«Ժողովրդավարութեան բասդիոն»-ի Ալիեւացումը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ 2018-ին Փաշինեանով եւ իր «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ» անկեղծօրէն խանդավառուածները, որոնք յաջորդ տարիներուն՝ ընդհուպ մինչեւ իսկ Քառասունչորսօրեայ պատերազմին պարտութենէն ետք, թերեւս ժողովրդավարութեան, ընկերային արդարութեան եւ հակաօլիկարխիկ իրենց սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու մղումով, դարձան անոր ջերմ պաշտպանները, կարծես այսօր սկսած են բացայայտել իրենց յուսախաբութիւնը։


Անդրադառնալու սկսած են, թէ օրինակ՝ որքան վտանգաւոր մեծամտութիւն, չըսելու համար՝ յիմարութիւն էր, երեւակայել, որ «Թաւշեայ յեղափոխութիւնը», ինչպէս այսպէս կոչուած «արաբական գարունը», շուտով պիտի տարածուէր հարեւան Ատրպէյճան, ուր քաղաքացիական հասարակութեան իրենց գաղափարակից «ժողովրդավար յեղափոխականները» ոտքի պիտի ելլէին՝ տապալելու համար Ալիեւի ամբողջատիրութիւնը։ Անկէ ետք, ինչ խօսք, ժողովրդավար խաղաղութեան մէջ եղբայրացած ժողովուրդներու միջեւ ամէն հարց պիտի լուծուէր։ Պատմութեան քիչ թէ շատ ծանօթ ոեւէ մէկը այս «մասալին» ծանօթ է. դեռեւս դար մը առաջ պոլշեւիկեան «յեղափոխութիւնը» Կովկաս բերած պոլշեւիկ հայերն ալ նոյն համոզումը ունէին…

Հարցական կրնայ ըլլալ, թէ որքանով «Թաւշեայ յեղափոխութեամբ» այն ատեն խանդավառուած, բայց այսօր յուսախաբ այդ հատուածը մտածած է Մարքսի՝ «պատմութեան կրկնութեան» հանրածանօթ բանաձեւին մասին։ Բայց իրողութիւնը այն է որ եթէ պոլշեւիկ հայերը ընդունեցին Մոսկուայի Դաշնագիրը եւ ապա լուռ մնացին երբ Արցախն ու Նախիջեւանը տրուեցան Ատրպէյճանին, «Թաւշեայ Յեղափոխականները» մէկ քայլ աւելի առաջ անցան՝ Արցախը առանց հայու Ատրպէյճանի կազմին մաս ընդունելով:

«Թաւշեայ յեղափոխութիւնը» ոչ մէկ սպառնալիք եղաւ Ալիեւի վարչակարգին, որ իր՝ արդէն շատոնց ծրագրաւորած պատերազմը սկսաւ Արցախի դէմ, որովհետեւ համաշխարհային համավարակը ստեղծած էր նպաստաւոր պայմաններ, իսկ ինք գրաւ դրած էր Փաշինեանի վարչակարգի մեծամիտ ապիկարութեան եւ ղեկավարման անմրցունակութեան վրայ։


Ալիեւ իր գրաւը կրկնակի շահեցաւ։ Նախ՝ պատերազմի դաշտին վրայ ամբողջական յաղթանակ տարաւ եւ անկէ անդին ալ անցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութենէն ներս ներկայութիւն հաստատելով թէ՛ տարածքներու գրաւումով, թէ՛ իր պարտադրած սահմանագծումով, որոնք պարզապէս ենթահողը ամրապնդեցին հետագայ պահանջներու՝ «Զանգեզուրի միջանցք»էն մինչեւ «Էրիվան»։ Ապա՝ իր սպառնալից յայտարարութիւններով, Փաշինեանի «խաղաղութիւն թէ պատերազմ» շանթաժին տալով ամէն հաւատալիութիւն, որպէսզի երաշխաւորուի իր վերարտադրութիւնը եւ իր միջոցով ապահովուի արդէն ընթացք առած Հայաստանի սահմանաջնջումը ընդհուպ մինչեւ վիլայէթացում:

Եւ այս գործընթացին մէջ է, ահաւասիկ, որ փոխանակ Ատրպէյճանի «թաւշացման», տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի «Ալիեւացումը»՝ ի դէմս միանձնեայ իշխանութեան մը համակարգաւորման, ե՛ւ պետական մակարդակով, ե՛ւ ժողովուրդին սրտին ու մտքին մէջ։ Առնուազն այն հատուածին մօտ, որ կոյր հետեւորդն է Փաշինեանին, մանաւանդ եթէ ան յաջողի մնալ իշխանութեան վրայ՝ այն ալ Սահմանադրական մեծամասնութեամբ։

Առ այդ, անոնք, որոնք ատենին հաւատացին Փաշինեանին եւ իր «Թաւշեայ յեղափոխութեան», իսկ այսօր յուսախաբ են, կ՚անդրադառնա՞ն արդեօք, թէ հարցը միայն անձի մը իշխանութեան վրայ մնալուն չի վերաբերիր. գունաթափուող թաւիշը երեւան կը հանէ «ժողովրդավարութեան բաստիոնի» խորքային, թէեւ կերպարանափոխուած, ամբողջատիրական բնոյթը։