Ռուսահայ մը հնարած է երկակենցաղ փոխադրակառք մը


«Շերփ» ինքնաշարժը ստեղծուած է հայազգի Ալեքսէյ Կարակաշեանի կողմէ եւ կրնայ քարքարոտ, ճահճոտ, ձիւնածածկ եւ ջուրով ողողուած ճամբաներէ անցնիլ։

Ալեքսէյ Կակարաշեանին ստեղծած ինքնաշարժը կ՚արժէ շուրջ 50 հազար ամերիկեան տոլար։

Կարակաշեան «Շերփ»-ի նախատիպը սկսած է կառուցել 2012-ին եւ աշխատանքի աւարտին, Օգոստոս 2015-ին զայն ներկայացուցած է Մոսկուայի Օֆ Ռոտի ցուցահանդէսին։

3,5 մեթր երկարութեամբ, 2,52 մեթր լայնքով եւ 2,3 մեթր բարձրութեան ինքնաշարժը կը կշռէ 1300 քիլոկրամ։ Անոր անիւներուն տրամագիծն է 1,6 մեթր, իսկ լայնքը 60 սանթիմեթր, ինչ որ զայն կարող կը դարձնէ մէկ մեթր բարձրութեամբ որեւէ արգելք յաղթահարելու։

Չոր ցամաքի վրայ անոր առաւելագոյն արագութիւնն է ժամական 45 քիլոմեթր, իսկ ջուրի վրայ՝ ժամական 6 քիլոմեթր։

Ինքնաշարժին հիմնական տիպը կ՚արժէ 3,85 միլիոն ռուբլի (49,200 ամերիկեան տոլար) եւ օժտուած է 44,3 ձի, 1,5 լիթրնոց եւ չոր սիլինտըր մազութի շարժակով։

«Շերփ»-ի վարորդները քնանալու համար երեք քառակուսի մեթր տարածութիւն մը ունին եւ անկողինին տակ 730 լիթր պահեստի տեղ։

«Հորիզոն»ի Մոնթրէալի աշխատակից Լիլիթ Մարտիրոսեան հեռակայ նամակագրութեամբ կապուեցաւ հայ երկրաչափ Ալեքսէյ Կակարաշեանի հետ, որ հաստատեց թէ իր մայրը Լէոնորա Կակարաշեան հայ է, իսկ մեծ հօր անունը Վահրամ Կակարաշեան է։

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.