Սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջխաղացքը դէպի Քեսապ


 

 

Ըստ «Ալ Մայատին»ի, սուրիական բանակը Մարտ 31-ի դրութեամբ սկսած է իր յառաջխաղացքը դէպի Քեսապի ծովամերձ հայկական Գարատուրան գիւղը, ուր բուռն մարտեր տեղի կ՚ունենան։


«Ալ Մայատին» հեռատեսիլի կայանը կը հաղորդէ, որ Մարտ 31-ի դրութեամբ, սուրիական բանակի ուժերը յաջողած են իրենց լիակատար հսկողութեան տակ առնել «թիւ 45» ռազմագիտականօրէն կարեւոր բարձունքը։ Լաթաքիոյ վրայ թրքական օժանդակութեամբ շղթայազերծուած ահաբեկչական խմբաւորումներու յարձակումէն ի վեր, Վերոնշեալ բարձունքը մի քանի անգամ խլուած էր ձեռքէ ձեռք։ Բարձունքը կը վերահսկէ Քեսապի եւ շրջակայ գիւղերուն վրայ։

Ըստ «Ալ Մայատին»ի, սուրիական բանակը Մարտ 31-ի դրութեամբ սկսած է իր յառաջխաղացքը դէպի Քեսապի ծովամերձ հայկական Գարատուրան գիւղը, ուր բուռն մարտեր տեղի կ՚ունենան։

Ալ Ուաթան թերթը իր կարգին կը յատնէ, թէ «Ալ Նուսրա» արմատական իսլամական կազմակերպութեան Քեսապի զինեալ ստորաբաժանումներէն մէկուն հրամանատար Իզամ Ալմուլա սպաննուած է Քեսապի շուրջ ընթացող կռիւներու ընթացքին։

Միւս կողմէ, Հալէպի ճակատին վրայ, World Tribune լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ ներկայ դրութեամբ Հալէպ քաղաքի 80%-ը կը գտնուի սուրիական բանակի հսկողութեան տակ։ Ըստ նոյն աղբիւրին, յառաջիկայ մայիսին բանակը կը պատրաստուի լայնածիր յարձակումի մը։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.