Արցախի եւ Հայաստանի յատկացուող ԱՄՆ օգնութիւնը ընդլայնելու գծով աշխատանք կը տանի Հայ Դատի յանձնախումբը


ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքները Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող ԱՄՆ արտաքին օգնութեան մեծացման ուղղութեամբ:

ԱՄՆ Հայ Դատի յանձնախումբի  մամուլի հետ կապերու պատասխանատու Էլիզապէթ Չուլճեան ըսած է,- «Հայ դատի գրասենեակը պիտի շարունակէ ճնշումներ գործադրել, որպէսզի շարունակուի Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող ԱՄՆ արտաքին օգնութիւնը: Կոչ կ՝ուղղուի նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել նաեւ Հայաստան գաղթած եւ այդտեղ հաստատուած սուրիահայերուն` անոնց վերաբնակեցման համար»:

Յուլիս 10-ին ԱՄՆ Ծերակոյտի յատկացումներու ենթայանձնաժողովը, քննարկելով Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող ԱՄՆ արտաքին օգնութեան հարցը, առաջարկած էր 2016 թուականի նիւթական տարին ընդլայնել Լեռնային Ղարաբաղին յատկացուող օգնութիւնը հակամարտութեան հետեւանքով տուժած անձերուն օգնելու եւ յառաջացած կարիքները հոգալու համար: Հայաստանի մասով առաջարկուած էր յատկացնել 20 միլիոն 60 հազար տոլարի տնտեսական օգնութիւն եւ 1 միլիոն 700 հազար տոլարի ռազմական օգնութիւն, ինչպէս նաեւ 600 հազար տոլար Միջազգային ռազմական կրթութեան եւ ուսուցման ծրագիրի համար: Հայաստանի համար առաջարկուած 20 միլիոն 60 հազար տոլարի օգնութիւնը 10 տոկոսով աւելի է նախագահ Պարաք Օպամայի առաջարկած օգնութենէն:

Ներկայացուցիչներու պալատի յատկացումներու ենթայանձնաժողովը, քննելով արտաքին օգնութեան հարցը, լռելեայն համաձայնութիւն յայտնած էր հայկական յատկացումներու վերաբերեալ:

Չուլճեանի խօսքով` առաջին անգամ չէ, որ ԱՄՆ Քոնկրէսի պալատներէն մէկը լռութիւն կը պահպանէ հայկական յատկացումներու մասով: «Յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ այն, որ իւրաքանչիւր յանձնաժողովի ներկայացուցած բանաձեւը քննարկուի երկու պալատներու լիագումար նիստին, իսկ տարբերութիւնները պէտք է հարթուին: Սովորաբար կը գերադասուի այն պալատի առաջարկը, որ յստակ դիրքորոշում ունի հարցի շուրջ: Միւս տարբերակը այն է, որ բանաձեւերէն ոչ մէկը պիտի քննարկուի, այլ պիտի ընդունուի ընդհանուր մէկ միասնական փաստաթուղթ»,- բացատրած է ան` տեղեկացնելով, որ վերջնական որոշումը պէտք է կայացուած ըլլայ մինչեւ Հոկտեմբեր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.