Հացադուլը Կը Շարունակուի. Անոր Միացած Է Նահատակ Անդրանիկ Կիրակոսեանի Մայրը

Կառավարութեան շէնքին առջեւ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով հացադուլ կատարող գործիչներէն Գեղամ Մանուկեան Դիմատետրի իր էջին վրայ երէկ գրեց, որ հացադուլին միանալու որոշում տուաւ նաեւ 2008-ին նահատակուած զինուոր Անդրանիկ Կիրակոսեանի մայրը` Անահիտ Կիրակոսեան:

«Ցաւով կը տեղեկացնեմ, որ հակառակ մեր բոլոր յորդորներուն, հացադուլին միանալու որոշում տուած է նաեւ 2008-ին նահատակուած Անդրանիկ Կիրակոսեանի մայրը` Անահիտ Կիրակոսեան: Ան  անդրդուելի էր: Միայն պայմանաւորուեցանք, որ կը գիշերէ տունը», գրեց Մանուկեան:

Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ հացադուլին սկսած ՀՅԴ-ի անդամ Գեղամ Մանուկեանին եւ Գառիկ Աւետիսեանին միացած էր նաեւ Սահմանադրական դատարանի նախկին անդամ Կիմ Բալայեան, որոնք տակաւին կը շարունակեն հացադուլը` պահանջելով 9 նոյեմբերին յանձնուողական յայտարարութիւն ստորագրած վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.