Դաշնակցական պատգամաւորները խստօրէն հակադարձեցին ՔՊ-ի՝ դաշնակցականութիւնը «արմատախիլ ընելու» կոչին

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ հերթական քաղաքական բախումը այս անգամ վերածուեցաւ իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարական գոյութեան դէմ ուղղուած բացայայտ յարձակման։

ՔՊ-ական պատգամաւոր Արման Եղոյեան խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց, թէ «դաշնակցականութիւնը պէտք է արմատախիլ ըլլայ հայ քաղաքական միտքէն»՝ նոյնիսկ պնդելով, որ ՀՅԴ անդամ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան «պէտք է ըլլայ վերջին դաշնակցականը»։

Եղոյեան այս մօտեցումը ներկայացուց իբրեւ Հայաստանի «հարատեւման, անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան» համար անհրաժեշտութիւն՝ փաստօրէն քաղաքական մրցակցութեան սահմաններէն անցնելով դէպի ամբողջ քաղաքական գաղափարախօսութիւն մը եւ պատմական կուսակցութիւն մը վերացնելու կոչ։

Յայտարարութիւնը սուր հակազդեցութիւն առաջացուց ՀՅԴ պատգամաւորներուն մօտ, որոնք Եղոյեանի բառապաշարին մէջ տեսան հայ ժողովուրդին եւ անոր քաղաքական կազմակերպութիւններուն նկատմամբ պատմութեան ընթացքին գործածուած վտանգաւոր տրամաբանութեան արձագանգը։

«Ոնց որ թուրքերն էին ասում՝ պէտք է մնայ մի հայ, այն էլ թանգարանում, նենց էլ դուք էք ասում, որ պէտք է մնայ մի դաշնակցական», ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան։

Քրիստինէ Վարդանեան իր հերթին Եղոյեանի ելոյթը որակեց «բառացիօրէն ֆաշիստական»՝ զինք համեմատելով միաժամանակ երիտթրքական եւ բոլշեւիկեան մտածողութեան կրողներուն հետ։

«Ինչպէս թուրքերը իրենց ծրագրին մէջ չեն յաջողած, նոյնը չէք յաջողիր դուք։ Դուք երիտբոլշեւիկներ էք, դուք ունիք նոյն թիրախները, ինչ երիտթուրքերը, եւ նոյն գործիքակազմը, ինչ ունի բոլշեւիկեան մտածողութիւնը», յայտարարեց Վարդանեան։

ՔՊ-ական պատգամաւորի խօսքերը այնքան բացայայտօրէն խնդրայարոյց էին, որ նիստը վարող Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան եւս ստիպուած եղաւ ընդունիլ, թէ Եղոյեանի ելոյթը «ագրեսիւ» էր։ Միաժամանակ ան փորձեց մեղմել կուսակիցին ըսածը՝ բացատրելով, թէ Եղոյեան կրնար նկատի ունենալ, որ Վարդանեան պէտք է ըլլայ վերջին կամ առաջին դաշնակցականը, որ կ՚ընդունի իշխանութեան այսպէս կոչուած «Իրական Հայաստան» հայեցակարգը։

Բախումը ծագած էր կառավարութեան անդամներու երդման բնագիրը փոխելու իշխանութեան նախաձեռնութեան քննարկման ընթացքին։

Արդարադատութեան նախարարութեան ներկայացուցած առաջարկով՝ գործող «յանուն համազգային նպատակներու իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման» ձեւակերպումը կը փոխարինուի «յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան հարատեւութեան, անկախութեան, ինքնիշխանութեան եւ զարգացման» ձեւակերպումով։

Այսպիսով, երդման բնագիրէն կը վերացուին «հայրենիք» եւ «համազգային նպատակներ» հասկացութիւնները, իսկ «հայրենիք» բառը փաստօրէն կը փոխարինուի «Հայաստանի Հանրապետութիւն» եզրով։

Ընդդիմութիւնը այս փոփոխութիւնները կը դիտարկէ իշխանութեան որդեգրած աւելի լայն քաղաքականութեան ծիրին մէջ՝ մատնանշելով, որ ՔՊ-ն հետեւողականօրէն կը փորձէ սահմանափակել հայկական ազգային օրակարգը միայն ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական սահմաններով եւ հակադրել պետականութիւնը համազգային գաղափարներուն։

Իշխանական կողմը, իր հերթին, կը պնդէ, թէ հայրենիքը Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։

Սակայն Արման Եղոյեանի յայտարարութիւնը քննարկումը դուրս բերաւ անգամ այդ տարակարծութեան սահմաններէն՝ ցոյց տալով, թէ ՔՊ-ի որոշ ներկայացուցիչներ ազգային-քաղաքական այլախոհութեան հետ բանավիճելու փոխարէն արդէն հրապարակաւ կը խօսին իրենց քաղաքական հակառակորդի գաղափարախօսութիւնը «արմատախիլ ընելու» մասին։