Ազգային Ընդհանուր Ժողովը Իրազեկ Կը Դառնայ Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերդարձի Դատին Ներկայ Հանգրուանին Մասին
Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի սեմին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը աննախադէպ եւ անկիւնադարձային քայլ մը առնելով, Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով դատ բացած էր։ Երկու տարուան հետեւողական եւ տքնաջան աշխատանքներէ ետք, դատը ներկայիս քաղաքական արգելքներու դիմաց կը գտնուի։ Այս առնչութեամբ, Ազգային Ընդհանուր Ժողովը յատուկ նիստով մը ժողովականներուն տրամադրութեան տակ դրաւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռնարկած հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքները, որոնց շարքին Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին մանրամասնութիւնները։
Զեկոյցներ ներկայացուցին Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, տիկին Սեդա Խտըշեան եւ Քանատայէն տեսերիզով միացաւ դատի գլխաւոր փաստաբան՝ փրոֆ. Փայամ Ախաւան։
Տիկին Խտըշեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի գծով իրականացած Կաթողիկոսութեան ձեռնարկները ունեցած են տեղական, քաղաքական ու միջազգային արձագանք՝ մանաւանդ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանաչումէն հատուցում տանող աշխատանքները, որուն գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Սիսի դատը։ Ասոր կողքին տեղի ունեցան շրջանային համագումարներ, Պիքֆայայի յուշահամալիրի շինութիւն, Անթիլիասի Մայրավանքի յուշամատուռի վերանորոգութիւն, Հայոց Ցեղասպանութեան որբերու յիշատակին նուիրուած «Արամ Պէզիկեան» թանգարանի բացում եւ այլ ձեռնարկներ, յայտնեց Խտըշեան։
Ապա, հանդէս եկաւ Դոկտ. Պայրագտարեան։ Ան նշեց, թէ Սիսի Կաթողիկոսարանի դատական հայցի զոյգ թղթածրարները՝ օրինական թէ պատմական տուեալեաներով, կը փաստարկեն, որ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը օրինական իրաւատէրն է Սիսի Կաթողիկոսարանին։ Ան շարունակեց, որ դատը հետապնդող օրինական յանձնախումբին հիմնական նպատակն էր դատը փոխադրել Եւրոպայի Մարդկային Իրաւանց դատարան, սակայն այդ մէկը իրագործելու համար պէտք էր նախ թրքական սահմանակադրական դատարանէն անցնիլ։ Դոկտ. Պայրագտարեան մանրամասնութեամբ խօսեցաւ դատի հանգրուաններուն մասին եւ ընդգծեց, որ ներկայիս օրինական յանձնախումբը Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ քննարկած է մէկէ աւելի ուղիներ, որոնց մասին պիտի յայտարարուի մօտ ապագային։
Զեկուցումներէն ետք, տեսերիզի ճամբով ելոյթ ունեցաւ փրոֆ. Փայամ։ Ան համապարփակ բացատրութիւն տուաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ պետութեան վարած քաղաքականութեան մասին, որ կը զրկէր փոքրամասնութիւնները իրենց իրաւունքներէն եւ օրէնքներ կը մշակէր խլելու համար անոնց գոյքերը։ Ան նաեւ խօսեցաւ փրոֆ. Թանէր Աքչամի աշխատութիւններուն շնորհիւ երեւան ելած նոր փաստաթուղթերուն մասին։ Ան նշեց, որ Կաթողիկոսարանիս պատրաստած թղթածրարը ամբողջական է, եւ քաղաքական ճնշումներ պիտի չկարենան կասեցնել դատին հետապնդումը մինչեւ իրաւունքին վերադարձը։
Աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը եզրափակեց նիստը հաստատելով, որ այս դատին աշխատանքները իր կեանքին ու աշխատաքին մէջ կարեւոր տեղ գրաւած են։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ այս դատը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բոլոր տարագրեալ Կաթողիկոսներուն ոգիով թրծուած է, որովհետեւ անոնք բոլորը կը հաւատային այս դատին։ Վեհափառ Հայրապետը նշեց, որ մեր պահանջատիրական ոգին կը ժառանգենք անոցնմէ։ Այս դատը ո՛չ միայն Կաթողիկոսարանին, այլ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին դատն է, նշեց Հայրապետը՝ ընդգծելով, որ դատին պահանջքը հատուցում չէ, ինչպէս որ զրպարտած են շատեր, այլ հողային պահանջք. «մենք հող կը պահանջենք», շեշտեց Հայրապետը։
Ժողովը դիտեց նաեւ դատին մանրամասնութիւնները ներկայացնող տեսերիզ եւ ունեցաւ քննարկման նիստ։