Մուսա Լեռ – Ուխտատեղիներ եւ այլ հնավայրեր


Մուսա Լերան Խտըրպէկ գիւղի հաստաբուն եւ դարաւոր սօսիի ծառին շուրջ խմբուած հայեր

Սոնիա Թաշճեան

Houshamadyan

Մուսա Լերան ամենամօտիկ քաղաք Անտիոքը դեռեւս հին ժամանակներէն պատմական անուն մը եղած է. եւ պատահական չէ, որ Մուսա Լերան շրջակայքը կան բազմաթիւ հնավայրեր, որոնցմէ մաս մը նաեւ սրբատեղիներ են, աւերուած վանքեր ու եկեղեցիներ:

Մուսա Լերան ստորոտը` լեռ բարձրացող ամենաբանուկ վայրին մէջ իրարու կողք քանի մը ջրհորներ կան. ժողովուրդը անոնց ջըհիւրնէն (ջրհորներ) կը կոչէ. լայն ու երկար սալաքարի մը հարաւային միջնամասին վրայ կառուցուած են, որպէսզի անձրեւաջուրերը ամբարուին այնտեղ [1]։

Ամենահին գրաւոր արձանագրութիւնը, որ պահպանուած է տարածաշրջանին մէջ, Եօղուն Օլուք գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ խորանի ձախ պատին վրայ գտնուող յիշատակութիւնն է.- «Եօղուն-Օլուքի Սրբ. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է Սիմոն Ա. Սեբաստացի կաթողիկոսի (1633-46) օրով, ի թուին հայոց ՌՁԳ (1084) եւ ի թուին Քրիստոսի 1634-ին: Նորոգուած է ի թուին հայոց ՌՄԿԱ (1261) եւ ի թուին Քրիստոսի 1812»: Կը պատմուի, որ եկեղեցւոյ կառուցման ժամանակ գործածուած են Թովմաս Առաքեալ աւերակ վանքի քանդակազարդ քարերը [2]։

Անտիոք քաղաքէն համայնապատկեր (Աղբիւր՝ Միշէլ Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

Սըրբ Թըմմաս Առագալի (Սուրբ Թովմաս Առաքեալ) աւերակ վանքը կը գտնուի Եօղուն Օլուք գիւղի արեւելեան կողմը, ձորակի մէջ` քանի մը գիւղեր ու Անտիոք քաղաքը իրար կապող ճամբաներու խաչմերուկին վրայ: Խաչվերացի տօնի առիթով այնտեղ կը կազմակերպուի ուխտագնացութիւն. թափօրի առջեւէն կը քալեն երիտասարդները` մատաղցու անասուններով. յետոյ պարմանուհիները ձեռքերնին ռեհանի փունջերով զարդարած պտուղներու զամբիւղներով. անոնց ետեւէն մեծահասակները` թոռներու ձեռքերնէն բռնած. երգ ու պարով, տհոլ-զուռնայով կ’երթան. երբ տեղ կը հասնին, պարմանուհիները աղբիւրէն ջուր կը բերեն, կանայք ցորենը կը մաքրեն ու կը լուան, պապիկները հարիսայի օճախը կը պատրաստեն, մինչեւ որ պատանիները շրջակայ անտառներէն բերեն փայտը: Քահանաները բացօթեայ ժամերգութիւն կ’ընեն, ապա մատաղի անասուններուն կերցնելու աղը կ’օրհնեն, որմէ յետոյ երիտասարդները կը զբաղուին զենելու գործով: Հարիսան դանդաղ կ’եփի, մինչ այդ տունէն բերուած համադամներով ու խմիչքներով սեղան կը բանան. տհոլ-զուռնան խմբապարի կը հրաւիրէ ուխտաւորները. հրացանազարկերն անպակաս են. խաղեր ու մրցութիւներ կը կազմակերպեն: Յաջորդ օր, յաւարտ Սուրբ Պատարագի մատաղօրհնէք կը կատարուի եւ կը բաժնուի հարիսան [3]։

Մուսա Լեռէն բնապատկեր (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Իսկ Արըգլէն (Արեգլի, Արեգնի կամ Արեգի) շինութեան աւերակները կը գտնուին նոյն գիւղէն դէպի հիւսիս, բլրակի մը վրայ: Կանգուն է միայն կամարաձեւ խորան մը եւ յայտնի չէ, թէ այն եղած է հեթանոսական մեհեան մը թէ քրիստոնեայ եկեղեցի մը: Աւերակներու կողքը կան նաեւ 18 ցամքած ջրհորներ, քիչ անդին կայ միայն մէկ ջրալի ջրհոր մը, որուն ջուրը ամրան տապին կը զովացնէ անցորդները [4]։

Գըլգըլուն (գըլգըլան=կարկաչուն) անունով աղբիւր մը կը գտնուի Եօղուն Օլուք գիւղի արեւմտեան կողմը. հսկայ ժայռի մը տակէն բխող ակ մըն է: Քիչ անդին կայ 70 մ. երկայնքով եւ 20 մ. լայնքով սալաքար մը, որ կը կոչուի Աբիղէն Սէուլ (Աբեղային Սալը): Դարձեալ նոյն գիւղի շրջակայքը լերան վրայ կայ քարայր մը` Մաղարէն Տիւնէիւրք (քարայրին տանիքը) անունով, իսկ լերան ստորին հատուածի մասի ժայռերն ունին հետաքրքրական դասաւորուածութիւն, որու պատճառով ժողովուրդը այդ հատուածը կոչած է Արիվէն Բուաշ (արեւին բաշը). հնավայր է նաեւ շրջակայ Սանտիրէն Սըրդը (սանդերուն բլուր) կոչուած բլրակը, ուր անյիշելի ժամանակներէն մնացած սանդերու մնացորդներ կան [5]:

Հարիսայի պատրաստութեան արարողութիւնը Մուսա Լեռի մէջ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Այլ սրբատեղի մըն է նաեւ Սըբըրբութ (Սուրբ Ուրբաթ) կոչուող քարայրը. քարայրի մէջ կան գերեզմանատիպ երկու մեծ բնական քարեր: Ուրբաթ օրերը հայ թէ յոյն-ուղղափառ հաւատացեալներ կու գան աղօթելու եւ մատաղ ընելու: Ըստ ժողովրդական աւանդազրոյցի Թէլէլիոյ քաղաքի Մեծ Պիպորի իշխանի դուստրը` Նանիռան, սիրային կապի մէջ է եղած իրենց հովիւի` Պալլումի հետ. երբ իշխանը իր դստերը կը նշանէ Մեծ Բերդի իշխանին հետ, աղջիկը իր սիրեկանին հետ կը փախի լեռները եւ կ’ապաստանի վերոյիշեալ քարայրի մէջ, ուր կը սպաննուի հօր կողմէ. երկու սիրահարներու հոսող արիւնը հրաշքով աղբիւրի կը վերածուի. որովհետեւ օրը Ուրբաթ էր, քարայրը կը կոչոի Սուրբ Ուրբաթի աղբիւր [6]։

Շրջակայ այլ մոռցուած սրբատեղիներ եղած են Վէնքը (Վանքը) անունով հսկայ շինութեան աւերակները եւ Խիտվուծ Կիղիցէ (նաշխուած եկեղեցի) անունով ժայռափոր ճգնարան-քարայրը, ներսը` քանդակուած խաչ մը եւ փոքր ջրհոր մը [7]։

Թէեւ Վանքն այլեւս որպէս եկեղեցի չի գոյատեւեր, սակայն ունի իր աւանդազրոյցը: Տարիներ առաջ վանքը եղած է ուսումնական կեդրոն, որ ունեցած է նաեւ կոյսերու մենաստան մը. վանքի կենցաղային կարիքները հոգացած է հաւատարիմ ջորեպան Մարիանոսը եւ վայելած բոլորի սէրն ու յարգանքը: Սակայն օր մը վանքին մէջ անախորժութիւն կը պատահի. կոյսերէն մէկը երեխայ կը ծնի. վանականները կը մեղադրեն ջորեպանը ու կ’արտաքսեն անոր երախայի հետ միասին. ջորեպանը վերցնելով երախան կը մեկուսանայ վանքին կից իր տնակին մէջ, որ սակայն հրաշքով մը կը բաժնուի եւ կ’առանձնանայ վանքէն: Տարիներ անց ջորեպանը նեղսրտած իրեն հասցուած վիրաւորանքէն կը հիւանդանայ ու կը մահանայ: Պատանքելէն առաջ, ծէսի համաձայն երբ կը լուան դիակը, կը պարզուի որ ջորեպանը կին եղած է. վանականները յետ մահու անմեղ կը հռչակեն զայն, կ’որդեգրեն երախան ու կը սրբացնեն Մարիանոսը [8]։

1

2

1) Պատարագի մատուցում Մուսա Լերան Պիթիաս գիւղի եկեղեցիէն ներս (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)
2) Մուսա Լերան գիւղերը Անտիոքի միացնող կամուրջը (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Հետաքրքրական այլ հնութիւն մը կայ Վանքի մօտակայքը Տիրէկլի մաղարան (սիւնազարդ քարայր) անունով. քարայրի մէջ ձեռակերտ սիւներ փորուած են, նաեւ նստելու ու պառկելու յարմարանքներ. այն գործածուած է որպէս թաքստոց [9]։

Խտըրպէկ գիւղին մէջ կայ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին, որ կառուցուած է հին եկեղեցիի մը աւերակներուն վրայ. ի տարբերութիւն Մուսա Լերան միւս գիւղերու եկեղեցիներուն, Սուրբ Փրկիչն ունի նաեւ զանգակատուն [10]։

Նշանաւոր է գիւղի պատմական հսկայ սօսին, որուն շրջագիծը շուրջ 94 մեթր է, իսկ բարձրութիւնը` աւելի քան 65-70 մեթր. բունին մէջ սենեակ մը գոյացած է, զոր մերթ ընդ մերթ գործածած են որպէս սրճարան, խանութ, ապա նաեւ ախոռ: Կ’ըսուի թէ ատենօք սովորութիւն եղած է սօսիի փորոքը մոմեր վառել եւ խունկ ծխել. հաւանաբար անյիշելի ժամանակներէն մնացած պաշտամունքային ծէս մը եղած է. այդ առիթով ալ կոչած են Ի Տէր, որմէ առաջացած է գիւղի Իտտէյր անուանումը. (գիւղացիք յաճախ խօսակցականի մէջ Խտըրպէկին Իտտէյր կ’ըսեն): Սօսիի կողքէն կը բխի աղբիւր մը, որ միանալով այլ աղբիւրներու գետակ մը կը կազմէ եւ մինչեւ ծով հասնիլը քանի մը ջրաղացներ կ’աշխատցնէ: Սօսիի տակ կան սրճարաններ, ուր կը հաւաքուին գիւղի տղամարդիկ [11]։

Յովհան Ոսկեբերան վանքի աւերակները Պիթիասի մօտ (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Բիւրդ (բերդ) կը կոչուի Խտըրպէկ գիւղի արեւմտեան կողմի մեծ ձորի վերջաւորութիւնը, ուր ժայռերով բնական պարիսպ մը գոյացած է. քիչ անդին կան Եափա (կերտուած) կոչուող շինութեան մը կիսովին կանգուն աւերակները եւ Պատաստան (պատսպարա՞ն կամ ապաստարա՞ն) կոչուող 50 մ. խորութեամբ եւ 1000 քառ. մետր տարածքով վայրը: Արեւմտեան կողմը կը գտնուի Խընտըրվասքէն Խանկա (աղօթքին ձորակը) բնակավայրը, իր ձեռակերտ վիմափոր քարայրով, զոր ժողովուրդը կը կոչէ Ճըգնավիրէն (ճգնաւորին) պզտիկ քարայրը. քարայրի մուտքը կամարաձեւ է, ներսը իրար դիմաց կան երկու վիմափոր մահճակալներ: Նոյն ձորակին մէջ կայ նաեւ ձեռակերտ հոր մը` Խընտըրվասքէն Հիրա (աղօթքին հորիկը) անունով, որու ջուրը կը լեցուի կողքի ժայռի ծերպերէն [12]։

Պիթիաս գիւղի եկեղեցին կը կոչուի Սուրբ Աստուածածին. այն կառուցուած է հին վանքի մը հիմքերուն վրայ եւ ըստ կարգ մը պատմաբաններու, այն Սուրբ Մելիտոս հայրապետի վանքն է [13]։

Գիւղի հիւսիսային կողմը, լերան զառիթափին կը գտնուի Սուրբ Եղիայի ճգնավայր – քարայր ուխտատեղին: Ժողովուրդը կը պատմէ, որ Սուրբ Եղիան Կիլիկիոյ հայ եկեղեցւոյ ճգնաւորներէն մէկը եղած է եւ հալածանքներու ժամանակ եկած, ապաստանած է Մուսա Լեռ: Ըստ ժողովրդական աւանդազրոյցի, տարի մը սաստիկ երաշտ կ’ընէ. հովիւ մը, որ ոչխարները տարած է այդ լերան պուրակը, տապէն նեղսրտած կ’աղօթէ առ Աստուած, որպէսզի անձրեւ տեղայ: Սուրբ Եղիա կը լսէ հովիւի սրտանց աղօթքը, դուրս գալով քարայրէն կը կանչէ հովիւին եւ կը յանձնարարէ անոր իր քարայրէն ափ մը հող վերցնէ, երթայ ծովափ եւ հողը լեցնէ ջուրին մէջ. հովիւը կը կատարէ սուրբի յորդորը, որու շնորհիւ ալ անձրեւ կու գայ: Այդ օրէն ի վեր, երբ անձրեւները կ’ուշանան, մուսալեռցի քահանաները, սարկաւագներու եւ հաւատացեալներու հետ միասին, խունկ ու մոմով կը բարձրանան Սուրբ Եղիայի քարայրը, պատարագ կը մատուցեն եւ անձրեւ կը խնդրեն. ապա ժողովուրդէն մէկը քարայրէն ափ մը հող կը տանի նուիրաբերելու ծովուն [14]։

Մուսա Լերան Եօղուն-Օլուք գիւղէն մասնակի տեսարան մը (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Իսկ գիւղի արեւմտեան կողմը կը գտնուի Սուրբ Յովհան Ոսկեբերանի ճգնավայր – վանքի աւերակները, ուր ժողովրդական տօնախմբութիւն եւ մատաղօրհնէք կը կատարուի Աստուածածնայ տօնի առիթով: Պատմական որոշ աղբիւրներ կ’ենթադրեն, որ Յովհան Ոսկեբերան հայրապետը այդտեղ անցուցած է իր աքսորի տարիները [15]: Վանքի բակին մէջ աղբիւր մը կը հոսի. ժողովուրդը կը հաւատայ աղբիւրի ջուրի հրաշագործ յատկութիւններուն. ամուլ կանայք կը խմեն այդ ջուրէն, հաւատալով, որ պիտի յղիանան. իսկ հիւանդներու համար սափորով ջուր կը տանին անկէ: Վանքէն քիչ մը հեռու կայ այլ աղբիւր մը` Սեւ Աղբիւր անունով, ուր կու գան երիտասարդ աղջիկներ զբօսնելու [16]։

Հաճի Հապիպլի գիւղի եկեղեցին Սուրբ Աստուածածին կը կոչուի. գիւղացիք կը հաւատան, որ եկեղեցւոյ արծաթեայ սափորին մէջ կը գտնուի Յիսուսի խաչափայտէն մասունք մը: Շեմքի դրան վրայ կայ հետեւեալ արձանագրութիւնը.-

Պիթիաս գիւղը եւ առաջին կարգի վրայ Յովհան Ոսկեբերանի վանքի աւերակները։ Լուսանկար՝ Տէրունեան եղբայրներու (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

«Ողորմութեամբըն Աստուածային
Միջնորդութեամբն Սրբոյ Կոյսին
Նորոգեցաւ սա վերստին առ շինման սորին
ի ժամանակ Նալպանթճը Կիրակոսի
Սրբազնեալ Կաթողիկոսի
Օծեալ աջովն Յարութիւնի
Մեր նահանգի դիտապետի
Էր թուականն հայկայ սեռի
Լցեալ ի մէջ Ռամել (1781թ.) հաշու» [17]

Ս. Աստուածածին եկեղեցին Պիթիասի մէջ։ Լուսանկար՝ Տէրունեան եղբայրներու (Աղբիւր՝ Հայաստանի Մուսա Լեռ Հայրենակցական Միութեան հաւաքածոյ)

Գիւղէն դուրս, մօտակայքը կան երկու վանքի աւերակներ. առաջինը` Սուրբ Սիմէոն Սիւնակեցիի, իսկ երկրորդը` Թալիլիոս բժիշկի վանքն է: Տարին քանի մը անգամ դպրոցական դաշտագնացութիւն եւ խաղեր կը կազմակերպեն Սուրբ Թալիլայի վանքի աւերակներուն մէջ: Տօնական օրերուն ալ կը կատարուի ուխտագնացութիւններ եւ մատաղօրհնէք: Ձորին մէջ կայ նաեւ Ճգնավիւրէն Մաղարան (ճգնաւորի քարայրը) անունով սրբատեղին, որուն դրան առջեւ է անծանօթ սուրբի գերեզմանը [18]: Իսկ գիւղի հիւսիսակողմը Դարէն Խանկէն (զառիվերի ձորակ) կոչուող վայրին մէջ, կը գտնուի Դամշակ Շայր (գլխապտոյտ ունեցող ժայռ) անունով ժայռը, որու վրայ գիւղի երիտասարդները յաճախ կը հաւաքուին կերուխումի համար. հիանալի տեսարան ունի, կողքէն սառնորակ առուակ մը կը հոսի [19]։ 1897-ին գիւղի կողքով անցնող Գարա Չայ գետի վրայ կամուրջ կառուցուած է. միակը` դէպի Անտիոք տանող:

Քեպուսիէ գիւղի եկեղեցին Սուրբ Սարգիսի անունով կը կոչուի. ըստ արձանագրութեան, այն կառուցուած է ՌՄԾԱ, այսինքն` 1792 թուականին [20]: Գիւղի շրջակայքը կայ Հիյակ (յի ակ, ի ակ, ակին տեղը) կոչուող պզտիկ հոր մը, որուն ջուրը երբեք չի պակսիր, որքան գործածուի, նոյնքան կը լեցուի տեղը [21]։

Քեպուսիէ գիւղի հարաւային կողմը կը գտնուի պատմական հին Սելեւկիոյ աւերակները. կանգուն է միայն Հռոմի Վեսպասիանոս կայսեր կողմէ կառուցուած հռչակաւոր փապուղին, որու կառուցման նպատակը եղած է քաղաքը փրկել հեղեղներէն: Փապուղին ունի մէկ ու կէս քիլոմեթր երկարութիւն, 7 մեթր բարձրութիւն եւ 6 մեթր լայնք [22]։

Սակայն Քեպուսիէի ամենէն նշանաւոր սրբատեղին Սուրբ Սարգիսի քարայրն է. ուղղահայեաց ապառաժի մը բարձրունքին կայ գուռ մը` կողքին ձիու սմբակի հետքերուն նմանող բազմաթիւ փոսիկներով: Հանդիպակաց լերան վրայ կայ Սուրբ Մարտիրոսի քարայրը:

Մուսա Լերան Եօղուն Օլուք գիւղէն հայերու գաղթը 1939 թուականին (Աղբիւր՝ Միշել Փապուճեանի հաւաքածոյ, Փարիզ)

  • [1] Թովմաս Հապէշեան, Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, Պէյրութ, 1986, էջ 35:
  • [2] Մարտիրոս Գուշագճեան, Մուսա Լերան Հայկական Գաղթօճախը, Պէյրութ, 1988, էջ 45:
  • [3] Մարտիրոս Գուշագճեան եւ Պօղոս Մատուռեան, Յուշամատեան Մուսա Լերան, Պէյրութ, 1970, էջ 92:
  • [4] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 33:
  • [5] Նոյն, էջ 34:
  • [6] Յովհաննէս Պուրսալեան, Մուսալերան Հերոսամարտը, Այնճար, 2014, էջ 21:
  • [7] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 31:
  • [8] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 95:
  • [9] Նոյն, էջ 96:
  • [10] Մուսա Լերան Հայկական Գաղթօճախը, էջ 48:
  • [11] Մուսալերան Հերոսամարտը, էջ 22; Մուսա Լերան Հայկական Գաղթօճախը, էջ 49:
  • [12] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 31:
  • [13] Մուսա Լերան Հայկական Գաղթօճախը, էջ 51:
  • [14] Մուսալերան Հերոսամարտը, էջ 25:
  • [15] Մուսա Լերան Հայկական Գաղթօճախը, էջ 51:
  • [16] Յուշամատեան Մուսա Լերան, էջ 85:
  • [17] Նոյն, էջ 76:
  • [18] Նոյն, էջ 74:
  • [19] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 37:
  • [20] Մուսա Լերան Հայկական Գաղթօճախը, էջ 53:
  • [21] Մուսա-տաղի Պապենական Արձագանգներ, էջ 38:
  • [22] Մուսալերան Հերոսամարտը, էջ 27:

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.