Անդրշիրիմեան Խրատներ

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ

Ա. Մեծամասնութեանց Մասին

«Կանգնում են էստեղ եւ փորձում են մեզ էլի նորից համոզել, որ քաղաքական գնահատականը տուել է ժողովուրդը` տալով քուէն». ասիկա մէջբերում է հանգուցեալ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի` Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ունեցած 22 մայիս 2013-ին ելոյթէն:

Օրին, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը քննադատէր կառավարութեան ընթացքը, որ շատ դժուար կացութիւն կը յառաջացնէր ժողովուրդին համար: Իշխող եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն ունեցող Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչները «ժողովուրդ»-ի եւ «քուէներու մեծամասնութեան» պատասխանը կու տային: Վաղամեռիկ մեր ընկերը նոյն ելոյթին մէջ ժողովրդային քուէ եւ խորհրդարանական մեծամասնութիւն առաջ նետողներուն անհասկնալի մարգարէացումով կը զգուշացնէր, որ կու գայ օր, երբ անոնք մէկ ձայն իսկ չեն ստանար. «Եւ ձեզ այնքան կը ծեծեն դալաններում, որ դուք ո՛չ միայն Ազգային ժողով չէք գայ, այլ` կ՛արտագաղթէք»:

Ելոյթի արձանագրութեան մէջ լսելի են դահլիճին մէջ բարձրացող քրքիջները: Նախագահութիւն, խորհրդարան, կառավարութիւն եւ պետական համակարգ ամուր բռնած հանրապետականները ծիծաղելի կը գտնէին այդ անհաւանականութիւնը:

Բայց ուղիղ հինգ տարի ետք այդ մարգարէութիւնը իրականացած էր, եւ նոյն այդ հանրապետականները ծեծկռտուքէ ազատելու ճամբայ կը փնտռէին:

Այսօր քուէները, խորհրդարանական մեծամասնութիւնն ու կառավարութիւնը ձե՛րն են, պրն. Փաշինեա՛ն: Դժբախտաբար, որդեգրած էք յաջողութեամբ գինովնալու եւ բոլոր միւսները արհամարհելու, անտեսելու, հալածելու հանրապետական ոճը ու մեզ կ՛ամբաստանէք, թէ անոնց գործակիցներն են:

Մեր հանգուցեալ ընկերոջ խրատ-զգուշացումը ի զօրու է նաեւ ձեզի: Յաւերժական մեծամասնութիւն գոյութիւն չունի:

Բ. Միասնութեան Մասին

«Բայց դուք հասկանում էք, որ իրականութիւնը դա չի, որ մենք գտնւում ենք ծայրագոյն դժուար վիճակում, լինելութեան սահմանի վրայ (…) ու այս երկիրը կարելի է փրկել միայն միասին (…) համագործակցութիւնը մեծամասնութիւնը պատկերացնում է այսպէս.- դուք մեզ մի՛ քննադատէք, որ մենք կարենանք ամէն ինչ անենք, բայց համագործակցութիւնը էդպէս չի լինում»:

Մի՛ զարմանաք. այս խօսքը ՀՅ Դաշնակցութեան անունով հանգուցեալ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանը կ՛ուղղէր Հանրապետական կուսակցութեան, խորհրդարանական մեծամասնութեան ու կառավարութեան:

Ի՞նչ կը կարծէք, պրն. Փաշինեան, պէտք չէ՞ր քննադատել քուէներու եւ խորհրդարանի մեծամասնութիւնն ու կառավարութիւնը, յանուն միասնութեան: Պէտք չէ՞ր բարձրաձայնել անոնց սխալները, որոնք տնտեսական ու ընկերային ծանր վիճակ ստեղծած էին, եւ լուրջ քայլեր չէին առներ զանոնք մեղմելու:

Օրին, դո՛ւք` պրն. Փաշինեան, համաձայն չէիք եւ նոյնպէս կը քննադատէիք մեծամասնութեան ու կառավարութեան սխալները, եւ անոր մէջ չէիք տեսներ դաւաճանութիւն կամ ազգային միասնութեան խախտում:

Մենք նոյն դաշնակցականներն ենք, պրն. Փաշինեան, նոյն մարդիկը, որոնք հայրենիքին ու ժողովուրդին համար վնասակար կամ սխալ ընթացքը կը քննադատէին: Ատոր համար կը քննադատենք «Քորոնա» ժահրէ վարակումի օրական չորս պարագան երկու ամիսէն օրական 800-ի բարձրացուցած սխալները:

Բայց դուք նոյնը չէք, պրն. Փաշինեան:

Դուք, որ անցեալին կը քննադատէիք սխալը, ցոյց տալով անոր պատճառած վնասը, դուք այսօր կը կրկնէք հանրապետականներուն, ձեր տապալած հանրապետական մեծամասնութեան նոյն յանկերգը, թէ երկիրն ու ժողովուրդը փրկելու համար միասնութիւն պէտք է, իսկ միասնութիւն կամ համագործակցութիւն կը նշանակէ չքննադատել:

Բայց, մեզի՛ համար, ինչպէս նախկին վարչախաւի օրօք, նոյնպէս այսօր, երկրին համար վնասակար քաղաքականութիւնը չքննադատել չ՛ըլլար, սրբագրելու կոչ ուղղել չ՛ըլլար:

Մեր հանգուցեալ ընկերը նախկին վարչախաւին բացատրեց, թէ ճիշդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ երկիրը միասնաբար փրկելու համագործակցութիւնը: Անոնք մերժեցին լսել:

Տրուած ըլլալով, որ կը գործէք նոյն ձեւով եւ նոյն տրամաբանութեամբ, հարկ է ձեզի ալ ուղղել նոյն խրատը:

Գ. Անձեռնմխելիութեանց Մասին

«Մենք բոլորի՛ անձեռնմխելիութիւնը հանելու կողմնակից ենք, ո՛չ միայն ընդդիմութեան, հասկանալով, որ դա ի վերջոյ ընդդիմադիրի վերջին պաշտպանութիւնն է, այ հիմա դուք եկել էք ապացուցելու, որ էդ պաշտպանութիւնը գոյութիւն չունի, ձեւական բնոյթ ունի, երբ կ՛ուզէք` կը հանէք: Էդ պատճառով մենք ասում ենք` եկէ՛ք սահմանադրութեամբ հանենք բոլորից. մեծամասնութեան մեղմ ամբաստանութեամբ նրան ասացիք. Հա դու է՞դ տղէն էիր. ինչի՞ գնացի սկսեցիր իշխանութիւններին քննադատել. ուզում էք էդ ձեւով բացատրել իսկական պատճա՞ռը»:

Չէ՛. չէ՛. ո՛չ Գագիկ Ծառուկեանի անձեռնմխելիութեան, ո՛չ ալ Ազգային ժողովին մէջ փաշինեանական մեծամասնութեան ուղղուած է խօսքը: Այս խօսքերը ՀՅ Դաշնակցութեան անունով արտասանեց հանգուցեալ ընկեր Վահան Յովհաննիսեանը` զանոնք ուղղելով օրուա՛ն խորհրդարանական մեծամասնութեան` Հանրապետականներո՛ւն: Եւ այսօր մարդիկ կ՛ըսեն, որ դաշնակները անոնց լծակիցներն են: Բայց ասիկա ուրիշ նիւթ է: Վերադառնա՛նք անձեռնմխելիութեան հարցին:

Յիշեցնեմ. երկար տարիներ նախկին վարչախաւի վստահելի արտաքին գործոց նախարարը ըլլալէ ետք, Վարդան Օսկանեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր ընտրուեցաւ եւ օր մըն ալ սխալեցաւ ու քննադատեց օրուան իշխանութիւններու քաղաքականութիւնը:

Շատ արագ թղթածրարներ մէջտեղ ելան, եւ Ազգային ժողովը գումարեց յատուկ նիստ` վերցնելու համար անոր անձեռնմխելիութիւնը:

Վահան Յովհաննիսեան

ՀՅ Դաշնակցութեան անունով օրին պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան 1 հոկտեմբեր 2012-ի նիստին այս կեցուածքը փոխանցեց հանրապետական մեծամասնութեան, որուն գործակիցը  ըլլալու ամբաստանութիւնը կ՛ուղղուի այսօր:

Այսօր հանրապետականները չկան, եւ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը զանոնք տապալած փաշինեանականներն են: Տարբերութիւնը այսքան է:

2012-էն այսօր միայն անունները փոխուած են: Գործելաձեւը նոյնն է. Կասկածելի խորհրդարանականի թղթածրարին վրայ տարիով կը պառկինք, բայց եթէ օր մը յանդգնի դէմ ելլել իշխանութեան, թղթածրարը կը բացուի:

18 տարիներ ետք միայն անունները փոխուած են, բայց ոճն ու ընթացքը նոյնն են:

Հետեւաբար, Դաշնակցութեան յորդորն ալ նոյնն է. մեր վաղամեռիկ ընկերը ըսաւ հանրապետականներուն. նոյն խրատին պէտք ունին նոյն ընթացքը որդեգրած այսօրուան իշխանաւորները:

Եթէ անձեռնմխելիութիւնը ընդդիմադիր փոքրամասնութեան պաշտպանութիւնն է, որպէսզի ազատօրէն քննադատէ իշխանութիւնը, բայց միեւնոյն ատեն այդ անձեռնմխելիութիւնը իշխող մեծամասնութեան ձեռքն է, ցանկացած պահու կը վերցնէ:

Ուրեմն, եղէ՛ք ազնիւ. վե՛րջ տուէք այս «ֆարս»-ին, խաբկանքի՛ն:

Սահմանադրութեամբ վերցուցէ՛ք անձեռնմխելիութիւնը բոլորէ՛ն:

Դ. Կիրքի Եւ Ատելութեան Մասին

«Դա առաջացնում է նորից ատելութիւն, նորից անջրպետ, եւ մեր հասարակութեան մէջ այդ անջրպետը նոյնիսկ աւելի վատ է, քան առաջ, այսինքն` փոխադարձ անվստահութեան հարցը էնքան է խորացել, որ ոչ ոք չի հաւատում նոյնիսկ անկեղծ հրաւէրին` թէ եկէ՛ք համագործակցենք (…) Քանի էս աղէտալի վիճակից կարող ենք դուրս գալ միայն միասի՛ն աշխատելով»:

Այս խրատը, այս զգուշացումը ՀՅ Դաշնակցութիւնը ուղղեց Հանրապետական կուսակցութեան, նախագահին կառավարութեան եւ խորհրդարանական մեծամասնութեան: Այս զգուշացումը արտասանեց հանգուցեալ ընկեր Վահան Յովհաննիսեան, Ազգային ժողովի 22 մայիս 2013-ի նիստին:

Դաշնակցութիւնը կը հակազդէր իշխանութիւններու շղթայազերծած քարոզչական արշաւին, որ կիրք, ատելութիւն եւ արհամարհանք կը սերմանէր ընդդիմութեան դէմ, ներառեալ` պրն. Փաշինեանը:

Այսօր, աւելի քան երկու տարիէ ի վեր, նոյն Նիկոլ Փաշինեանը, արդէն իշխող ու մեծամասնութիւն, անձամբ, պետական ու քաղաքական գործիչներու եւ լրատուական ու ընկերային ցանցերու միջոցով անընդհատ կիրք, ատելութիւն, անհանդուրժողութիւն կը բորբոքեն իրենց ընդդիմադիրներուն ու քննադատներուն դէմ:

Կարդացէ՛ք կամ դիտեցէ՛ք այդ ելոյթները. այն տպաւորութիւնը պիտի ստանաք, որ խօսքը չի վերաբերիր նոյն ժողովուրդին, նոյն պատմութիւնը, երկիրն ու ճակատագիրը բաժնող ազգի զաւակներու, այլ երկու դարաւոր ոսոխներու, որոնց միջեւ վրէժի եւ ատելութեան կրակը կը մարի միայն մէկուն կամ միւսին ոչնչացումով:

Եթէ ոչ ընդունելի, բայց հասկնալի է, որ ընտրութիւններու ատեն կարգ մը քաղաքական գործիչներ դիմեն «մենք եւ անոնք»-ի յստակ բեւեռացման, ընտրապայքարի ատեն կրքոտ, նոյնիսկ մաղձոտ յայտարարութիւններու: Բայց ներելի չէ շարունակել նոյն ընթացքը, երբ դառնաս իշխանութիւն, եւ պարտաւոր ես հայրական հոգածութեամբ ծառայել ամբողջ երկրիդ եւ ազգիդ բոլոր զաւակներուն անխտիր:

7 տարի առաջ, Դաշնակցութեան անունով մեր ննջեցեալ ընկերը այդ խրատը ուղղեց հանրապետական մեծամասնութեան, ի պաշտպանութիւն ձեզ նման ընդդիմադիրներու, պրն. Փաշինեան:

Այսօր դուք կը գործէք նոյն սխալը, յանցանքը, եւ կը մեղանչէք, միաժամանակ դաշնակները ամբաստանելով իբրեւ հանրապետականներու ուղեկից:

Հարկ չկայ այցելելու ընկեր Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմը. համացանցի վրայ դիտեցէք ՀՅ Դաշնակցութեան խօսնակի այդ ելոյթը:

Հանրապետականին ըսինք եւ Փաշինեանին կ՛ըսենք նոյնը. հայերուն միջեւ անջրպետը մի՛ խորացնէք, որովհետեւ երկիրն ու ժողովուրդը կարելի է փրկել միա՛յն միասին:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.