Ալֆորվիլի մէջ հանդիսաւոր բացում Մեսրոպ Մաշտոցի կիսանդրիին


Ալֆորվի­լի «Փլաս տը լ՚Էօրոփ»ի վրայ գտնուող եւ ամ­բողջո­վին վե­րաձե­ւաւո­րուած զբօ­սայ­գիին մէջ, ուր 100-րդ տարելիցի նշումներու ծի­րէն ներս՝ Մա­յիսին ար­դէն Կա­պոյտ Խա­չի կող­մէ տնկուած էր ծառ մը Ցե­ղաս­պա­նու­թեան զոհ հայ կի­ներու յիշատա­կին, Շա­բաթ, Սեպ­տեմբեր 19-ի առա­ւօտեան ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի կի­սանդրիին պաշ­տօ­նական բացումը, հոծ բազ­մութեան ներկա­յու­թեան:

Արարողութեան կը մասնակցէր Ալ­ֆորվի­լի ծե­րակու­տա­կան-քա­ղաքա­պետ Լիւք Գար­վունաս, պաշ­տօ­նական բազ­մա­թիւ անձնա­ւորու­թիւննե­րու, հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու պա­տաս­խա­նատու­նե­րու կող­քին: Նախ խօսք առաւ կիսանդրիին հե­ղինա­կը՝ար­ձա­նագործ Արիս­տա­կէս Նեվ­շէ­հիր­լեան: Ան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց բո­լոր անոնց, որոնց շնոր­հիւ կա­րելի եղաւ իրա­գոր­ծել այս ծրա­գիրը: Խօս­քը աւար­տեց ըսե­լով, թէ եր­բեք պէտք չէ մոռ­նալ ան­ցեալը, բայց նաեւ հարկ է նա­յիլ դէպի ապա­գայ:

Ապա խօսք առաւ Լիւք Գար­վունաս, որ յի­շելէ ետք թէ իր գլխա­ւորած քա­ղաքը 100ամեակին առ­թիւ 20 ձեռ­նարկ կազ­մա­կեր­պած է կամ առ­նուազն գոր­ծակցած՝ անոնցմէ ոմանց, շեշ­տեց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ող­բերգու­թեան յի­շատա­կը փո­խան­­լու կա­րեւո­րու­թիւնը, անդրա­դար­ձաւ Ալ­ֆորվիլ քա­ղաքի 130րդ տա­րեդար­ձին եւ այդ 130 տա­րինե­րուն մէջ հայ­կա­կան կա­րեւոր նեկայութեան:

Ն.Յ.


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.