ՄՈՐՄՈՆԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ


Մորմոնական Յիսուս Քրիստոսի Վերջին Օրերու Սուրբերու Եկեղեցին յայտարարած է, թէ Հայաստանի մէջ հիմնած է իր առաջին stake-ը, որ կը համապատասխանէ ծուխին:

Յունիս 16ին Երեւանի մէջ կատարուած մորմոնական արարողութեան նախագահելով, Էլտէր Նելսըն յայտարարած է լուրը՝ ըսելով, թէ Հայաստանի մէջ լաւ կրօնաւորներ ունին, ինչպէս նաեւ կոսփէլ երաժշտութեան համար կարող ուժեր:

Է. Նելսըն 1988էն ծանօթացած է Հայաստանին, երբ եկած է վճարագիր մը յանձնելու երկրաշարժէն տուժածներուն համար: Ըստ իրեն, մինչ 1992ին Հայաստանի մէջ միայն քանի մը մկրտութիւններ ըրած էին, այսօր հոն ունին աւելի քան 3000 հետեւորդներ:

Մորմոնական 3025 »ծուխ«եր գոյութիւն ունին աշխարհի զանազնան երկիրներու մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.