ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՄԷՋ ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՌԻԱՏ ԵՒ ՏՈՀԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԻՐԱՐՈՒ ԴԷՄ ԿԸ ՃԱԿԱՏԻՆ


 

 

Քրիս Զամպելիս «Ճէյմսթաուն» հիմնարկի կայքէջին վրայ զետեղուած իր երկարաշունչ յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Սուրիան վարակած թշուառութեան ալիքը կը շարունակէ աճիլ եւ յստակ չէ, թէ երբ պիտի աւարտի։ Սուրիոյ ներկայ կացութիւնը շատ տարբեր է Մարտ 2011-ի կացութենէն, երբ քաղաքական փոփոխութիւն եւ բարեփոխումներ պահանջող ցոյցերը բիրտ կերպով ճնշուեցան Քագարի պաասական վարչակարգին կողմէ։ Դէպքերու այս շարքը ըմբոստութեան ռազմականացման եւ տարբեր զինեալ խմբաւորումներու կազմութեան ճամբան հարթեց։ Ներկայիս՝ օտար զինեալներու ներհոսքը յաւելեալ կերպով բարդացուցած է Սուրիոյ կացութիւնը։ Ըմբոստութեան այս երեսները կարեւոր են, մանաւանդ երբ ընդդիմութեան օտար ուժերէն զէնքեր ու ճանաչում ստանալու ջանքերը կ’ուզենք հասկնալ։ Այս առումով՝ սուրիական ընդդիմութեան մէջ տարբեր խմբաւորումներ հովանաւորելու Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի դերակատարութեան ծանօթանալը Սուրիոյ կացութիւնը հասկնալու համար կենսական է։

Սէուտական Արաբիան ու Քաթարի պաասական վարչակարգին ընդդիմութիւնը այն տպաւորութիւնը կը ստեղծէ, թէ անոնք միասնակամ են, սակայն այդ մէկը կը ծածկէ շրջանային ազդեցութեան համար անոնց միջեւ մղուող ծածուկ պայքարը, որ երեւան կու գայ, երբ նկատի ունենանք այդ երկու երկիրներուն աջակցութիւնը վայելող սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներուն օրակարգերը։

Ռիատի եւ Տոհայի միջեւ մրցակցութիւնը յստակ կերպով կ’երեւի սուրիական ընդդիմութեան տիրելու Սուրիոյ ազգային խորհուրդի, Սուրիական յեղափոխական եւ ժողովրդավարական փոփոխութեան ազգային խորհուրդի եւ Ժողովրդավարական փոփոխութեան ազգային համակարգումի խորհուրդի միջեւ պայքարին մէջ։

Քաթար, որ սուրիական ընդդիմութեան աջակցող ամէնէն աշխոյժ կողմը կը նկատուի, գաղափարական գետնի վրայ ամէնէն ծայրայեղական խմբաւորումներու կ’աջակցի։ Անոնց շարքին են Քայիտայի առնչուած «Ժապհաթ ալ-Նուսրան», ծայրայեղ պահպանողական խմբաւորումներ, ինչպէս՝ «Հարաքաթ Ահրար ալ-Շամ ալ-Իսլամիյա»-ն եւ Սուրիական իսլամական ճակատը։ Սէուտական Արաբիան կ’աջակցի Սուրիական ազատ բանակի հրամանատարութեան տակ եղող խմբաւորումներու, ինչպէս նաեւ իսլամական շարժումներու, որոնք Քայիտայի հետ կապ չունին։ Ռիատ նաեւ կը զօրակցի Սուրիական իսլամական ազատագրութեան ճակատ խմբաւորումին, որ աւելի չափաւորական կը նկատուի քան Սուրիական իսլամական ճակատը։

Միացեալ Նահանգներու սուրիական ընդդիմութեան զէնքեր տրամադրելու հարցին նկատմամբ ունեցած վերապահութիւնը պաշտօնապէս կը վերագրուի արմատական իսլամական շարժումներու ընդդիմութեան մէջ ունեցած գերակշիռ ազդեցութեան։ Այն տեղեկութիւնները, թէ Սէուտական Արաբիա Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, իբրեւ սուրիական ընդդիմութեան գլխաւոր աջակից, փոխարինած է Քաթարը կու գան գոյութիւն ունեցող խառնակ վիճակին դաւադրական երանգ մըն ալ աւելցնելու։ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանիի իշխանութիւնը իր որդիին՝ շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի զիջելու որոշումը եւս կրնայ Սուրիոյ նկատմամբ Քաթարի քաղաքականութեան մէջ մեծ փոփոխութիւններու ցուցանիշը ըլլալ։ Կը նախատեսուի, որ այդ ամիրայութեան կեցուածքները այսուհետեւ սէուտական թագաւորութեան կեցուածքներուն աւելի համահունչ ըլլան։

ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԵՆԹԱՀՈՂԸ
Նկատի ունենալով, որ Սուրիա Իրանէն եւ Հըզպալլայէն բաղկացած «Դիմադրութեան առանցք»ին աջակցութիւնը կը վայելէ՝ Սուրիոյ մէջ ծագած ըմբոստութիւնը շուտով աշխարհաքաղաքական նշանակութիւն մը ստացաւ։ Սուրիոյ մէջ ըմբոստութիւնը Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին առիթ ընծայեց Միջին Արեւելքի մէջ Իրանի ազդեցութիւնը ականահարելու։ Այս առումով սիւննի ղեկավարութեամբ թագաւորութիւնները եւ անոնց հետեւորդ կրօնաւորները Իրանի շիի պետութիւն մը եւ պաասական վարչակարգին ալեւիական ըլլալու իրողութիւնը շեշտեցին՝ սիւննի-շիի լարուածութիւն հրահրելու համար։ Սէուտական Արաբիան Սուրիոյ մէջ ըմբոստութիւնը նաեւ առիթ մը նկատեց՝ ականահարելու Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ղեկավարութեամբ Մարտ 8 դաշինքը եւ փոխարէնը սիւննի ղեկավարութեամբ «Մուսթաքպալ» հոսանքի գլխաւորած Մարտ 14 դաշինքը զօրացնելու։

Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի սուրիական հարցին նկատմամբ մօտեցումներուն ուշադիր ուսումնասիրութիւն մը՝ ռազմավարութեանց տարբերութիւն մը ի յայտ կը բերէ։ Մինչ Սուրիոյ հարցին առնչակից շարք մը կողմեր, ներառեալ Սէուտական Արաբիան ու Քաթարը, Դամասկոսի հետ կապերը խզած են եւ աշխուժ կերպով կապեր հաստատած ընդդիմութեան հետ՝ Քաթար աւելի հեռու երթալով՝ Տոհայի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը սուրիական ընդդիմութեան Ազգային համաձայնական մարինին յանձնած է։ Մինչ Սէուտական Արաբիան թէեւ Սուրիոյ նկատմամբ դիւանագիտական անզիջող կեցուածք որդեգրած է, սակայն Ռիատ սկսած է անդրադառնալ, որ Սուրիոյ պաասական վարչակարգը փաստած է, որ աւելի ամուր է քան կը կարծուէր, իսկ քաղաքական ու զինեալ ընդդիմութիւնը իմաստալից ղեկավարութիւն մը կազմելու եւ որոշ օրինականութիւն մը ապահովելու անկարող է։

ԹԱԳԱՒՈՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Սէուտ-քաթարական մրցակցութեան արմատները խոր են։ Հակառակ աշխարհագրական տարածքի առումով մեծ տարբերութեան, անոնք նոյնպիսի յատկանիշեր ունին։ Երկու երկիրներն ալ Միացեալ Նահանգներու հետ խոր եւ բազմերես ռազմավարական յարաբերութիւններ ունին։ Անոնցմէ իւրաքանչիւրը նաեւ ուժանիւթի հսկայական հարստութիւն ունի։ Երկու երկիրներն ալ կառավարման թագաւորական համակարգեր ունին՝ թէեւ ամբողջատիրութեան տարբեր աստիճաններով, եւ հասարակաց գաղափարախօսութիւն մը ունին, որ ծնունդ կ’առնէ ծայրայեղ պահպանողական ուահապական եւ սալաՖական գաղափարախօսութիւններէն։ Սակայն այդ նմանութիւնները արտաքին քաղաքականութեան մէջ բազմաթիւ տարակարծութիւններ կը քողարկեն։ 2010-ի վերջաւորութեան արաբական աշխարհին մէջ բարձրացած ժողովրդային ըմբոստութեանց ալիքին հանդէպ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի հակազդեցութեանց տարբերութիւնը անոնց մէկ օրինակն է։ Սէուտական Արաբիա իր ժողովուրդին այդ ըմբոստութեան ալիքէն վարակուելէն վախնալով՝ արաբ եւ իսլամ հասարակութեանց կողմէ ազատութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարութեան կոչերէն սոսկաց։ Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական պատկերի փոփոխութեան նկատմամբ անոր վախը առաւել եւս արմատացաւ, երբ այնպէս թուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ Թունուզի մէջ Զէյն ալ-Ապիտին պեն Ալիի եւ Եգիպտոսի մէջ Հուսնի Մուպարաքի տապալումին համամիտ են։ Միւս կողմէ՝ Քաթար այդ ալիքը իր շրջանային դիրքն ու միջազգային գետնի վրայ ազդեցութիւնը ընդլայնելու առիթ մը նկատեց։ Հակառակ իր երկրորդական կարգի դիրքին՝ Քաթար կիրարկեց յարձակապաշտ եւ փառամոլական արտաքին քաղաքականութիւն մը, որ իրեն ապահովեց շրջանային ու միջազգային մեծ ազդեցութիւն մը, որ կը շրջանցէ փոքր աշխարհագրական տարածք ու սակաւաթիւ բնակչութիւն մը ունենալուն իրողութիւնը։ Քաթար նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մարտահրաւէր ուղելու անցեալ մը ունի։ Սակայն Քաթարէն ընթացք առնող եւ տնտեսապէս գործադրելի եղող խողովակաշարերու ծրագիրներուն մեծամասնութիւնը սէուտական տարածքէն կ’անցնին, ինչ որ Սէուտական Արաբիոյ Քաթարի նկատմամբ մեծ առաւելութիւն մը կու տայ։ Ռիատը մտահոգող մէկ այլ կէտն ալ այն իրողութիւնն է, որ Քաթար Իրանի հետ բնական կազի աշխարհի մեծագոյն հանքը՝ Հարաւային Փարսը կը բաժնեկցի։

Սէուտական Արաբիա ժողովրդավարական, արդիական եւ իսլամական եղող քաղաքական շարժումներէն կը վախնայ, ուստի զարմանալի չէ, որ ան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Քուէյթի հետ ողջունեց Եգիպտոսի մէջ Մուհամատ Մուրսիի տապալումը։ Ժողովրդավարութիւնը կը վտանգէ արքայական տոհմին քաղաքական եւ տնտեսական գոյութիւնը։ Սէուտական Արաբիա նաեւ այն մտավախութիւնն ունի, որ Եգիպտոս կրնայ վերադառնալ Միջին Արեւելքի մէջ աշխարհաքաղաքական իր մեծ դերակատարութեան եւ իրեն մրցակից կը դառնայ։ Միւս կողմէ՝ Քաթար շնորհիւ իր փոքրաթիւ բնակչութեան, որուն 80 առ հարիւրը օտարահպատակներ են, իր հարեւաններուն նման ներքին ընդդիմութեան մը ստեղծումէն չի վախնար եւ շնորհիւ իր աշարհագրական փոքր տարածքին, իրարու հակասող շրջանային շահերէն օգտուելու համար իր արտաքին քաղաքականութիւնը վերատեսութեան ենթարկելու ճկունութիւնն ունի։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին ուժերը պիտի շարունակեն Սուրիոյ դէպքերուն ընթացքին ազդել։ Հակառակ տարածաշրջանին վտանգ նկատուող ընդդիմադիր կարգ մը ուժերը վերահսկողութեան տակ առնելու Սէուտական Արաբիոյ ջանքերուն՝ սուրիական ըմբոստութիւնը իր ներքին մղումով կը գործէ։ Իրաքի մէջ Քայիտայի առնչուած տարրերու վերակազմաւորումը եւ Սուրիա ներթափանցումը մարտահրաւէրներու նոր շարք մը կը յառաջացնէ։ Նաեւ անհաւանական է, որ Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի միջեւ մրցակցութիւնը Սուրիոյ մէջ դէպքերու զարգացումին մէջ ազդակ մը ըլլալէն դադրի։ Միւս կողմէ՝ վերջերս արձանագրուած յաղթանակներու շարքէ մը քաջալերուած պաասական վարչակարգը աւելի հաւանական է, որ նախընտրէ սէուտական վերահսկողութեան տակ գտնուող ընդդիմութեան մը հետ գործ ունենալ քան՝ Քաթարի վերահսկողութեան տակ եղող ընդդիմութեան մը հետ։ Սուրիան նաեւ կրնայ այն հաշիւը ընել, որ ըմբոստութեան ներկայ ընթացքին ու շրջանային կայունութեան վրայ անոր ժխտական ազդեցութեան նկատմամբ Սէուտական Արաբիոյ մտավախութիւնը կրնայ տագնապին վերջ տալու համաձայնութեան մը առիթ ընծայել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.