Տարեկան 35 Հազար Անձ Կը Հեռանայ Հայաստանէն


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Տարեկան դրութեամբ Հայաստանէն կը հեռանայ 35 հազար անձ։ Հեռանալու պատճառը հիմնականին մէջ տնտեսական է: Այս մասին կը հաստատէ Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան եւ պետութեան պատուէրով Սլաւոնական համալսարանի կատարած ուսումնասիրութիւնը, որ պիտի հրապարակուի յառաջիկայ օրերուն:
«Ազատութիւնը», հետազօտութեան արդիւնքներուն մասին զրուցած է Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան ղեկավար Իլոնա Տէր Մինասեանի հետ:
«Գնալու պատճառը հիմնականում տնտեսական է. մարդիկ, որպէս կանոն, իրենց գնալը կապում են գործազրկութեան հետ: Կարեւոր է նկատել, որ արտագաղթի հիմնական պատճառը սոցիալ-տնտեսական է», յայտնած է Տէր Մինասեան:
Ըստ այս ուսումնասիրութեան՝ վերջին 6 տարիներուն Հայաստան վերադարձած է 80 համար մարդ, տարեկան՝ մօտ 13 հազար: Հեռացած ու վերադարձած մարդոց տարբերութիւնը 22 հազար է, որոնց աւելի քան 80 տոկոսը գացած է Ռուսիա: Ազգագրագէտ Աղասի Թադեւոսեան ըսած է, որ այս թիւը աւելի քան մտահոգիչ է:
«Տարեկան 20 հազարից աւելի մարդ հեռանում է մի երկրից, որտեղ մնացել է 2.5 միլիոնից մի քիչ աւելի մարդ: Տարեկան մօտ 20 հազար մարդու «կորուստը» Հայաստանի համար լուրջ կորուստ է: Պէտք է յատկապէս հաշուի առնել հեռացողների տարիքային խումբը: Հիմնականում գնում են երիտասարդ ու աշխատունակ տարիքի մարդիկ», նշած է ազգագրագէտը:
Հեռացողներուն աւելի քան 50 տոկոսը 20-54 տարեկան է: Այս մարդոց 63 տոկոսը Հայաստանի մէջ անգործ եղած է: Հեռացողներուն 82 տոկոսը տղամարդիկ են: Իլոնա Տէր Մինասեան նկատել տուած է, որ Հայաստանէն կը հեռանան հիմնականին մէջ համեմատաբար ցած որակաւորում ունեցող մարդիկ: Արտագաղթողներու կարգին բարձրագոյն կրթութեամբ մարդիկ կը կազմեն մօտ 17 տոկոս:
«Այս հետազօտութեան արդիւնքում, սկզբունքօրէն, մեզ համար չափազանց անսպասելի փաստեր չեն պարզուել, այլ հաստատել է այն, ինչ մենք ենթադրում էինք: Բացայայտում չէ, որ մարդիկ գնում են Ռուսաստան, բացայայտում չէ, որ գնում են աշխատելու հիմնականում շինարարութեան ոլորտում, կատարում են տեխնիկական հմտութիւններ պահանջող աշխատանք», դիտել տուած է Տէր Մինասեան:
Հետազօտութեան արդիւնքներու հրապարակման անհամբեր կը սպասէին բազմաթիւ մասնագէտներ, որովհետեւ նման մեծածաւալ ուսումնասիրութիւն վերջին անգամ Հայաստանի մէջ կատարուած է 6 տարի առաջ՝ 2007 թուականին, ՄԱԿի կողմէ, իսկ պետութեան մասնակցութեամբ ուսումնասիրութիւն չէր կատարուած 2001 թուականէն ի վեր:
Այս ուսումնասիրութեան համար, յիշեցնենք, կառավարութիւնը նախկին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի օրօք տրամադրեց 13 միլիոն դրամ՝ որպէս համաֆինանսաւորող: Ուսումնասիրութեան դաշտային աշխատանքները աւարտած էին նախորդ Սեպտեմբերին, եւ կ՛ակնկալուէր, որ արտագաղթի ցուցանիշները բացայայտող հետազօտութիւնը պիտի հրապարակուէր 2014ի սկիզբը, սակայն անիկա տակաւին պաշտօնապէս չէ հրապարակուած։
Իլոնա Տէր Մինասեան բացատրած է, որ պատճառները թեքնիք էին, թէեւ շրջան կ՛ընէ այն վարկածը, որ Հայաստանի պետական այրերը կը հրահանգեն կամ կը համոզեն, որ հետազօտութիւնը աւելի շուտ չհրապարակուի:
«Մասնագէտը, ում ընտրել էինք, որ կատարէր աշխատանքը, Հայաստանում չէր եղել, եւ մօտ 3-4 ամիս վերլուծեց այս ահռելի ինֆորմացիան, յետոյ սկսուեցին կատարուել ճշգրտումներ, խմբագրում, թարգմանութիւն եւ այլն, աշխատանքն իրօք մեծածաւալ էր: Սա էր ուշացման պատճառը», յայտնած է ան։
Ուսումնասիրութիւնը գրքոյկի նման լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկային եւ պիտի տեղադրուի կայքերուն վրայ, պաշտօնական ներկայացում պիտի չկատարուի։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.