ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի գրասենեակը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր կ՛ըսուի.
«Ինչպէս գիտէք, այսօր, ժամը 12:00-ին «էրեբունի-պլազա»-ի մէջ պէտք է տեղի ուենար ՀՀ 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ասուլիսը, որուն հրաւիրուած էին հայաստանեան բոլոր լրատուամիջոցները: Կ՛ակնկալուէր, որ ասուլիսի ընթացքին պէտք է կատարուէին կարեւոր քաղաքական յայտարարութիւններ եւ տրուէին բազմաթիւ հարցերու պատասխաններ: Սակայն խումբ մը մարդիկ, որոնք հանրութեան քաջածանօթ են որպէս մերձիշխանական ակտիւիստներ եւ Նիկոլ Փաշինեանի մտերիմներ ու զինակիցներ, խանգարեցին ատոր կայացումը եւ տեսախցիկներու առջեւ աժանագին բեմականացում իրականացուցին` ներկայանալով որպէս «զայրացած ժողովուրդ»: Ընկերային ցանցերու ու մամուլի մէջ արդէն յայտնուած են հիմնական «դերասաններ»ու անունները, եւ անոնց ով ըլլալը տեղի ունեցածի պատուիրատուի մասով որեւէ կասկած չի ձգեր:
Այսօրուան` լաւ ծրագրուած ու կազմակերպուած միջադէպը կարելի էր գնահատել որպէս մանր խուլիգանութիւն եւ մեծ ուշարութիւն չդարձնել անոր: Պարզ է, որ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան, այսպէս թէ այնպէս, նոր ասուլիսի կամ հարցազրոյցի միջոցով պիտի հրապարակէ իր տեսակէտները քաղաքական ամենաարդիական հարցերու վերաբերեալ: Սակայն, հարկ կը համարենք շեշտել, որ տեղի ունեցածը, ըստ էութեան, իշխանութեան կողմէ կատարուած ճարահատեալ ու կոպիտ փորձ մըն էր խոչընդոտելու քաղաքական ընդդիմախօսներու ազատ արտայայտուելու եւ հանրութեան հետ լրատուամիջոցներու օգնութեամբ շփուելու հնարաւորութիւնը: Սա ոչ այլ ինչ է, քան այլախոհութեան բիրտ ճնշում կամ` ինչպէս վերջերս ըսած էր յայտնի քաղաքական գործիչներէն մէկը` մտքի ահաբեկչութիւն:
Այսօրուան միջադէպը կարծես եկաւ հաստատելու քաղաքական դաշտին եւ հանրութեան մէջ օրէօր սաստկացող այն մտավախութիւնները, որ նոր իշխանութիւնները չեն հանդուրժեր այլախոհութիւնը եւ ունակ են քաղաքական հետապնդումներ իրականացնելու ընդդիմախօսներու նկատմամբ: Յատկապէս անոնց, որոնց քաղաքական կշիռն ու հեռանկարները իրենց համար լուրջ անհանգստութիւններու առիթ կը հանդիսանան»: