Թուրքիան կը մեղմացնէ Հայաստանի հետ առեւտուրի սահմանափակումները

Այսօր՝ չորեքշաբթի, մայիս 13-ին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ վերացուցած է Հայաստանի հետ ուղղակի առեւտուրի վերաբերող սահմանափակումներէն մէկը՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ կատարուած խորհրդանշական քայլ մը։

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Օնճու Քեչելի յայտնեց, թէ այսուհետեւ երրորդ երկիրներու ճամբով իրականացուող բեռնափոխադրումներու պարագային կարելի պիտի ըլլայ վերջնական նպատակակէտը կամ ապրանքներու ծագման երկիրը ուղղակիօրէն նշել որպէս Հայաստան կամ Թուրքիա։ Նախապէս նման նշումներու վրայ սահմանափակում գոյութիւն ունէր։

Քեչելի նաեւ յայտարարեց, թէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը բանալու ուղղութեամբ «թեքնիք եւ վարչական աշխատանքները» կը շարունակուին։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Պատալեան ողջունեց որոշումը՝ զայն նկատելով կարեւոր քայլ մը դէպի երկու երկիրներու միջեւ լիարժէք յարաբերութիւններու հաստատում, սահմաններու բացում եւ դիւանագիտական կապերու ստեղծում։

Հակառակ 2021-ին սկսած կարգաւորման գործընթացին եւ երկու կողմերու յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակման, նշանակալի զարգացումներ մինչեւ այսօր տեղի չեն ունեցած։ Անգարան շարունակած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորումը կապել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրութեան հետ։

Միաժամանակ, որոշ հարցադրումներ կը բարձրացուին այս որոշումի ժամանակաւորութեան վերաբերեալ՝ նկատի ունենալով, որ Հայաստանը ներկայիս ընտրական շրջանի մէջ կը գտնուի։ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը վերջին տարիներուն բազմաթիւ յայտարարութիւններով դրական վերաբերմունք ցուցաբերած են Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան շարունակութեան նկատմամբ։

Հայաստան եւ Թուրքիա 2021-ի վերջաւորութեան համաձայնած էին սկսիլ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց մը։ Այդ գործընթացին իբրեւ հետեւանք՝ վերականգնուած են Երեւան-Պոլիս ուղիղ թռիչքները եւ մեղմացուած են որոշ մուտքի արտօնագրային սահմանափակումներ։

Թուրքիան 1993-ին փակած էր Հայաստանի հետ իր սահմանը՝ ի զօրակցութիւն Ատրպէյճանի, Արցախեան հակամարտութեան ընթացքին։ 2020-ի պատերազմին ալ Անգարա բացայայտ կերպով աջակցած էր Պաքուին՝ ներառեալ թրքական անօդաչու թռչող սարքերու տրամադրումով։