Ընդդիմութեան հանրահաւաքները կը գերակշռեն մարդաշատութեամբ․ տուեալներ
- (0)

«Նախընտրական Զարգացումներու Մոնիտորինգ» Քաղաքացիական Նախաձեռնութիւնը հրապարակած է մայիս 8-13 ժամանակահատուածին վերաբերող իր ամփոփիչ տուեալները՝ ներկայացնելով քաղաքական ուժերու հանրահաւաքներուն մասնակցութեան պատկերն ու քարոզարշաւի ընթացքին արձանագրուած հիմնական միտումները։
Ըստ զեկոյցին, նշեալ օրերուն ամէնամարդաշատ հաւաքը արձանագրուած է մայիս 10-ին Աբովեան քաղաքի մէջ տեղի ունեցած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանի հանդիպումին, որուն մասնակցած է շուրջ 9500 քաղաքացի։
Երկրորդ տեղը գրաւած է մայիս 8-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Ուժեղ Հայաստան» նախաձեռնութեան հաւաքը՝ շուրջ 6000 մասնակիցով, իսկ երրորդ տեղը՝ «Հայաստան» դաշինքի Էջմիածինի մեկնարկային հանրահաւաքը, ուր ներկայ եղած է 3000-է աւելի քաղաքացի։
Դիտարկումը նաեւ արձանագրած է զգալի տարբերութիւններ իշխանական եւ ընդդիմադիր ուժերու հաւաքներուն միջեւ։ Կապանի մէջ «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան հանրահաւաքին, ըստ զեկոյցին, մասնակցած է երեք անգամ աւելի շատ մարդ, քան իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան հաւաքին։
Նման պատկեր արձանագրուած է նաեւ Երեւանի Շէնգաւիթ համայնքին մէջ, ուր «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հանդիպումը հաւաքած է մօտ 1000 քաղաքացի՝ շուրջ չորս անգամ աւելի, քան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման մասնակցածներու թիւը։
Զեկոյցը անդրադարձած է նաեւ քարոզարշաւի քաղաքական մթնոլորտին։ Ըստ նախաձեռնութեան՝ քաղաքական բանավէճի կանոններու «կոպիտ խախտումներ» արձանագրուած են միայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պարագային, մինչ մնացեալ թեկնածուներն ու քաղաքական ուժերը պահպանած են քաղաքական կոռեկտութեան եւ ընդունուած բառապաշարի սահմանները։