Այսօր Արցախն է մեր Սարդարապատը

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն` ՍԴՀԿ-ին, ՀՅԴ-ին եւ ՌԱԿ-ին, 19 դեկտեմբերին, Պէյրութի մէջ կայացաւ զօրակցական հաւաք` Արցախի ժողովուրդին հետ: Օրուան պատգամը երեք կուսակցութիւններուն անունով ուղղեց Զաքար Քէշիշեան։ Ստորեւ պատգամը։

Խորհրդային իշխանութեան օրերուն հատուկենտ, տարտամ լուրեր միայն կը ստանայինք Արցախէն: Գիտէինք, որ հայութիւնը այնտեղ կ՛ապրի Ազրպէյճանի «եղբայրական» հոգածութեան տակ, ուր յատուկ աշխատանք կը տարուէր Արցախէն տարագրել հայութիւնը, ուր քաջալերուած չէին հայկական դպրոցներն ու մշակոյթը, ուր հետզհետէ մեծ թափ կը ստանար Արցախի տարբեր շրջաններոն մէջ ազերիներու բնակեցումը: Այլ խօսքով, Արցախէն հայաթափումը անխուսափելի կը թուէր ըլլալ:

Իսկ երբ 1988-ին Լիբանանի հեռատեսիլի կայաններէն տեսանք հոծ բազմութիւնները, որոնք Հայաստանի հետ «Մի՛-ա-՛ցու՛մ» կը վանկարկէին, թունդ-թունդ ելան հայոց սրտերը: Ոգեւորութեան ալիքը հասաւ Երեւան, ուր, ի տարբերութիւն այս օրերուն, մարդաշատ եղան ցոյցերն ու պահանջատիրական հաւաքները, որոնց ընթացքին մեր հայրենակիցները «Ղարաբաղը մե՛րն է, հայը անոր տէ՛րն է» կ՛աղաղակէին: Հայրենի այս համընդհանուր զարթօնքին ի տես` պայքարէն անմասն չմնաց նաեւ սփիւռքը, եւ ամէնուրեք` ամերիկաներէն Քանատա, Միջին Արեւելքէն  Եւրոպա եւ բառացիօրէն ամէն տեղ, ուր հայ կայ, մենք վարակուեցանք հայ իրականութեան մէջ ինքզինք նորոգող մեր նորագոյն զարթօնքին շունչով, ու հայրենիքէն հեռու, մեր քարոզչական պայքարը շղթայազերծեցինք յանուն պատմական արդարութեան` Արցախը Հայաստանին միացնելու արշաւին:

Լիբանանահայութիւնն ալ անմասն չմնաց համահայկական այս պայքարին իր մասնակցութիւնը բերելէն: Նախ հաւաքուեցանք այս սրահին մէջ: Հնչեցին ոգեւորիչ ճառեր, երգուեցան Արցախի մասին այն օրերուն առկայ քանի մը երգերը, տրուեցան Արցախ աշխարհի պատմականօրէն հայեցի պատկանելութեան մասին փաստեր ու իրողութիւններ: Ապա այս սրահին պատերը նեղ եկան` ընդունելու ոգեւորուած լիբանանահայութեան ներկայացուցիչները: Պայքարը փոխադրուեցաւ փողոց: Պուրճ Համուտի հրապարակ հաւաքուեցան բազմահազար լիբանանահայեր` աշակերտներ, ծնողներ, պապիկ-մամիկներ, մտաւորականներ, արհեստաւորներ, կրօնական համայնքներու թէ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ: Արցախահայութեան արդար պահանջը` միանալու մայր Հայաստանին, ամէն հայու բաղձանքն ու առաջնահերթութիւնը եղաւ: Լիբանանեան մամուլն ու հեռատեսիլի կայանները լայնօրէն անդրադարձան այս իրողութեան:

Յետոյ Արցախի մէջ լսուեցան կրակոցներ, արցախահայութիւնը տուաւ նահատակներ, խաղաղ ցոյցերը հետզհետէ վերածուեցան արիւնաքամ պատերազմի:

Հոս` Արցախէն հեռու,  որքան կ՛ուզես «Արցախը մերն է» պոռայ: Ո՛չ ոք քեզի կը սպառնայ, ո՛չ ոք քեզ կ՛արգիլէ, կը ձերբակալէ եւ կը սպաննէ: Այն օրերուն քիչ մը աւելի դժուար կրնար ըլլալ Խորհրդային Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն պարագային, սակայն այնտեղ ալ, դժուարութիւնները մութով ու ցուրտով պայմանաւորուած, տնտեսական ու կենցաղային մակարդակի վրայ մնացին բարեբախտաբար: Դժուարն ու դժնին հիմնականօրէն արցախահայութեան ու Արցախի համար էր, ուր պիտի վճռուէր հայոց նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն փուլին ճակատագիրը:

Սոսկ քաղաքական ու քարոզչական պայքարի լիբանանահայութեան «ոտքերը կարճ էին», տեղ չէին հասցներ, ու հիմնախնդրի լուծման ընթացքին մէջ բերելիք լուման անբաւարար կը մնար: Անմիջապէս կազմուեցաւ «Արցախի օժանդակութեան լիբանանահայ մարմին»-ը, որ աւելի ուշ «Լիբանանի Արցախ ֆոնտ», «ՋԱՀ»  ու, ըստ կարիքի, այլ անուններու  տակ գործի նետուեցաւ հասնելու համար հետզհետէ նոր ծաւալ ու կշիռ ստացող Արցախի պատերազմական զանազան շրջաններու` զինուորական թէ բժշկական կարիքներուն, պատերազմի ամէնէն դաժան պայմաններուն մէջ իսկ թիկունքը ամուր պահող  Արցախի խաղաղ բնակչութեան, յատկապէս աշակերտութեան` գրենական պիտոյքներ նուիրաբերելու, մշակութային կեանքը ամրապնդող միջոցներ տրամադրելու, իսկ հուսկ ապա, արդէն յաղթանակած խաղաղութեան պայմաններուն` ազատագրուած շրջաններուն մէջ վերաբնակող ընտանիքներու նիւթաբարոյական կեցութեան սատարող այլ ծրագիրներ կազմակերպելու եւ իրագործելու: Իսկ երբ հնչեց կենաց մահու ժամը, լիբանանահայութիւնը չզլացաւ իր ընտիր որդիներու արիւնն իսկ միացնել հայրենի արի այրերու արեան` ի խնդիր Շուշիի թէ հայրենի այլ եզերքներու ազատագրութեան ու ապահովութեան:

Յար եւ նման` սփիւռքահայ այլ գաղութներուն, արցախեան պայքարի արշալոյսէն իսկ սկսեալ, լիբանանահայութիւնը իր ջանքերը պատուով, բծախնդրութեամբ ու գիտակից նուիրումով միացուց Հայաստանի եւ Արցախի պետութեան ու ժողովուրդի` նախ ցաք ու ցրիւ, ապա հետզհետէ կազմակերպ ու հուժկու պայքարին, որուն առիթով հայ իրականութեան մէջ շրջանառութիւն մէջ մտաւ  կենսահաստատ նոր եզր մը` հայկական եռամիասնութիւն եզրը, որուն հաւաքական ուժը կերտեց մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն ընտիր էջերը: Մենք յաղթեցինք` ազատագրելով հայրենի տարածքներ ու սկսանք զարգացնել մեր կեանքն այնտեղ:

Պատերազմը յաղթելէ ետք, խաղաղութիւնն ալ  յաղթել չկարողացանք սակայն: Մեր հայրենասիրութեան ու խելահասութեան հաւաքական մակարդակը չբաւարարեց ո՛չ միայն պահել պահպանելու ծով արեամբ ձեռք բերուածը, այլ նաեւ կորսնցուցինք շատ աւելին: Տուինք բազմահազար նահատակներ, կորսնցուցինք Լիբանանի չափ հայրենիք, գլխիկոր մնացինք միջազգային հանրութեան առջեւ, մնացինք միայնակ ու մոլոր:

Ցարդ չենք սթափած: Մինչ ժամանակը կը թաւալի, անաւարտ պատերազմը կը շարունակուի, ու փոքրացած Արցախի աւելի քան 120 հազար հայրենակիցներ այսօր արդէն շաբաթէ մը ի վեր կը մնան արգելափակուած անհեթեթ պատճառաբանութեամբ: Միջազգային ընտանիքը լուռ է ու մեղսակից: Թշնամին ամէն միջոցի կը դիմէ բարոյալքելու արցախահայութիւնն ու զանոնք մղելու հայրենաթափութեան: Թշնամին կը կարծէ, թէ երկար ժամանակի վրայ պիտի կարողանայ իրագործել իր փայփայած` «Արցախն առանց հայու» ծրագիրը: Մարտահրաւէրը մեծ է ընդհանրապէս հայութեան եւ մասնաւորապէս` արցախահայութեան համար:

Արցախեան անդրանիկ պատերազմը յաղթանակած արցախցին այսօր կու գայ անգամ մը եւս յայտարարելու ու հաւաստելու, որ ի՛նքն է տէրը իր տան, իր հողին ու ջուրին: Ինք երթալու այլ տեղ չունի: Արցախի մէջ են իր պապերուն գերեզմանները, հինաւուրց վանքերն ու կոթողները, իր բարբառին ակն ու առուները, իր երազներն ու յիշատակները, իր նահատակ որդիներուն պատիւն ու անմահութիւնը, իր նորածիններու ճիչն ու ժպիտը:

Արցախահայութիւնը այսօր կրկին կ՛ապրի կեանքի տխուր, անորոշ ու վտանգաւոր նոր փուլ մը: Այս փուլը ան այսօր կ՛ապրի նաեւ իմ ու ձեր փոխարէն, որովհետեւ Արցախը` իբրեւ հող հայրենի, միայն արցախահայութեանը չէ, այլ նաեւ համայն հայութեանն է, եւ համայն հայութիւնը հոն ունի ո՛չ միայն տանտիրոջ իրաւունքներ ու բարիքներ, այլ նաեւ` նոյնքան պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ: Արցախը միայն զբօսավայր չէ ու չի՛ կրնար ըլլալ հայրենական արժէքներով սնանած ու դաստիարակուած հայրենակարօտ սփիւռքահայութեան համար: Վերջին պատերազմը վկան եղաւ այս իրողութեան, որովհետեւ մենք կրկին համախմբուեցանք` մեր նիւթաբարոյական ու կազմակերպական ամբողջ կարողականութիւնը ներդրելու յանուն Արցախով նուիրականացած մեր արժեհամակարգին: Այսօր ալ, հակառակ լիբանանեան քաղաքատնտեսական վատթար կացութեան, ահաւասիկ, հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու միասնական պատկերով, լիբանանահայութիւնը, անցեալին նման,  կրկի՛ն պատրաստ է շարունակելու իր պայքարը յանուն Արցախի ու արցախահայութեան արդար դատին: Մեր նուիրումին անսահմանութիւնը դեռ մօտիկ անցեալին կենդանի գործով ապացուցած է:

Այս պայթունավտանգ ու ճակատագրական օրերուն սակայն, երբ անհրաժեշտ է իւրաքանչիւր հայու զգօն ու գիտակից կեցուածքն ու ամէն հայ անհատի բոլորանուէր մասնակցութիւնը, ինչո՞վ բացատրել վերջին պատերազմին հազարաւոր նահատակներ տուած Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն ակնառու անտարբերութիւնը` շրջափակուած ու հիւծուող Արցախին ու արցախցիին ճակատագիրին նկատմամբ: Ապազգային այդ ո՞ր լծակներն են, որոնք կարողացան 1988-ի միահամուռ ու արցախակեդրոն մեր մտածողութիւնը ջլատել ու փոխարէնը` կենցաղային մտածողութիւն սերմանել:

Տասնեակ մը տարիներ առաջ ո՞վ կը մտածէր, որ օր մը արցախեան հիմնախնդիրը հայրենի մեծաթիւ հայորդիներու համար ծանր բեռ մը կրնար նկատուիլ` ի դէմ հանգիստ ու կուշտ ապրելուն: Ո՞վ կրցաւ մեր հայրենի բնակչութեան զգալի մասը վերածել այնպիսին, որ մանկական Եւրոտեսիլն ու ֆութպոլը գերակայ հետաքրքրութեան ու քննարկումի նիւթ ըլլայ մեր հայրենիքի արցախեան հատուածին ու իր ժողովուրդին համար վճռորոշ ու վտանգաւոր այս պահուն…

Անցնող պատերազմին արցախցին մինակ չէր: Ան իր ամէնօրեայ դաժան պայքարին մէջ կը զգար, որ առանց տարակուսանքի ու վերապահութեան` իր կողքին էր ամբողջ Հայաստանն ու սփիւռքը: Այսօր, սակայն, Արցախի բնակչութեան կարեւոր մէկ հատուածին մօտ կը պակսի այս կենարար վստահութիւնը: Պատերազմէն առաջ Շուշիի եւ Ստեփանակերտ մայրաքաղաքի փողոցները լի էին սփիւռքահայերով ու հայաստանցիներով: Անձնապէս կը վկայեմ սակայն, որ անցնող երկու տարիներուն, յուլիս, օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն, երբ յետպատերազմեան Արցախի մէջ այնքան անհրաժեշտ էր մեր ամէնօրեայ կուռ ներկայութիւնը, անբաւարար եղաւ մեր երթեւեկը այնտեղ:

Եթէ սփիւռքահայերու պարագային կային անձնագրային դժուարութիւններով, ապա ինչպէ՞ս բացատրել Հայաստանի մեր հայրենակիցներուն բացակայութիւնը Արցախէն: Այս փաստը, արցախահայութեան պէս, թշնամին ալ լաւ գիտէ: Նախորդ պատերազմի արհաւիրքը արցախցին կրցաւ յաղթահարել ու մնալ անպարտելի, որովհետեւ գիտէր, որ կը կռուէր նաեւ բոլորիս փոխարէն, սակայն ինք միայնակ չէր:

Պատերազմը դեռ չէ աւարտած, ու  թշնամիին ձեռագիրը նոյնն է: Քաղաքական ու բարոյահոգեբանական այս դժուարին օրերուն կա՛մ անյապաղ կը զգաստանանք, դուրս կու գանք անկարի ու պարտեալի ընկճախտէն, կը համախմբուինք ազգային առողջ ու ձեռնհաս ուժերու շուրջ ու վերագտնելով մեր ազգային ու ոգեղէն երբեմնի գիտակցութիւնն ու արժանապատուութիւնը` կը շտկենք մեր մէջքը ու կը գտնենք համագործակցութեան եզրեր միասնական պայքարի, եւ կա՛մ ալ այս ընթացքով յիրաւի կը թերթենք մեր պատմութեան վերջին էջն ու մեր մասին ալ, այլազգիներ, այնպէս` ինչպէս  Ասորեստաններու  պարագային, կը սերտեն ընդհանուր ազգաց պատմութեան դասագիրքերէն:

Այսօր Արցախն է մեր Սարդարապատը:

Արցախի միակ շնչափողը հանդիսացող Բերձորի (Լաչինի) միջանցքը փակուած է Ազրպէյճանի կողմէ: Ազերիները իրենց վերահսկողութեան տակ պատանդ կը պահեն 120.000 մարդ արարած, որոնք  կը զրկուին ելեկտրականութեան, կազի, պենզինի, դեղորայքի, սնունդի եւ  կենսական այլ անհրաժեշտութիւններէ: Սովի ու ցրտահարութեան տագնապը դամոկլեան սուրի պէս կախուած է անոնց վրայ: Անոնք կը մղեն բարոյահոգեբանական բարդ տագնապ: Ճանչնալով զիրենք` վստահ եմ, որ կենցաղայինն դժուարութիւնները չեն, որ կը մտահոգեն զիրենք: Վստահ եմ , որովհետեւ արցախցին ասկէ շատ աւելի բարդ եւ վտանգաւոր տագնապներէ պատուով դուրս եկած է: Ի հեճուկս այս բոլորին` անոնց մեծամասնութիւնը պիտի մնայ ու պայքարի իր ու մեր բոլորիս արդար իրաւունքներուն համար: Իսկ մենք` իբրեւ լիբանանահայեր, եւ ամէն տեղ ուր հայ կայ, մեզմէ իւրաքանչիւրը պատրաստ ու յանձնառու պիտի մնայ Արցախի ու արցախահայութեան կեանքին մէջ լուսաւորող մոմ մը անձնապէս ի՛նք վառելու, մանկան դէմքին ժպիտ մը անձնապէս  ի՛նք ուրուագծելու, կաթիլ մը արցունք ի՛նք չորցնելու, շինարար քար մը ի՛նք տեղադրելու, որպէսզի ի զուր վատնուած չըլլայ մեր սիրասուն որդիներու թափած ծով արիւնը, ի չիք չդառնայ երեսուն տարիներու դաժան ու ամրակուռ պայքարը, անմխիթար չմնայ մեր աղջիկներուն ու հարսներուն, ինչպէս նաեւ որդեկորոյս մայրերուն ու հայրերուն սուգն ու տառապանքը, անիմաստ չդառնան նախորդ պատերազմին ձեռք բերուած յաղթանակները, հանգանակուած հսկայական գումարները, հայրենակերտ մեր ջանքն ու քրտինքը:

Ահաւասիկ այս գիտակցութեամբ է, որ այսօր հաւաքուած ենք այստեղ` մեր անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնելու արցախցի մեր անկոտրում քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

19 դեկտեմբեր 2022, Պուրճ Համուտ

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.