Թուրքիա Կ՛արգիլէ Ցեղասպանութեան Մասին Լրագրողի Մուտքը


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանական «Շփիկել» թերթի լրագրող-լուսանկարիչ Էնտի Շփիրա, որ կը փափաքէր Թուրքիա այցելել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին լրատուութիւն մը պատրաստելու նպատակով, չէ կրցած մուտք գործել Թուրքիոյ տարածքէն ներս։
«Ռատիքալ» կը գրէ, որ գերմանացի լրագրողը Մարտ 28ին Թուրքիա ժամանած է, սակայն արտօնութիւն չէ ստացած երկրի տարածքը մտնելու։ Թրքական կողմը պնդած է, որ ենթական «Իսլամական պետութեան» անդամ է։
Լրագրողը ըսած է, որ նախապէս քանի մը անգամ Թուրքիա այցելած է եւ ո՛չ մէկ հարց ունեցած է այդտեղ։ Շփիրայի կարծիքով, պատճառը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրելու իր որոշումն էր, որ իր անձի նկատմամբ թրքական իշխանութիւններուն ժխտական տրամադրուածութեան պատճառ դարձած է։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.