շիթիլեանի, Տիկին Աննա Պուլկարեանի, Պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանի եւ Պրն. Կարօ Փոսթաճեանի։
ԴԻՒԱՆ
Գանատայի Հայոց Թեմի
Ազգային Առաջնորդարանի

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.