Քեմալ Եալչըն. «Ձեր ցաւը կը համարեմ իմ ցաւս»


Հոկտեմբեր 13-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս թուրք յայտնի գրող Քեմալ Եալչընի` «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» համանուն գիրքի ներկայացման վերաբերեալ:

Բանախօսներն էին`  թուրք գրող Քեմալ Եալչըն, ներկայացման բեմադրիչ Կարինէ Քոչարեան, դերասաններ Յովհաննէս Ոսկերչեան եւ Արթուր Կարապետեան:

Ողջունելով ներկայացման ստեղծագործական խումբը` ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան արժեւորեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս իրականացուող այս ձեռնարկը եւ նշեց. «Հայ հասարակութիւնը շատ երկար է սպասել, որ թուրք մտաւորականները իրենց ձայնը բարձրացնեն եւ դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչը յոյս է արթնացնում, որ թուրք ժողովուրդը մի օր կը ճանաչի ցեղասպանութիւնը եւ կ’առերեսուի սեփական պատմութեան հետ: Այս համատեքստում կարեւոր է Քեմալ Եալչընի դիրքորոշումն ու հասարակական գործունէութիւնը: Վերջինս 18 գիրք է հրատարակել, որից 8-ը նուիրուած է հայերի, յոյների, ասորիների ցեղասպանութեանը: Ողջունում եմ թատերախմբին` այս  ծրագիրը կեանքի կոչելու համար եւ լիայոյս եմ, որ ներկայացումը կը ցուցադրուի տարբեր երկրներում` աշխարհին եւս մէկ անգամ ապացուցելով, որ այսօր արդէն բազմաթիւ թուրք մտաւորականներ սկսել են բարձրաձայն խօսել քսաներորդ դարի առաջին Ցեղասպանութեան մասին»:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրին աջակցելուն համար ներկայացման բեմադրիչ Կարինէ Քոչարեան նշեց. «Մենք շատ  խօսած ենք Ցեղասպանութեան մասին, բայց երբ թուրք գրողը կը խօսի այդ մասին, այն ալ փաստերու լեզուով ատիկա արդէն ձեռքբերում է: Քեմալ Եալչըն անձամբ հանդիպած է ծպտեալ, կրօնափոխ հայերու, Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հետ, որոնք պատմած են այդ տարիներուն եւ ատկէ յետոյ իրենց հանդէպ իրականացուած հալածանքներուն մասին: Քեմալ Եալչընի գիքը հետաքրքրական է եւ բացառիկ անով, որ փաստագրական է եւ չափազանց զգացական: Ներկայացումը առաջին անգամ տեղի  ունեցած է 2015 թ.-ի Յունիսին Նիւ Եորքի մէջ: Թատերգութիւնը ներկայացուեցաւ անգլերէն համաժամանակեայ թարգմանութեամբ, որուն ներկայ էին բազմաթիւ օտարազգի հանդիսատեսներ, որոնք չափազանց տպաւորուած էին»:

Կարինէ Քոչարեան աւելցուց նաեւ, որ Հայաստանի մէջ ներկայացումները  տեղի կ’ունենան Հոկտեմբեր 14-ին, ժամը 19:00-ին Գիւմրիի Վ. Աճեմեանի, Հոկտեմբեր 15-ին, ժամը 19:00-ին` Վանաձորի Հ. Աբէլեանի, Հոկտեմբեր 17-ին, ժամը 19:00-ին` Երեւանի Կ. Ստանիսլաւսկիի անվ. Թատրոններուն մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով  ներկայացման  ողջ անձնակազմին ներդրած մեծ աւանդին համար` թուրք գրող Քեմալ Եալչըն մասնաւորապէս նշեց.« Առաջին անգամ կ’այցելեմ Հայաստան, շատ հպարտ եւ երջանիկ եմ ատոր համար: Արդէն 25 տարի է, որ կը զբաղիմ հայկական հարցով եւ  այդ թեմայով արդէն 5 հազար էջէ աւելի հրապարակում ունիմ, որ կը փաստէ հայ ժողովուրդի կրած ցաւն ու տառապանքը: Ձեր ցաւը կը համարեմ իմ ցաւս եւ ատիկա է պատճառը, որ գիրքը ստացած է «Հոգիս ձեզմով կը խայտայ» անուանումը: Գիրքը հայերէնով առաջին անգամ հրապարակուած է Երեւանի մէջ, իսկ երկրորդ տպագրութիւնը եղած է Երուսաղէմի մէջ»:

Թուրք գրողը վստահութիւն յայտնեց, որ իր գիրքերը եւ այս ներկայացումը քայլ մըն է երկու ժողովուրդներու փոխըմբռման, ճշմարտութեան բացայայտման ճանապարհին:

Բարձր գնահատելով Քեմալ Եալչընի համարձակութիւնը` Արթուր Կարապետեան նշեց. «Երբ, որ հայը կը խօսի իր ցաւին մասին, աշխարհ կարծես կը փակէ իր ականջները, բայց, երբ ոճրագործութիւն գործած ազգի մտաւորականը խօսի, ատիկա արդէն այլ է: Նիւ Եորքի մէջ ներկայ էին տարբեր ազգութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք շատ զարմացած էին եւ յուզուած: Կը կարծեմ, որ հարիւր տարի անց թուրք մտաւորականի ներեղութիւնը կ’ըլլայ առաջին քայլերէն մէկը, որ կը նպաստէ խնդրի լուծման»:

Ասուլիսի աւարտին բանախօսները պատասխանեցին լրագրողներու հարցերուն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.