Լեռնիկ Յովհաննիսեան. Պաքու կը շարունակէ Արցախի հայկական ժառանգութեան խեղաթիւրման քաղաքականութիւնը
- (0)

ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի մշակոյթի նախկին նախարար եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի Թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտարարած է, որ Գանձասարի Մատենադարանին մէջ Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւի կողմէ հայկական ձեռագիր մատեաններու նմանակներու ցուցադրութիւնը «հերթական մանիպուլացիա» էր։
Սեպտեմբեր 11-12-ին բռնագրաւեալ Արցախ այցելած օտարերկրեայ դիւանագէտներուն Հաճիեւ ցուցադրած էր ձեռագիրներու դատարկ նմանակներ՝ զանոնք ներկայացնելով իբրեւ հին հայկական գիրքեր։ Յովհաննիսեան պարզաբանած է, որ Գանձասարի Մատենադարանը իր տնօրինութեան տակ գտնուող արժէքաւոր ձեռագիրներն ու գիրքերը ապահով վայր տեղափոխած էր դեռ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, իսկ ցուցասրահին մէջ մնացած էին միայն ցուցադրական նմանակները։
Ան նաեւ ահազանգած է Արցախի հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութեան մասին՝ նշելով, որ հրապարակուած լուսանկարներուն եւ տեսերիզներուն մէջ տեսանելի են հայկական արձանագրութիւններու աղճատման կամ ջնջման հետքեր։
Յովհաննիսեանի ըսած է, որ հայկական եկեղեցիներն ու յուշարձանները «աղուանական» ներկայացնելու փորձերը նոր չեն եւ տասնամեակներու պատմութիւն ունին, սակայն այսօր, Արցախի ամբողջական բռնագրաւումէն եւ հայաթափումէն ետք, այդ քաղաքականութիւնը կը կիրարկուի շատ աւելի լայն ծաւալով։
Ան քննադատած է նաեւ այցելութեան մասնակցած դիւանագէտներուն վերաբերմունքը՝ ընդգծելով, որ անոնցմէ շատերը, ներառեալ նախկին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները, քաջատեղեակ են Արցախի հայկական մշակութային ժառանգութեան խնդիրէն։