Անկախութեան Հռչակագիրը, անոր վերիմաստաւորումը, եւ միւս հռչակագրերը (շար. 2)

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Անկախութեան Հռչակագիրը անկախ Հայաստանի միակ հռչակագիրը չէ։ Աւելի՛ն, եթէ Հայոց պատմութեան ընթացքին եղած է իր ամբողջական իմաստով համահայկական բնոյթ ունեցող փաստաթուղթ մը, ապա անիկա Ցեղասպանութեան Հարիւրերորդ Տարելիցի Հռչակագիրն է՝ այն փաստաթուղթը, որ ի լուր աշխարհի կը յայտարարէր Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հանգրուանէն արդարահատուցման հանգրուանի անցումը, բայց այդպէս ալ գործադրութեան չդրուեցաւ։

Մինչդեռ կ՚ենթադրուէր, որ Հարիւրերորդ Տարելիցի նախապատրաստութեան ամբողջ գործընթացը պիտի յանգէր նաեւ Համահայկական Խորհուրդի մը կազմաւորման, ուր հայրենի պետութիւնն ու Սփիւռքի ամենէն ներկայացուցչական կառոյցները պիտի մէկտեղուէին՝ խորհրդակցելու եւ որոշումներ առնելու գէթ համահայկական բնոյթ ունեցող հարցերու շուրջ։ Այդպիսի հարցերէն մէկն էր, օրինակի համար, Ցեղասպանութեան արդարահատուցման հանգրուանին գործնականացումը։

Բացատրութիւններ կամ պատճառաբանութիւններ շատ կարելի է գտնել, թէ ինչո՛ւ այդ յառաջընթացը չարձանագրուեցաւ, բայց փաստը կը մնայ փաստ՝ 29 Յունուար 2015-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ ընթերցուած Հռչակագիրը շատ կանուխ մոռացութեան մատնուեցաւ։

Այլապէս, Հայաստանի ընդդիմութիւնը այսօր իր բառամթերքը պիտի փոխէր եւ իշխանութիւններուն պիտի չդիմէր՝ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին վրայ Ցեղասպանութեան «միջազգային ճանաչման» հարցը պահելու պահանջով, որուն ի պատասխան իշխանութիւնները պիտի տային իրենց «դասական» պատասխանը՝ «Ցեղասպանութիւնը արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն չէ», կամ արդէն պարզապէս՝ «օրակարգին վրայ չէ»։

Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, եթէ երբեւէ մաս կազմած է Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին, հասկնալիօրէն երբեք անոր առաջնահերթութիւններէն չէ եղած։ Բացառութիւն կարելի է համարել, թերեւս, Փրոթոքոլներու սառեցումէն յետոյ՝ 2010-էն 2015 երկարող, Հարիւրերորդ Տարելիցի նախապատրաստական աշխատանքներու հնգամեակը։

Հարիւրերորդ Տարելիցի Հռչակագիրով առաջադրուած նոր հանգրուանը Սփիւռքի մէջ եւս չստացաւ իրեն համապատասխան շարունակականութիւնն ու ռազմավարական զարգացումը։ «Միջազգային ճանաչման» հանգրուանը կարծես անփոփոխ մնաց, առանց նոյնիսկ նոր յաջողութիւնները՝ ինչպէս 2021-ին ԱՄՆ նախագահ Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ռազմավարական աւելի լայն վերիմաստաւորման առիթ դարձնելու։ Փոխարէնը՝ ճանաչումը շարունակեց ընկալուիլ գրեթէ որպէս ինքնին առանձին նպատակակէտ։

Եթէ գոնէ Սփիւռքի մէջ արդարահատուցման հանգրուանի մեկնարկին յայտարարութիւնը առիթ դառնար միջազգային ճանաչման յաջորդ փուլը ռազմավարականօրէն վերիմաստաւորելու, եւ եթէ այդ հարցը նաեւ Հայ Դատի շրջանակներուն մէջ աւելի հետեւողական քննարկման ու ռազմավարական մշակման առարկայ դառնար՝ որպէս առաջնահերթ օրակարգային խնդիր, անկախ Հայաստանի դիւանագիտութեան վերիվայրումներէն, ապա թերեւս ներկայ իշխանութիւններու արտաքին քաղաքականութեան ստեղծած խոչընդոտներուն նկատմամբ մտահոգութիւնն ալ այսքան առաջնային չըլլար։

Եւ թերեւս Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութիւնը Ցեղասպանութեան «միջազգային ճանաչումը» ընկալէր ոչ թէ Հայաստանի համար պարզապէս «յաւելեալ արժէք» ստեղծելու բիզնեսային տրամաբանութեամբ, որ մասնաւորաբար բնորոշ է այս իշխանութիւններու Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի մօտեցումներուն, այլ՝ որպէս ռազմավարական գործօն։ Այնպէս, ինչպէս Ողջակիզման պատմական եւ քաղաքական նշանակութիւնը կ՚ընկալուի Իսրայէլի համար։

(շար. 2)


(շար. 1)