Անթիլիասի Մէջ Սկիզբ Առաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համագումարը
2 Յուլիս 2019-ին առաւօտեան, տեղի ունեցաւ Հայ Մամուլի Համահայկական Համաժողովի բացման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Համաժողովին կը մասնակցին շուրջ 100 մամուլի մշակներ, լրագրողներ եւ աշխատակիցներ՝ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքի զանազան գաղութներէն։
«Տէրունական Աղօթք»ին, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութեանց ու «Կիլիկիա» քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, իր Հայրապետական պատգամը ուղղեց Նորին Սրբութիւնը, որմէ ետք Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբեկեան ընթերցեց Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ուղերձը։ Ապա, Տիկին Աննա Յակոբեան, համաժողովին պատուոյ հիւրը, ներկաներուն փոխանցեց իր խօսքը։
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 2 ՅՈՒԼԻՍ
9:30 – 11:00 Ա. ՆԻՍՏ՝
Պաշտօնական բացում
- Հայր մեր
- Հայաստանի Քայլերգ
- Արցախի Քայլերգ
- Կիլիկիոյ Քայլերգ
- Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամը
- Հ.Հ. Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ողջոյնի խօսքը
- Տիկին Աննա Յակոբեանի (Պատուոյ հիւր) խօսքը
11:00 – 11:30 Դադար
11:30 – 13:00 Բ. ՆԻՍՏ
Նիւթ՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք համագործակցութիւն – խնդիրներ եւ ընելիքներ
Ատենապետ՝ Շահան Գանտահարեան
Զեկուցաբերներ՝
Ժիրայր Չոլաքեան – «Մամուլը անկախութեան, նորարարութեան եւ համագործակցութեան հրամայականներուն դիմաց»
Վահրամ Պօղոսեան – «Արցախեան մամուլը մարտահրաւէրներ եւ խնդիրներ»
Վահագն Գարագաշեան (հեռակապով) – «Հակահայ քարոզչութեան դէմ տեղեկատուական պատերազմը»
14:30 – 16:00 Գ. ՆԻՍՏ
Նիւթ՝ Մամուլը եւ նորարար արհեստագիտութեան մարտահրաւէրները
Ատենապետ՝ Միքայէլ Հաճեան
Զեկուցաբերներ՝
Արամ Անանեան – «Հայկական տպագիր մամուլի ապագան. ինչպէ՞ս մրցունակ մնալ թուային դարաշրջանին մէջ»
Վիգէն Աւագեան – «Մամլոյ սպասաւորի կերպարը՝ նորարար արհեստագիտութեան օրերուն»
Նայիրի Հոխիկեան – «Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ինքնութիւնը պահպանող հայերու գործօն հայ-թուրքական յարաբերութիւններուն եւ հայկական ինքնագիտութեան մէջ»
Ահարոն Շխրտըմեան – «Տպագիր մամուլը եւ նոր իրականութիւն»
16:30 – 18:00 Դ. ՆԻՍՏ
Նիւթ՝ Լրատուութիւնը եւ ընկերային ցանցերը
Ատենապետ՝ Զաւէն Թորիկեան
Զեկուցաբերներ՝
Գայիանէ Առաքելեան – «Youtube»եան եւ «Facebook»եան հեռարձակումները որպէս «մետիա»ի անկախութեան նոր գործիք եւ հնարաւորութիւն
Սաթիկ Սէյրանեան – «Հայաստանեան մամուլը թաւշեայ իրադարձութիւններէն յետոյ. մարտահրաւէրներ»
Գեղամ Մանուկեան – «Ամբողջական փոխճանաչման խնդիրը հայկական մամուլին մէջ»
Աբօ Չափարեան – «Ազատ մամուլին դերը եւ առաքելութիւնը արագընթաց փոփոխութեան ենթակայ տեղեկատուական դաշտէն ներս»
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 3 ՅՈՒԼԻՍ
9:30 – 11:00 Ե. ՆԻՍՏ
Նիւթ՝ Տեղեկատուական անվտանգութիւնը եւ լրատուութեան հաւաստիութիւն
Ատենապետ՝ Արա Պուլուզեան
Զեկուցաբերներ՝
Նորեկ Գասպարեան – «Սեփական ստորագրութեան հաւաստիութիւնը»
Արտակ Ալեքսանեան – «Տեղեկատուութեան անվտանգութիւններու լրատուութեան հաւաստիութիւնը հեռարձակուող մամուլին մէջ»
Արա Գոչունեան – «Հայ մամուլը որպէս աշխարհատարած ցանց»
Թաթուլ Յակոբեան – «Արցախին մէջ հող յանձնելու թեման հայկական լրատուամիջոցներու մէջ»
11:30 – 13:00 Զ. ՆԻՍՏ
Նիւթ՝ Համահայկական խնդիրներ եւ միջազգային հանրային կարծիքի ձեւաւորում
Ատենապետ՝ Սեւակ Յակոբեան
Զեկուցաբերներ՝
Աննա Կարապետեան – «Համացանցային կայքէջեր եւ մամուլի խնդիրներ»
Արտաշէս Շահպազեան – «Միասնական հայ մամուլը համահայկական խնդիրների հետապնդման ճակատում»
Ռոպէր Աթթարեան – «Հանրային կարծիքի ձեւաւորումը եկեղեցական միջավայրէն ներս. փորձեր եւ ձեռքբերումներ»
14:30 – 16:00 Է. ՆԻՍՏ
Նիւթ՝ Հայ մամուլի դերը հայ ինքնութեան պահպանման մէջ – լեզու եւ մշակոյթ
Ատենապետ՝ Անի Եփրեմեան
Զեկոցաբերներ՝
Հրաչ Սէփէթճեան – «Արեւմտահայերէնի խնդիրները եւ այսօրուան հայ մամուլը»
Յակոբ Պալեան – «Հայ մամուլը (հայաբարբառ եւ օտարաբարբառ) յանձնառու ինքնութեան պատուանդան»
Վարուժան Արք. Հերկելեան – «Եկեղեցական մամուլի ի սպաս հայ լեզուի եւ մշակոյթի պահպանման եւ զարգացման»
Աւետիս Փօշողլեան – «Մամուլը, լեզուն եւ մշակոյթը»
16:30 – 18:00 Ը. ՆԻՍՏ
Նիւթ՝ Հայ մամուլն ու բազմակարծութեան կարեւորութիւնը – խօսքի ազատութեան խնդիրներ
Ատենապետ՝ Իվետա Տոնոյեան
Զեկուցաբերներ՝
Արմինէ Օհանեան – «Խօսքի ազատութեան կայացման 30-ամեայ ուղին. հանրային աջակցութիւն եւ իշխանութեան դիմադրութիւն»
Պետրոս Ղազարեան – «Լրագրութիւնը որպէս մարտահրաւէր»
Զարմիկ Պօղիկեան – «Ազատ խօսքի ընկալման հարցեր»
Երուանդ Ազատեան – «Նշումներ Սփիւռքահայ մամուլին մասին»
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 4 ՅՈՒԼԻՍ
9:30 – 11:00 Թ. ՆԻՍՏ
Նիւթ՝ Հայ մամուլը եւ ազգային պահանջատիրութիւնը
Ատենապետ՝ Սեդա Խտըշեան
Զեկուցաբերներ՝
Յակոբ Ասատրեան – «Հայ մամուլի մարտահրաւէրները. Սփիւռքահայ մամուլի հիմնադրամի անհրաժեշտութիւնը»
Արամ Շահնազարեան – «Հայ մամուլի դերը պահանջատիրական պայքարի նպատակների սահմանման, յստակեցման եւ հանրահռչակման գործում»
Նազարէթ Պէրպէրեան – «”Ազդակ”ի ներդրումը «Հայկական Պահանջատիրութիւն» յղացքի տարածումին եւ գաղափարական հունաւորման մէջ»
11:30 – 13:00 Ժ. ՆԻՍՏ
Եզրափակում – Համաժողովէն բխող առաջարկներ