Նարեկ Կարապետեանը՝ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան վարչապետի հաւանական թեկնածու

Սամուէլ Կարապետեանի ղեկավարած քաղաքական ուժի վարչապետի թեկնածուն մեծ հաւանականութեամբ անոր եղբօրորդին՝ Նարեկ Կարապետեանը պիտի ըլլայ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը՝ վկայակոչում ընելով նոր ձեւաւորուած «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան մօտ շրջանակներու։ Սակայն, հակառակ շրջանառուող լուրերուն, «Մեր ձեւով» շարժման մամուլի խօսնակ Մարիանա Ղահրամանեան չէ հաստատած այս տեղեկութիւնը։

Ղահրամանեան յիշեցուցած է, որ Նարեկ Կարապետեանը իր վերջին ասուլիսին եւ Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ արդէն իսկ նշած էր, թէ վարչապետի թեկնածուին անունը պիտի յայտարարուի փետրուար 12-ին՝ կուսակցութեան հիմնադիր համաժողովին ընթացքին։ «Անոր յայտարարութեան վրայ աւելցնելու բան չունիմ, բացի այն, որ մեր ուժի վարչապետի թեկնածուն ընդունելի պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին համար»,– ըսած է ան։

Կարապետեանները դեռ ամիսներ առաջ յայտարարած էին 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու իրենց մտադրութիւնը։ Սկզբնական փուլին ստեղծուեցաւ «Մեր ձեւով» շարժումը՝ Նարեկ Կարապետեանի համակարգմամբ, իսկ անցեալ ամիս պաշտօնապէս գրանցուեցաւ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութիւնը։

Իշխանափոխութեան օրակարգով ընտրապայքարի պատրաստուող Կարապետեանները ներկայիս առաջնահերթ կը համարեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման իրենց առաջարկները։ Տնտեսագէտ Նարեկ Կարապետեանը իր ելոյթներուն մէջ հիմնական շեշտադրումը կը կատարէ տնտեսական հարցերուն վրայ՝ երկրորդական համարելով ներքին եւ արտաքին քաղաքական բազմաթիւ այլ խնդիրներ։ Ան բազմիցս նշած է, թէ Հայաստանի առջեւ կանգնած հիմնական խնդիրը տնտեսութիւնն է, եւ ժամանակն է, որ երկիրը ղեկավարուի տնտեսագէտներով։

Նարեկ Կարապետեանը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն, Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան ուղղուած իշխանական ձգտումներուն, ՀԱՊԿ վերադառնալու կամ ԱՄՆ-ի հետ զարգացող TRIPP ծրագիրին։ Սակայն այս թեմաներուն վերաբերեալ ան խուսափած է մանրամասնութիւններ տալէ։ Օրինակ՝ ՀԱՊԿ-ի պարագային նշած է, որ իշխանութեան գալու պարագային անոնք պիտի փորձեն բանակցութիւններով հասնիլ այն կէտին, որ անդամ պետութիւնները ճնշում բանեցնեն Ատրպէյճանի վրայ՝ Հայաստանի գրաւուած տարածքներէն դուրս գալու համար, սակայն այդ գործընթացի մեխանիզմները չէ յստակեցուցած։

Ան նաեւ պնդած է, թէ նախորդ երեք նախագահներն ու ներկայ վարչապետը պէտք է ընդհանրապէս հեռու մնան։ Միեւնոյն ժամանակ ան յստակ դիրքորոշում չէ ներկայացուցած ներքաղաքական այլ ուժերու հետ հնարաւոր համագործակցութեան առնչութեամբ։ Յայտարարած է միայն, որ նախընտրական փուլին համագործակցութիւն չեն պատկերացներ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներուն հետ, սակայն հետընտրական փուլին վերաբերեալ նման բացառում չէ կատարած։ «Մենք պիտի աշխատինք արհեստավարժներու հետ»,– ըսած է ան՝ առանց անուններ նշելու, ընդգծելով, որ իրենց խումբին մէջ կրնան ըլլալ տարբեր կառավարութիւններու հետ աշխատած մասնագէտներ, եւ հիմնական չափանիշները պիտի ըլլան մաքուր ձեռքերը եւ մասնագիտական կարողութիւնը։