Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան Պահեստազօրի Սպաներու Միութեան Ներկայացուցիչները Հանդիպում Ունեցան Իշխան Սաղաթէլեանի Հետ

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պահեստազօրի սպաներու միութիւն հասարակական կազմակերպութեան համահիմնադիրներ Հրանդ Եպիսկոպոսեանը, Վրէժ Արզումանեանը եւ Միքայէլ Համբարձումեանը հանդիպում ունեցան Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի հետ:

Քննարկուեցան երկրի ապահովութեան, շրջանային մարտահրաւէրներուն դիմակայելու, երկրին մէջ առկայ լարուած բարոյահոգեբանական մթնոլորտը կարգաւորելու, սփիւռքի ներուժը արդիւնաւէտօրէն օգտագործելու առնչուող հարցեր:

Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեանի հետ հանդիպումը Հայաստանի ու Արցախի Հանրապետութիւններու նախկին ու գործող ղեկավարներուն հետ նախատեսուած հանդիպումներու շարքին մաս կը կազմէ:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.