Լռութիւնը ամէնամեծ սխալն է. Ազգային պատասխանատութեան եւ ընդդիմադիր համախմբման հրամայականը
- (0)

ՅԱԿՈԲ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը յաճախ կը բնորոշուի որպէս պատմական յիշողութեամբ առաջնորդուող, անցեալէն դասեր քաղող ազգ մը։ Սակայն կան նաեւ պահեր, երբ նոյն ժողովուրդը, դէպքերու ամբողջական պատկերը տակաւին չամբողջացած, կը շտապէ երկրորդական հարցերու շուրջ բուռն քննարկումներու մէջ մտնել՝ անտեսելով աւելի հիմնարար խնդիրները։ Այսօր ալ, ընտրական գործընթացներու աւարտէն հազիւ քանի մը օր անց, հանրային քննարկումներու կեդրոնը արդէն խորհրդարանական մանդատներու ընդունման կամ մերժման հարցն է, մինչդեռ ընտրութիւններու օրինականութեան, արդարութեան եւ ժողովրդավարական սկզբունքներու պահպանման վերաբերեալ բազմաթիւ հարցադրումներ տակաւին կը շարունակեն մտահոգել հասարակութիւնը։
Իրականութեան մէջ, ընտրական արձանագրութիւններու վրայի թանաքը տակաւին չչորցած, հանրային ուշադրութիւնը պէտք էր կեդրոնանար աւելի էական խնդիրներու վրայ՝ արձանագրուած խախտումներու բացայայտման, ընտրական գործընթացներու վերահսկողութեան, քաղաքական եւ իրաւական քայլերու մշակման, ինչպէս նաեւ ժողովրդային համախմբման։ Այս հանգրուանին ոչ միայն քաղաքական ուժերը, այլեւ հասարակութիւնը կոչուած են նախաձեռնողականութիւն եւ վճռակամութիւն դրսեւորելու, որովհետեւ քաղաքական կեանքի շարժիչ ուժը միայն կուսակցութիւնները չեն. հասարակութիւնն ալ իր պահանջատիրական կեցուածքով կրնայ ուղղորդել քաղաքական ուժերը եւ մղել զանոնք աւելի աշխուժ գործունէութեան։
Ցաւալիօրէն, ներկայ իրավիճակը փակ շղթայի մը կը նմանի։ Քաղաքական ուժերու զգալի մասը կը մեղադրուի կրաւորականութեան մէջ, մինչ հանրութիւնը կը դժգոհի նախաձեռնութիւններու պակասէն։ Արդիւնքը՝ անորոշութեան եւ սպասողականութեան մթնոլորտ, որուն մէջ իշխանութիւնը կը շարունակէ պարտադրել իր օրակարգը եւ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ ընտրական գործընթացը եղած է բնականոն ու անվիճելի։
Այս պայմաններուն մէջ ազգային-պահպանողական եւ ընդդիմադիր դաշտի հիմնական ուժերը՝ Սամուէլ Կարապետեանի շուրջ համախմբուած շրջանակները եւ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ղեկավարած քաղաքական ճակատը, կոչուած են դուրս գալու զուտ իրաւական փաստարկներ ներկայացնող դիրքերէն եւ համատեղ առաջնորդելու սահմանադրական, քաղաքական եւ հանրային պայքարը։ Ժամանակը կը պահանջէ ոչ թէ լռութիւն, այլ շարունակական հաղորդակցութիւն ժողովուրդին հետ, փաստերու հրապարակում, մամուլի ասուլիսներ, բացատրական աշխատանք եւ համազգային վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորում։
Որովհետեւ քաղաքական պայքարի այս փուլին ամէնամեծ սխալը ոչ թէ նախաձեռնութիւնն է, այլ լռութիւնը։ Կրաւորականութիւնը կը ստեղծէ այն դատարկութիւնը, զոր իշխանութիւնը անմիջապէս կը լեցնէ իր քարոզչութեամբ, միջազգային շնորհաւորական ուղերձներով եւ «ժողովրդավարական ընտրութիւններու» պատրանքով։
Ցաւալի հակասութիւն մըն է, որ ներկայ իշխանութիւնները ժողովրդավարութեան անունով շնորհաւորող եւ «քաղաքակիրթ աշխարհի» ներկայացուցիչ նկատուող բազմաթիւ պետութիւններու ղեկավարներ իրենց սեփական երկիրներուն մէջ հազիւ թէ հանդուրժէին այն բառապաշարը, վարքագիծն ու քաղաքական մշակոյթը, որոնք վերջին տարիներուն բազմիցս դրսեւորուած են Հայաստանի մէջ։ Ժողովրդավարական երկիրներու մէջ պետական իշխանութեան ներկայացուցիչները ենթակայ են խիստ քաղաքական եւ հանրային վերահսկողութեան, իսկ դատական համակարգի անկախութեան նկատմամբ որեւէ միջամտութեան ակնարկ անգամ կը դառնայ լուրջ քննադատութեան առարկայ։
Վերջին տարիներուն բազմիցս արձանագրուած են նաեւ այնպիսի երեւոյթներ, երբ քաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչներ հրապարակաւ մատնանշած են անձերու անուններ եւ ակնարկած անոնց նկատմամբ ենթադրեալ պատիժներու մասին։ Սակայն իրաւական պետութեան մէջ վճիռներ կը կայացնեն անկախ դատարանները, ոչ թէ քաղաքական իշխանութիւնը։ Այս իրողութիւնը ինքնին բաւարար պէտք է ըլլար, որպէսզի ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպանութեան մասին բարձրաձայնող միջազգային շրջանակները աւելի յստակ եւ սկզբունքային դիրքորոշում արտայայտէին։
Իրականութեան մէջ, միայն այս ընտրութիւններու նախընտրական շրջանին եւ քուէարկութեան օրուան ընթացքին արձանագրուած բազմաթիւ վիճայարոյց դէպքերը բաւարար են լուրջ հարցադրումներ յառաջացնելու ներկայ քաղաքական համակարգի ժողովրդավարական բնոյթի վերաբերեալ։ Աւելին, ստեղծուած է այն տպաւորութիւնը, թէ պետական լծակներն ու վարչական միջոցները աստիճանաբար կը ծառայեն ոչ թէ ժողովրդավարական մրցակցութեան ապահովման, այլ իշխանութեան վերարտադրութեան եւ քաղաքական հակառակորդներու նկատմամբ ճնշումներու գործադրման։
Մտահոգիչ է նաեւ խորհրդարանական բազմակարծութեան սահմանափակման միտումը։ Ազգային ժողովէն Գագիկ Ծառուկեանի քաղաքական ուժի ներկայացուցիչները դուրս մղելու որոշումը շատերու կողմէ ընկալուեցաւ որպէս ժողովրդավարական մշակոյթին եւ քաղաքական այլակարծութեան հասցուած հարուած։ Ի վերջոյ, ժողովրդավարութիւնը միայն մեծամասնութեան իշխանութիւնը չէ, այլ նաեւ ընդդիմադիր ձայներու եւ տարբեր տեսակէտներու գոյութեան ու ազատ արտայայտման երաշխաւորումը։
Այսպիսի պայմաններու մէջ խաղաղ եւ օրինական հանրահաւաքներն ու ցոյցերը ոչ միայն սահմանադրական իրաւունք են, այլեւ ժողովրդավարական վերահսկողութեան անհրաժեշտ միջոց։ Երբ հասարակութեան մէջ կը կուտակուին ընտրական գործընթացներու, պետական կառավարման եւ քաղաքական մթնոլորտի վերաբերեալ խոր մտահոգութիւններ, կազմակերպուած, պատասխանատու եւ խաղաղ քաղաքացիական շարժումները կրնան ծառայել որպէս ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան կարեւոր գործիք եւ կանխարգիլել ապագայ խախտումները։
Միաժամանակ, քաղաքական կեանքին մէջ ժամանակի գործօնը վճռորոշ նշանակութիւն ունի։ Յաճախ ուշացած քայլերը այլեւս չեն կրնար փոխհատուցել բաց թողնուած հնարաւորութիւնները։ Հետեւաբար, ընդդիմադիր ուժերը, հասարակական շրջանակները եւ ազգային պատասխանատուութիւն զգացող քաղաքացիները կոչուած են առանց յապաղումի համադրելու իրենց ջանքերը եւ խաղաղ, օրինական ու հետեւողական պայքարով արտայայտելու հանրային կամքը։ Պատմութիւնը բազմիցս ցոյց տուած է, որ ճակատագրական պահերուն նահանջը կրնայ աւելի ծանր հետեւանքներ ունենալ, քան սխալները։
Հետեւաբար, ներկայ հանգրուանին ընդդիմադիր դաշտի առաջատար ուժերուն առջեւ կը դրուի պատմական պատասխանատուութիւն։ Սամուէլ Կարապետեանի շուրջ համախմբուած ազգային շրջանակները եւ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ղեկավարած քաղաքական ճակատը կոչուած են վեր բարձրանալու երկրորդական տարաձայնութիւններէն, ստեղծելու փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտ, եւ համազգային ճիգով առաջնորդելու սահմանադրական, քաղաքական ու բարոյական պայքարը՝ յանուն Հայաստանի պետականութեան, ժողովրդավարական սկզբունքներու, ազգային արժանապատուութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման։
Այս վճռորոշ օրերուն ժամանակը կը պահանջէ ոչ թէ երկրորդական հարցերու մէջ կորսուիլ, այլ աչալուրջ մտածողութիւն, ազգային համախմբում եւ հետեւողական, աննահանջ պայքար։ Որովհետեւ պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ ճակատագրական հանգրուաններուն յաղթանակը կը ժպտի այն ժողովուրդներուն, որոնք չեն ընկրկիր փորձութիւններուն առջեւ, կը պահպանեն իրենց ազատ կամքն ու իրաւունքը, կը միաւորուին ընդհանուր նպատակի շուրջ եւ հաւատարիմ կը մնան ազգային պատասխանատուութեան գերագոյն զգացումին ու արդարութեան անընկճելի պահանջին։
15 Յունիս, 2026