Հայ լրագրողը Էրտողանէն կը պահանջէ ներողութիւն խնդրել հայերէն


Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանի կողմէ հայութեան հասցէին կատարուած վիրաւորանքէն ետք, իսթանպուլաբնակ հայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ վարչապետին ուղղուած յայտարարութեամբ մը հանդէս եկած։

Ըստ թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթին, Հայկօ Պաղտատը, անդրադառնալով վարչապետ Էրտողանի խնդրահարոյց յայտարարութեան՝ շեշտած է, թէ բոլորովին հաճելի չէ, երբ վարչապետը ազգային փոքրամասնութիւններու մասին խօսելու ընթացքին կ՚օգտագործէ «կեղտոտ» բառը։ «Ինչ նպատակով ալ, որ ըսած է այդ ամէնը վարչապետը, միեւնոյնն է, ան պէտք է հայերէն, ալեւիներէն, զազաներէն եւ վրացիներէն ներողութիւն խնդրէ։ Այս է իրական խաղաղութիւնը, այս է իրական ցաւակցական ուղերձը»,- ըսած է Հայկօ ԲՊղտատը։

Նշենք, որ Թուրքիոյ վարչապետ, նախագահական թեկնածու Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան թրքական Star TV եւ NTV հեռատեսիլի կայաններու համատեղ հարցազրոյցի ընթացքին, պատասխանելով հաղորդավարի հարցերուն, անդրադարձած է նաեւ ժողովուրդի կողմէ քննարկուող իր արմատներու հարցին: Ան ըսած է. «Իմ արմատներս Ռիզէէն են: Ինծի համար կ՚ըսէին, թէ վրացի եմ, աւելի՛ն, մէկը աւելի կեղտոտ բան մը ըսաւ՝ պնդելով, թէ ես հայ եմ»։ Էրտողանի այս խօսքերը մեծ արձագանգ գտան թրքական մամուլին մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.