Անկախութեան Հռչակագիրը, անոր վերիմաստաւորումը, եւ միւս հռչակագրերը (շար. 3 եւ վերջ)

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Կայ նաեւ անկախութեան այլ հռչակագիր մը, որ տակաւին չէ հռչակուած։ «Հերետիկոս մտածում» մըն է, ինչպէս գաղափարը առաջ մղող Վահէ Օշական յստակացուցած է իր «Փորձ Սփիւռքի մասին — հերետիկոս մտածումներ» յօդուածի (Ասպարէզ, 3 յուլիս 1987) խորագրով։ Հոն բառացիօրէն գրուած է. «Սփիւռքն ու Սփիւռքցին պէտք է որ ժամանակաւոր անկախութիւն հռչակեն Հայրենիքի կախարդանքէն, եթէ կ՛ուզեն իրենց բուն ինքնութեան հասնիլ»։ Եւ ասիկա՝ Հայաստանի անկախութենէն դեռ շատ առաջ։ Ատիկա Հայաստանի անկախութեան ժխտում չէր, այլ՝ Սփիւռքի ինքնուրոյն ինքնութեան հաստատում։ Սփիւռքը, առանց պետական որեւէ ներդրումի կամ անոր անհրաժեշտութեան, իր իսկ գոյութեան ու ինքնութեան մասին կը մտածէր արդէն անցեալ դարու վաթսունական թուականներու երկրորդ կէսէն, երբ Արեւմտահայութիւնը վերապրելու, վերակազմակերպուելու եւ քաղաքական ինքնագիտակցութիւն ձեռք բերելու յիսուն տարուան փորձ ու գիտելիք կուտակած էր։ Օշականի նման մտաւորականներու ամբողջ սերունդ մը այդ փորձին տուաւ տեսական ամրութիւն, գեղարուեստական ու ստեղծագործական սլացք եւ հաւաքական նոր տեսլական մը բանաձեւելու հարուստ բովանդակութիւն։ Անհրաժեշտ էր այդ ամբողջը, բառին ամենալայն իմաստով, քաղաքական օրակարգի վերածել։ Այդ մէկը չեղաւ։

Անկախութենէն յետոյ Սփիւռքի օրակարգը չյաջողեցաւ այնքան ինքնուրոյն դառնալ, որ կարենար արհամարհել ե՛ւ սփիւռքահայերու երեսին նետուած «օտարազգի» որակումը, ե՛ւ բովանդակազուրկ կարգախօսաբանութիւնը, ե՛ւ մանաւանդ ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ Սփիւռքի նսեմացումն ու ուրացումը՝ արտայայտուած անոնց ներկայացուցիչներու խօսոյթով եւ փողոցային լկտիութեամբ։

«Սփիւռքցի» ինքնութիւնը, Սփիւռքի՝ որպէս «վայր՝ ուր ըլլալ» ընկալումը, Սփիւռքի մէջ ինքզինք հարազատ զգալը լոկ յայտարարութիւններ չեն, այլ՝ հետազօտութիւններու, հասարակագիտական աննախընթաց նախաձեռնութիւններու եւ ստեղծագործական հսկայ ժառանգի մը շարունակութեան կենդանի վկայութիւն։

Սփիւռքին համար թերեւս հարկ չկայ իր անկախութեան հռչակագիրը ունենալու, բայց կենսական դարձած է օրակարգ մը, ուր Սփիւռքի մասին մտածուի որպէս ինքնուրոյն լինելութիւն եւ ոչ թէ հայրենիքին համար «յաւելեալ արժէք»։ Ոչ՝ որպէս լոկ «ռեսուրս», ոչ ալ՝ որպէս հայաստանեան ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան «իմիտացիա» եւ ինքնախաբէութիւն։ Առանց «Սփիւռքը ինքնանպատակ չէ» կարգախօսային ուրուականներուն, ոչ ալ՝ հայրենիքին հետ «գործընկերութեան» անուրջին։

Առանց հայրենիքը մոռնալու, բայց իրողականօրէն հայաստանեան քաղաքականութենէն ապազուգորդուած օրակարգով մը, ուր առաջնահերթութիւնները տարբեր են, անկախ պետութեան՝ Սփիւռքին տուածը կամ տալիքը՝ հարցադրելի, իսկ Սփիւռքի մասնակցութիւնը հայրենիքէն ներս տեղի ունեցող գործընթացներուն՝ քննարկելի։ Աշխատանքի դաշտերը, նպատակները, գործընկերութեան պայմաններն ու տրամադրելի ժամանակը պէտք է ճշդուին այդ ինքնուրոյն օրակարգէն մեկնելով։

Այս վերջին կէտն է, որ ի մասնաւորի Քառասունչորսօրեայ Պատերազմէն յետոյ եւ վերջին ընտրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ Սփիւռքի մէջ սկսած է հանրային քննարկման առարկայ դառնալ։Այդ քննարկումն է որ պիտի բանականացնէ  Սփիւռքեան զօրաշարժը:

(շար. 3 եւ վերջ)