100-ամեակի առիթով Թուրքիա կեանքի կը կոչէ «Մշակութային Դիւանագիտութիւն» նախագիծը


Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցին ծրագրած է կեանքի կոչել “Մշակութային դիւանագիտութիւն” կոչուող նախագիծը: Ըստ Ermenihaber.am-ի թրքական իշխանութիւններուն մօտ կանգնած “Աքշամ” պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ այդ նախագիծը կը ներկայացնէ հայ եւ թուրք երիտասարդներու միջեւ փոխադարձ իրազեկութեան մակարդակի բարձրացում, ինչպէս նաեւ հայերու համար սուրբ նշանակութիւն ունեցող կառոյցներու, այդ շարքին Անիի հինաւուրց սրբավայրերու վերանորոգումը:

Նախարարութիւնը կը կարծէ, որ երկու ժողովուրդներու երիտասարդները բաւականաչափ իրազեկ չեն 1915-ին տեղի ունեցածի մասին, իսկ լաւագոյն պարագային տեղեկացուած են շատ միակողմանիօրէն: Հետեւաբար, ըստ թրքական նախարարական այդ գերատեսչութեան, կարիք կայ երիտասարդներու մերձեցման, փոխադարձ ըմբռնման եւ իրարու հանդէպ յարգանքի սերմանման:

“Մշակութային դիւանագիտութիւն” նախագիծի ծիրէն ներս կը նախատեսուի կազմակերպել մշակութային փոխանակման եւ ժամանցային ծրագիրներ, որոնց պիտի մասնակցին հայ եւ թուրք երիտասարդները: Խօսքը կը վերաբերի ոչ միայն հայաստանաբնակ, այլ նաեւ արտերկրի մէջ հաստատուած հայ երիտասարդներուն:

“Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան համակարգմամբ իրականացուելիք նախագիծի աշխատանքները պիտի գործադրուին դիւանագէտներէ, գիտնականներէ, պատմաբաններէ, մշակութային գործիչներէ եւ պետական պաշտօնեաներէ կազմուած համապատասխան քարտուղարութեան կողմէ”,- կը գրէ «Աքշամ”-ը:

Նախագիծի իրականացումը կ՛ենթադրէ կարճաժամկէտ, միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ գործընթացներ: Աջակցութիւն պիտի ըլլայ ազգային ու միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններու կողմէ: Նպատակ դրուած է միջմշակութային երկխօսութեան միջոցով մեղմել երկու հանրութիւններու միջեւ առկայ լարուածութիւնը: Վերոնշեալ ծրագիրներուն մասնակցող հայ եւ թուրք երիտասարդներուն կը նախատեսուի պատմական փաստաթուղթերու վկայակոչմամբ նեկայացնել 1915-ի ամբողջ իրադարձութիւնները:

Նոյն աղբիւրին հաղորդմամբ` նախօրէին դեսպաններու 7-րդ համաժողովին մասնակցած Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Օմեր Չելիքը շեշտած էր, որ շատ կարեւոր է յատկապէս մշակութային ուղերձներու աւելացումը: Նախարարը յայտնած էր, որ սփիւռքի հայ երիտասարդութեան հետ աշխատանքներ պիտի տանին եւ մշակութային փոխանակման ծրագիրներու համար պիտի ստեղծեն յատուկ կեդրոն:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.