Ցեղասպանութիւնը Ուրացողներու Քայլարշաւ Էրզրումի Մէջ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ մէջ կայ Էրզրումի «Աթաթիւրք» համալսարանին կապուած կազմակերպութիւն մը, որ ինքզինք կոչած է «Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» )ԱՍԻՄԵՏ)։ Այս կազմակերպութիւնը, Հայկական Հարցին կապուած կարեւոր թուականներուն մէջտեղ կ՛ելլէ՝ փորձելով լուսարձակի տակ առնել հայկական պնդումները անհիմն նկատելու իր քաղաքականութիւնը։
ԱՍԻՄԵՏի նախագահը եւ «Աթաթիւրք» համալսարանի դասախօսներէն Սաւաշ Էղիլմեզ ըսած է, որ Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումը անհիմն փաստերու վրայ հիմնուած է եւ իրականութեան մէջ հայերն են, որոնք սպաննած են 500 հազար թուրքեր։ «Ասկէ մօտաւորապէս մէկ դար առաջ, հայկական հրոսախումբեր աւելի քան 500 հազար մարդ սպաննած են, առանց խտիր դնելու կիներու եւ մանուկներու միջեւ։ Դժբախտաբար, այս ոճրագործները ամբողջ աշխարհին փոխանցած են շինծու պատմութիւններ եւ կատարած են զոհուած ըլլալու դերակատարութիւն։ Ասոր մէջ ալ մեծ յաջողութիւն արձանագրած են», աւելցուցած է ան:
ԱՍԻՄԵՏի նախագահը հաղորդած է, որ Շաբաթ, Ապրիլ 26ին, բողոքի քայլարշաւ մը պիտի կատարուի Էրզրումի մէջ։ Էրզրումի զանազան վայրերու մէջ եւ նաեւ համալսարանի պատերէն կախուած են որմազդներ, որոնցմով կը յայտարարուի, թէ քայլարշաւը պիտի սկսի Հաւուզպաշըէն եւ վերջ պիտի գտնէ «Աթաթիւրք» համալսարանին մէջ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.