Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւնը 2020-ին կը նախատեսէ հիմնել ուսումնական կեդրոն

Յունիսի 5-ին Ազգային Ժողովին մէջ կայացած ճեպազրոյցի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան (ԱԱԾ) պետ Արթուր Վանեցեանը յայտնած է, որ 2020-ին կը նախատեսեն ստեղծել ԱԱԾ աշխատակիցներու համար ուսումնական կեդրոն:

ԱԱԾ պետը նշած է, որ այդ ուղղութեամբ կայ յստակ ծրագիր, որոշուած է նաև տեղի հարցը: Ըստ Վանեցեանի՝ ուսումնական կեդրոնի ենթակառուցուածքներու համար միայն անհրաժեշտ է շուրջ 2 միլիառ դրամ: Այդ կապակցութեամբ ԱԱԾ պետը դիմած է Ազգային ժողովին և ֆինանսներու նախարարութեան:

Կեդորին մէջ կը նախատեսուի կազմակերպել հնգամմեայ բարձրագոյն կրթութիւն երիտասարդներու համար, սահմանապահ զօրքերու ծառայողներու ուսուցում Հայաստանի մէջ՝ արտասահման մեկնելու փոխարէն, ինչպէս նաև հետախուզութեան աշխատակիցներու համար վերապատրաստում:

Կը նախատեսուի ստեղծել նաև յատուկ նշանակութեան ջոկատայիններու ռազմական ուսումնական կեդրոն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.