Արցախի խիզախ հրամանատար Բեկոր Աշոտը այսօր կը դառնար 58 տարեկան
Այսօր Արցախեան ազատամարտի հերոս Բեկորի` Աշոտ Ղուլեանի ծննդեան օրն է:
Անոր ընտանիքի անդամները, մարտական ու կուսակցական ընկերները, զինծառայողներ, Ստեփանակերտի «Բեկոր»-ի անունը կրող դպրոցի ուսուցիչներն ու սաները այսօր Բեկորի յուշակոթողի մօտ հաւաքուած էին, մէկ անգամ եւս յիշելու եւ արժեւորելու հերոսին նուիրումն առ հայրենիք, կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը:
Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան դպրոցի սաները հերոսական երգով եւ պարով հանդէս եկան` շնորհաւորելով արժանի արցախցիին ծննդեան տարեդարձը: Նոր սերունդը հանդէս եկաւ այն համոզումով, որ Բեկորի թողածը այն գնահատելի ժառանգութիւնն է, որ երբեք սակարկման ենթակայ չէ:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի ազգային ժողովի պատգամաւոր, Բեկորի գաղափարական ընկեր ԴաւիթԻշխանեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով աշակերտներուն` կարեւորեց սերունդները ճիշդ դաստիարակելու եւ մեր հերոսներու նուիրական աւանդը փոխանցելու գործին մէջ դպրոցի եւ ուսուցիչի դերը: «Այդ հերոսական պայքարը այսօրուան համար էր եւ բոլորս պարտաւոր ենք մեր ապրած կեանքով եւ աշխատանքով նպաստել, որ մեր երկիրը այնպիսին ըլլայ, ինչիսին կ’երազէին տեսնել մեր ընկերները: Շնորհաւոր ծնունդդ ընկեր…»,- այսպէս աւարտեց իր խօսքը ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչը:
«Եթէ զինուորէն սկսած մինչեւ նախարարը բոլորանուէր իրենց գործը ընեն, ապա մեր բոլոր ձեռնարկումները կը պսակուին յաղթանակով…»,- կ՛ըսէր հերոսը, որուն համար «հայրենասիրութիւնը ոչ այլ ինչ էր, եթէ ոչ քու վրայ դրուած պարտականութիւններու բարեխղճօրէն կատարում»:
Բեկոր Աշոտ (Ասկոլկա, իսկական անունը` Աշոտ Ղուլեան) (1959-ի Հոկտեմբեր 6, Պաքու – 1992, Օգոստոս 24,Դրմբոն), արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ, ԼՂՀ Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր:
Ծնած է 1959 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին, Պաքու: Երիտասարդ տարիներուն Բեկորը աշխատած է իբրեւ դերձակ, շինարար, մեքենավար եւ փականագործ: Մարտական անունը Աշոտը ստացած էր դեռ նախապատերազմեան շրջանին, երբ 5 հոգիով Շահումեանէն Ստեփանակերտ զէնք կը տեղափոխէին: 5 տղաներէն 4-ին անունը Աշոտ էր եւ, որպէսզի խօսելու ատեն զիրար տարբերեն, կ՛որոշեն բոլորին մականուն տալ: Աշոտին, որ արդէն հասցուցած էր ինքնաշէն զէնքերը փորձարկելու ատեն քանի մը բեկոր «վաստակել», անուանեցին Բեկոր (Ասկոլկա): Ամուսնացած է 1985 թուականին: Ունեցած երեք որդի:
Դաշնակցութեան անդամագրուելով՝ ԲԵԿՈՐ շատ կանուխէն եւ շատերէն առաջ յանգեցաւ այն համոզումին, որ Արցախի ինքնապաշտպանութեան եւ ազատագրութեան համար նախապայման էր ստեղծել մշտական, կանոնաւո՛ր բանակ՝ իր կառուցուածքով եւ երկաթեայ կարգապահութեամբ: Այդպէ՛ս 1991-ին, երբ սկսաւ Արցախի կանոնաւոր բանակի առաջին զօրամասներուն կազմաւորումը, ԲԵԿՈՐին առաջարկուեցաւ գլխաւորել առաջին վաշտը, որուն կորիզը նոյնինքն իր ղեկավարած ջոկատն էր:
ԲԵԿՈՐ մասնակցած է Արցախի տարածքին մղուած մարտերու մեծ մասին՝ Ասկերան, Հադրութ, Շահումեան, Վերին շէն, Բուզլուխ, Մանաշիդ, Մալիբեկլու, Խոջալու, Կրկժան, Լեսնոյ, Քարին տակ, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղաւուզ, Սրխաւենդ, Բաշ-Գիւնեփայա, Օրթա-Գիւնեփայա, Դրմբոն… Բեկոր-Աշոտ Ղուլեան բացառիկ տաղանդով օժտուած հերոս անձնաւորութիւն էր՝ բնածին զինուորական, առաջամարտիկ, նախաձեռնող, համարձակ, վճռական, խիզախ ու հնարամիտ: ԲԵԿՈՐի հրամանատարական տաղանդը փայլեցաւ յատկապէս 1992-ի Մայիսին, Շուշիի ռազմագործողութեան իրականացման ժամանակ։
Առաջին վաշտը, ԲԵԿՈՐի գլխաւորութեամբ, եղաւ առաջինը, որ մուտք գործեց հայկական գերեալ քաղաքը եւ սկիզբ դրաւ անոր ազատագրման:
Բայց 1992-ի Օգոստոսի 24-ին Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած մարտը եղաւ վերջինը… անզուգական ԲԵԿՈՐին։ Այս անգամ գնդակը մահացու էր, եւ ան հեռացաւ այս աշխարհէն՝ երթալու եւ համալրելու համար անմահ փաղանգը հայոց քաջարի հերոսներուն։
Յետ մահու, հայրենիքին մատուցած իր ծառայութեանց համար, ԲԵԿՈՐ պարգեւատրուած է «Մարտական Խաչ» առաջին աստիճանի եւ «Ոսկէ Արծիւ» շքանշաններով։ Արժանացած է «Արցախի Հերոս» կոչումին: