Ակնարկ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՔՈՉԱՐԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ

Կարօ Արմենեան

Պէտք է շնորհաւորել Երկիր Մեդիան Նախ. Քոչարեանին բեմ հայթայթելու իր կարևոր նախաձեռնութեան համար։

Անկախ այն բանէն, թէ ի՞նչ են արժանիքները Դատախազութեան կողմէ Նախ. Քոչարեանի դէմ ներկայացուած ամբաստանագրին, մէկ բան յստակ է և աններելի։ Կարելի չէ քաղաքացին զրկել ՀՀ Սահմանադրութեան կողմէ երաշխաւորուած խօսքի իր իրաւունքէն։ Եթէ խուլիգաններու հաւաքածոյ մը այդ քայլին կը դիմէ բռնաբարելով Սահմանադրութիւնը և — անպատի՛ժ — ոտնակոխելով անհատ քաղաքացիին իրաւունքները, կը նշանակէ, թէ այս իշխանութիւնը սկսած է կորսնցնել կառավարելու իր կարողութիւնը։ Բա՛ն մը՝ որ բացարձակապէս անթոյլատրելի է Նոր Հայաստան կերտելու ձգտող որևէ իշխանութեան համար։ Նախկին Նախագահը իրաւունք ունի խօսելու հանրութեան հետ և վե՛րջ։ Եւ իր մամլոյ ասուլիսի բռնի արգիլումը բացէ ի բաց կը վարկաբեկէ հանրային կարգի պահպանութիւնը ստանձնած այսօրուան իշխանութիւնը։

Եւ կը պարզուի, որ Երկիր Մեդիայի կողմէ հեռասփռուած հարցազրոյցը մտածելու հսկայ պաշար կը հայթայթէ քաղաքացիական դաշտին։ Պր. Քոչարեան որոշած է մտնել քաղաքական բեմ և հանրութիւնը սուր կարիքը ունի վաղուան քաղաքական բեմի գնահատականը տալու։ Կարիքը ունի լսելու նախկին Նախագահը Վարչապետ Փաշինեանի հետ հաւասար դիրքերէ և իր անկախ եզրակացութիւնը հանելու։ Այն ինչ, որ տեղի կ՚ունենայ այսօր շատ հեռու է Ժան Ժաք Ռուսոյի «Ընկերային Պայմանագրի» սկզբունքներէն, որոնցմէ ենթադրաբար իր ներշնչումը կը յաւակնի քաղել Վարչապետ Փաշինեանի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» Կուսակցութիւնը։

Բոլոր փաստերը ցոյց կու տան, որ Քոչարեանի համակարգը սերտօրէն ընդելուզուած է երկրին մէջ ամրացած մենաշնորհային համակարգին, որուն թղթածրարը դեռ չէ բացուած ներկայ իշխանութեան կողմէ։ Այն օրը, երբ իշխանութիւնը անկեղծօրէն և խիզախօրէն և գիտակ դիրքերէ կը ձեռնարկէ մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման գործին և այդ համատեքստով կը քննուի նաև Քոչարեանի կապը այդ համակարգին հետ (առանց քաղաքական հաշուեյարդարի), բնականաբար մեր խոշորացոյցին տակ պիտի բերուի այդ ամէնը։ Այսօրուան քննարկումը դժբախտաբար կապ չունի մենաշնորհային համակարգի լուծարման հետ։ Այսօր քաղաքացիի անօտարելի իրաւունքներն են խնդրոյ առարկայ և կառավարութեան վիճակացո՛յցը այդ մարզին մէջ։ Հանրութիւնը չի կրնար ընդունիլ և հանդուրժել այդպիսի զանցառութիւնը յատկապէս այս իշխանութեան կողմէ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.