Սա Այլախոհութեան Բիրտ Ճնշում է. Ռոպերթ Քոչարեանի Գրասենեակի Յայտարարութիւնը

ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՛ըսուի.

«Ինչպէս գիտէք, այսօր, ժամը 12:00-ին «էրեբունի-պլազա»-ի մէջ  պէտք է տեղի ուենար ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ասուլիսը, որուն հրաւիրուած էին հայաստանեան բոլոր լրատուամիջոցները: Կ՛ակնկալուէր, որ ասուլիսի ընթացքին պէտք է կատարուէին կարեւոր քաղաքական յայտարարութիւններ եւ տրուէին բազմաթիւ հարցերու պատասխան­ներ: Սակայն խումբ մը մարդիկ, որոնք հանրութեան քաջա­ծա­նօթ են որպէս մերձիշխանա­կան ակտիւիստներ եւ Նիկոլ Փաշինեանի մտերիմներ ու զինակիցներ, խանգարեցին ատոր կայացումը եւ տեսախցիկներու առջեւ աժանագին բեմականացում իրականացուցին` ներկայա­նա­լով որպէս «զայրացած ժողովուրդ»: Ընկերային ցանցերու ու մամուլի մէջ արդէն յայտ­նուած են հիմնական «դերասան­ներ»ու անունները, եւ անոնց ով ըլլալը տեղի ունեցածի պատուիրատուի մասով որեւէ կասկած չի ձգեր:

Այսօրուան` լաւ ծրագրուած ու կազմակերպուած միջադէպը կարելի էր գնահատել որպէս մանր խուլիգանութիւն եւ մեծ ուշարութիւն չդարձնել անոր: Պարզ է, որ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, այսպէս թէ այնպէս, նոր ասուլիսի կամ հարցա­զրոյցի միջոցով պիտի հրապարակէ իր տեսակէտները քաղաքական ամենաարդիական հարցե­րու վերաբերեալ: Սակայն, հարկ կը համարենք շեշտել, որ տեղի ունեցածը, ըստ էու­թեան, իշխանութեան կողմէ կատարուած ճարահատեալ ու կոպիտ փորձ մըն էր խոչընդոտելու քաղաքական ընդդիմախօսներու ազատ արտայայտուելու եւ հանրու­թեան հետ լրատուամիջոցներու օգնութեամբ շփուելու հնարաւորութիւնը: Սա ոչ այլ ինչ է, քան այլախոհութեան բիրտ ճնշում կամ` ինչպէս վերջերս ըսած էր յայտնի քաղաքական գործիչներէն մէկը` մտքի ահաբեկչութիւն:

Այսօրուան միջադէպը կարծես եկաւ հաստատելու քաղաքական դաշտին եւ հանրութեան մէջ օրէօր սաստկացող այն մտավախութիւնները, որ նոր իշխանութիւնները չեն հանդուրժեր այլախոհու­թիւնը եւ ունակ են քաղաքական հետապնդումներ իրականացնելու ընդդիմախօսներու նկատմամբ: Յատկապէս անոնց, որոնց քաղաքական կշիռն ու հեռանկարները իրենց համար լուրջ անհանգստութիւններու առիթ կը հանդիսանան»:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.