Արցախի խիզախ հրամանատար Բեկոր Աշոտը այսօր կը դառնար 58 տարեկան

Այսօր Արցախեան ազատամարտի հերոս Բեկորի` Աշոտ Ղուլեանի ծննդեան օրն է:

Անոր ընտանիքի անդամները, մարտական ու կուսակցական ընկերները, զինծառայողներ, Ստեփանակերտի «Բեկոր»-ի անունը կրող դպրոցի ուսուցիչներն ու սաները այսօր Բեկորի յուշակոթողի մօտ հաւաքուած էին, մէկ անգամ եւս յիշելու եւ արժեւորելու հերոսին նուիրումն առ հայրենիք, կը հաղորդէ «Ապարաժ»-ը:

Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան դպրոցի սաները հերոսական երգով եւ պարով հանդէս եկան` շնորհաւորելով արժանի արցախցիին ծննդեան տարեդարձը: Նոր սերունդը հանդէս եկաւ այն համոզումով, որ Բեկորի թողածը այն գնահատելի ժառանգութիւնն է, որ երբեք սակարկման ենթակայ չէ:

ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի ազգային ժողովի պատգամաւոր, Բեկորի գաղափարական ընկեր ԴաւիթԻշխանեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով աշակերտներուն` կարեւորեց սերունդները ճիշդ դաստիարակելու եւ մեր հերոսներու նուիրական աւանդը փոխանցելու գործին մէջ դպրոցի եւ ուսուցիչի դերը: «Այդ հերոսական պայքարը այսօրուան համար էր եւ բոլորս պարտաւոր ենք մեր ապրած կեանքով եւ աշխատանքով նպաստել, որ մեր երկիրը այնպիսին ըլլայ, ինչիսին կ’երազէին տեսնել մեր ընկերները: Շնորհաւոր ծնունդդ ընկեր…»,- այսպէս աւարտեց իր խօսքը ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչը:

«Եթէ զինուորէն սկսած մինչեւ նախարարը բոլորանուէր իրենց գործը ընեն, ապա մեր բոլոր ձեռնարկումները կը պսակուին յաղթանակով…»,- կ՛ըսէր հերոսը, որուն համար «հայրենասիրութիւնը ոչ այլ ինչ էր, եթէ ոչ քու վրայ դրուած պարտականութիւններու բարեխղճօրէն կատարում»:

Բեկոր Աշոտ (Ասկոլկա, իսկական անունը` Աշոտ Ղուլեան) (1959-ի Հոկտեմբեր 6, Պաքու – 1992, Օգոստոս 24,Դրմբոն), արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ, ԼՂՀ Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր:

Ծնած է 1959 թուականի Հոկտեմբեր 6-ին, Պաքու: Երիտասարդ տարիներուն Բեկորը աշխատած է իբրեւ դերձակ, շինարար, մեքենավար եւ փականագործ: Մարտական անունը Աշոտը ստացած էր դեռ նախապատերազմեան շրջանին, երբ 5 հոգիով Շահումեանէն Ստեփանակերտ զէնք կը տեղափոխէին: 5 տղաներէն 4-ին անունը Աշոտ էր եւ, որպէսզի խօսելու ատեն զիրար տարբերեն, կ՛որոշեն բոլորին մականուն տալ: Աշոտին, որ արդէն հասցուցած էր ինքնաշէն զէնքերը փորձարկելու ատեն քանի մը բեկոր «վաստակել», անուանեցին Բեկոր (Ասկոլկա): Ամուսնացած է 1985 թուականին: Ունեցած երեք որդի:

Դաշ­նակ­ցու­թեան ան­դա­մագ­րո­ւե­լով՝ ԲԵԿՈՐ շատ կա­նու­խէն եւ շա­տե­րէն ա­ռաջ յան­գե­ցաւ այն հա­մո­զու­մին, որ Ար­ցա­խի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թեան եւ ա­զա­տագ­րու­թեան հա­մար նա­խա­պայ­ման էր ստեղ­ծել մշտա­կան, կա­նո­նա­ւո՛ր բա­նակ՝ իր կա­ռու­ցո­ւած­քով եւ եր­կա­թեայ կար­գա­պա­հու­թեամբ: Այդ­պէ՛ս 1991-ին, երբ սկսաւ Ար­ցա­խի կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կի ա­ռա­ջին զօ­րա­մաս­նե­րուն կազ­մա­ւո­րու­մը, ԲԵԿՈ­Րին ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ գլխա­ւո­րել ա­ռա­ջին վաշ­տը, ո­րուն կո­րի­զը նոյ­նինքն իր ղե­կա­վա­րած ջո­կատն էր:

ԲԵԿՈՐ մաս­նակ­ցած է Ար­ցա­խի տա­րած­քին մղուած մար­տե­րու մեծ մա­սին՝ Աս­կե­րան, ­Հադ­րութ, ­Շա­հու­մեան, ­Վե­րին շէն, ­Բուզ­լուխ, ­Մա­նա­շիդ, ­Մա­լի­բեկ­լու, ­Խո­ջա­լու, Կրկ­ժան, ­Լես­նոյ, ­Քա­րին տակ, Շու­շի, ­Լա­չին, ­Մար­տա­կերտ, ­Կու­սա­պատ, ­Մա­ղա­ւուզ, Սր­խա­ւենդ, ­Բաշ-­Գիւ­նե­փա­յա, Օր­թա-­Գիւ­նե­փա­յա, Դրմբոն… ­Բե­կոր-Ա­շոտ ­Ղու­լեան բա­ցա­ռիկ տա­ղան­դով օժ­տո­ւած հե­րոս անձ­նա­ւո­րու­թիւն էր՝ բնա­ծին զի­նո­ւո­րա­կան, ա­ռա­ջա­մար­տիկ, նա­խա­ձեռ­նող, հա­մար­ձակ, վճռա­կան, խի­զախ ու հնա­րա­միտ: ԲԵԿՈ­Րի հրա­մա­նա­տա­րա­կան տա­ղան­դը փայ­լե­ցաւ յատ­կա­պէս 1992-ի ­Մա­յի­սին, ­Շու­շիի ռազ­մա­գոր­ծո­ղու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման ժա­մա­նակ։

Ա­ռա­ջին վաշ­տը, ԲԵԿՈ­Րի գլխա­ւո­րու­թեամբ, ե­ղաւ ա­ռա­ջի­նը, որ մուտք գոր­ծեց հայ­կա­կան գե­րեալ քա­ղա­քը եւ սկիզբ դրաւ ա­նոր ա­զա­տագր­ման:

Բայց 1992-ի Օ­գոս­տո­սի 24-ին Դրմ­բոն գիւ­ղի ա­զա­տագր­ման հա­մար մղո­ւած մար­տը ե­ղաւ վեր­ջի­նը… ան­զու­գա­կան ԲԵԿՈ­Րին։ Այս ան­գամ գնդա­կը մա­հա­ցու էր, եւ ան հե­ռա­ցաւ այս աշ­խար­հէն՝ եր­թա­լու եւ հա­մալ­րե­լու հա­մար ան­մահ փա­ղան­գը հա­յոց քա­ջա­րի հե­րոս­նե­րուն։

Յետ մա­հու, հայ­րե­նի­քին մա­տու­ցած իր ծա­ռա­յու­թեանց հա­մար, ԲԵԿՈՐ պար­գե­ւատ­րո­ւած է «­Մար­տա­կան ­Խաչ» ա­ռա­ջին աս­տի­ճա­նի եւ «Ոս­կէ Ար­ծիւ» շքան­շան­նե­րով։ Ար­ժա­նա­ցած է «Ար­ցա­խի ­Հե­րոս» կո­չու­մին:

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.