Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Պուէնոս Այրեսի Սան Անտրես համալսարանի միջազգային յարաբերութիւնների փրոֆեսէօր Խաչիկ Տեր Ղուկասյանի ելույթը ՀայաստանՍփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովի ժամանակ

Մինչեւ 2009-2010, Լատինական Ամերիկայի մէջ հակահայ արշաւը գրեթէ բացառապէս թրքական դիւանագիտութեան նախաձեռնութիւնն էր եւ կեդրոնացած Ցեղասպանութեան ժխտումի ջանքերուն վրայ: Այդ արշաւը, որ առաջ կը տարուէր մասնաւորաբար Հարաւային Ամերիկայի հայաշատ երեք համայնքներու երկիրներու՝ Արգենտինա, Ուրուկուայ եւ Պրազիլ քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակներու եւ հանրային կարծիքին ուղղութեամբ, չյաջողեցաւ:

Երեք երկիրներու հայ համայնքները դեռեւս Ցեղասպանութեան 50րդ տարելիցէն, բայց մասնաւորաբար 1980ական թուականներուն ժողովրդավար կարգերու վերահաստատումով, ոչ միայն քաղաքական կազմակերպ աշխուժութեան փաստը տուած էին այլեւ արձանագրած նշանակալից յառաջընթաց սկսեալ 1965ին իսկ Ուրուկուայի Խորհրդարանի հայանպաստ բանաձեւէն որ կոչ կ’ուղղէր Սեւրի Դաշնագրի փաստաթուղթի հիման վրայ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերահաստատման, որպէս հիմնաւորում ունենալով Ցեղասպանութեան զոհ գացած ժողովուրդի իրողութիւնը: Հետագային, եւ ի դէմս անցնող երեսնամեակին Հայ Դատի աշխատանքներու իրերայաջորդ յաջողութիւններուն նշեալ երեք երկիրներուն բայց նաեւ ստուար թիւով հայկական համայնքներու ունեցող Վենեզուելայի, Մեքսիքոյի եւ եւ նոյնիսկ հայ համայնք չունեցող Պոլիվիայի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան դիւանագիտական արշաւի ձախողութիւնը քիչ կասկածի առիթ տուաւ:

Այդուհանդերձ, տարիներու ընթացքին թրքական ժխտողականութեան դիւանագիտական արշաւը ստեղծած էր իրեն յատուկ մեխանիզմն ու աշխատաձեւը, եւ վերածուած հակահայ պայքարի ռազմավարութեան բնորդի մը: Ընդ որում, թրքական ազդեցիկ համայնքներու բացակայութեան հայկական աշխուժութեան հակակշիռ հաստատելու ռազմավարութիւնը ուղղուեցաւ նախ եւ առաջ միջ-պետական համագործակցութեան եւ փոխ-շահաւէտութեան ներկայի ու ապագայ հեռանկարներու շեշտադրման որպէս թէ անցողակիօրէն հայկական այսպէս կոչուած «լոպպի»ին «արգելք»ը յուշելով: Ապա, օրէնսդիր իշխանութեան ոլորտին ինչպէս նաեւ լրագրողներու շրջանակին մէջ փրօ-թրքական տեսակէտներու պաշտպանութեան եւ տարածման ազդեցութիւն բառացիօրէն գնելու:

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը, որ արդէն գրեթէ տասնամեայ փորձառութիւն կուտակած է, կառուցուեցաւ թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ՝ որդեգրելով անոր աշխատանքային մեթոտը եւ ստեղծած կապերը: Բայց ազրպէյճանական հակահայ արշաւը իր կշռոյթով, մասշտաբով եւ նոյնիսկ հետեւողականութեամբ կարելի ըսել որ գերազանցեց թրքական ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը: Այնքան մը որ այսօր Լատինական Ամերիկայի մէջ հակահայ արշաւին յառաջապահը Ազրպէյճանն է եւ ոչ այնքան Թուրքիան: Դերերու այս փոփոխութիւնը կը բացատրուի անով որ մինչ թրքական ժխտողականութիւնը պայքար էր սփիւռքեան զօրաշարժի դէմ եւ գոնէ անմիջականօրէն առընչակից չէր միջ-պետական շահերուն, Ազրպէյճանը, ընդհակառակը, հակահայ պայքարը տեղադրեց միջ-պետական շահերու ոլորտին մէջ եւ անդրադարձաւ որ Սփիւռքի մէջ հակահայ դիւանագիտական արշաւը այդ պայքարի բաղադրիչ հիմնական մէկ մասնիկն է: Աւելի՛ն, մինչ Թուրքիա կրնար Ցեղասպանութեան եւ սահմանը բանալու հեռանկարով փորձել ճեղք փնտռել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ, Ազրպէյճան քաջ գիտակից էր որ Արցախի հարցով նման ճեղք չկար եւ չէր կրնար ստեղծուիլ դիւանագիտական ջանքերով:
Հակառակ որ հայկական դիւանագիտութիւնը Հարաւային Ամերիկայի մէջ անկախութեան առաջին տարիներէն սկսեալ ներկայութիւն եղած է եւ այդ մէկը, գումարած արցախեան շարժման առաջին օրերուն Արգենտինայի թէ Ուրուկուայի մէջ հայանպաստ կարեւոր բանաձեւումներու քաղաքական շրջանակներու մէջ, Հայաստանին մեծ առաւելութիւն կու տար, Ազրպէյճան շատ պատրաստուած եւ, մանաւանդ, ռազմավարական յստակ առաջադրանքով սկսաւ իր դիւանագիտական գործընթացը եւ շատ կարճ ժամանակի, հազիւ ամիսներու, ընթացքին արձանագրեց կարեւոր յառաջխաղաց:

Թերեւս միայն զուգադիպութեան արդիւնք ըլլայ այն որ Ազրպէյճան Հարաւային Ամերիկայի մէջ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն ստեղծեց 2010ին, այն տարին երբ արգենտինեան համայնքի զօրաշարժը յանգած էր Պուէնոս Այրէսի մէջ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման սադրանքի ձախողման: Հետեւանքով ոչ միայն Էրտողան ջնջեց իր ծրագրած այցելութիւնը այլ թուրք դեսպանը տուն կանչուեցաւ եւ յաջորդ տարիներուն դեսպանատան գործունէութիւնը նուազագոյնի իջաւ: Զուգադիպութիւն չէ’ սակայն Պաքուի որոշումը՝ իր առաջին դեսպանատունը բանալու Պուէնոս Այրէսի մէջ ուր կայ ամենէն աւելի բազմաշատ եւ քաղաքականապէս աշխոյժ հայկական համայնք մը: Օրուայ դեսպանին իսկ վկայութեամբ նպատակը հայկական համայնքի քաղաքական զօրաշարժին հակակշռի ստեղծումն էր:

Այս մէկը չի նշանակեր սակայն որ Ազրպէյճանի դիւանագիտութիւնը կը բաւարուէր նման երեւութապէս անցողակի նպատակով: Ոչ ալ որ պիտի կեդրոնանար միայն հայաշատ համայնք ունեցող երկիրներուն վրայ: Ընդհակառակը, շուտով երեւան ելաւ որ ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան յարձակողական բնոյթ տալու եկած էր: Այսինքն, եթէ միջ-պետական շահերու ոլորտին մէջ հիմնականը կը մնար Արցախը, նոյնքան կարեւոր եւ արցախեան հիմնախնդրին խիստ առընչակից էր Ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը: Ընդ որում իր հակահայ արշաւին մէջ Ազրպէյճան ոչ միայն կը ժխտէ ցեղասպանական փաստը այլ Խոջալուն ներկայացնելով որպէս «ցեղասպանութիւն» հայութիւնը կը դնէ դահիճի դերին մէջ… Առաւել, մինչ թէքական ժխտողականութիւնը ընդհանրապէս անտեսած էր Լատինական Ամերիկայի այն երկիրները ուր հայկական համայնք չկայ, Ազրպէյճան, ընդհակառահը նոյն այդ երկիրներու ուղղութեամբ է որ յատուկ աշխատանք կը տանէ:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը առաջին օրէն իսկ հետեւելու սկսաւ ազրպէյճանական յառաջընթացին եւ արձանագրած է ամէն նախաձեռնութիւնները որ Պաքու առած է Մեքսիքոյէն մինչեւ Արգենտինա: Մեր հաւաքագրած փաստերը քիչ կասկած կը ձգեն Ազրպէյճանի դիւանագիտութեան հետապնդած հիմնական եւ անմիջական նպատակին մասին որն է՝ Արցախեան հիմնախնդիրը Մինսքի Խումբի ծիրէն դուրս բերել եւ ՄԱԿի մէջ արծարծել: Գիտակից հարաւամերիկեան երկիրներու պատմական յանձնառութեան Միջազգային Օրէնքի պահպանման, Պաքու առիթ չի փախցներ ՄԱԿի ծիրին մէջ համագործակցութեան եզրեր փնտռելու: Միաժամանակ, սակայն, ազրպէյճանական դիւանագիտութիւնը կ’աշխատի ոչ միայն ամրապնդել թրքական ժխտողականութիւնը այլ անոր տալ շատ աւելի ակրեսիւ բնոյթ՝ զոհը ներկայացնելով որպէս դահիճ: Ինչ որ կասկած պէտք չէ ձգէ որ Արցախէն անդին փանթրքականութեան աւելի համապարփակ նպատակը այսօր աւելի քան ներկայ է որպէս հայութեան գոյութենական գերագոյն սպառնալիք:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.