Հայաստանի Եւ Արցախի Պատուաստումներու Ծրագիրին Աջակցող Բարերար Րաֆֆի Արտալճեանի Կը Պարգեւատրուի
- (0)
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան համակարգին անշահախնդիր օգնութիւն ցուցաբերելու, մեծ ներդրումներու, երկար տարիներու հայրենանուէր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ «Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»ի կազմաւորման 20ամեակին առիթով հիմնադիր-ղեկավար Րաֆֆի Արտալճեան պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան յուշամետալով:
Նախարարի տեղակալ Սերգէյ Խաչատրեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Րաֆֆի Արտալճեանին՝ Հայաստանի առողջապահական համակարգին ցուցաբերած շարունակական աջակցութեան համար: «Ուրախ ենք, որ այստեղ էք: Անգնահատելի է ձեր ներդրումը առողջապահական համակարգի զարգացման՝ մասնաւորապէս պատուաստանիւթերի ներդրման գործընթացում ակտիւ մասնակցութիւնը», ըսաւ Սերգէյ Խաչատրեան:
Րաֆֆի Արտալճեան շնորհակալութիւն յայտնելով պարգեւին համար՝ նշեց, որ ինք, կարծես, Հայաստանի դեսպանն է աշխարհի մէջ: Ան յիշատակեց սփիւռքահայ բազմաթիւ բարերարներու անուններ, որոնք տարբեր տարիներու եղած են Հայաստանի կողքին՝ աջակցելով հայրենիքին ամէնէն դժուար օրերուն, նպաստելով տարբեր ոլորտներու զարգացման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համագործակցութեան հետագայ ծրագիրները: Անդրադարձ կատարուեցաւ դիմադրողականութեան եւ հիւանդութիւններու կանխարգիլման ազգային ծրագիրի իրականացման գործին մէջ Հայաստանի յաջողութիւններուն:
Նշենք, որ «Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»ը հիմնուած է Րաֆֆի Արտալճեանի կողմէ՝ ի յիշատակ 1994 թուականին օդանաւային արկածով զոհուած կնոջ եւ դստեր: Հիմնադրամը իր կազմաւորման օրէն օգնած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովուրդին՝ իրականացնելով ընկերային եւ հանրային առողջապահութեան բնագաւառի բարելաւման ծրագիրներ: