Սոսկ մարդասիրական չէ Արցախի հիմնահարցը
Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումով, Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ապահովութեան խորհուրդը Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոսին վերջապէս գումարեց յատուկ նիստ մը, օրակարգի վրայ ունենալով Արցախի պաշարումը։
Խորհուրդի անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներ, խօսք առնելով, ներկայացուցին իրենց կեցուածքները։
Բոլորիս ծանօթ են Սեպտեմբեր 2020-ի պատերազմին հայկական կողմին ծանր պարտութեան հետեւանքներն ու յաջորդող տարիներուն ստեղծուած ճգնաժամային կացութիւնը, գետնի վրայ օրէ օր ծանրացող վիճակը, որուն զուգահեռ, դիւանագիտական գետնի վրայ ալ շարունակ հող կորսնցնելով, ստեղծուած էր Բերձորի միջանցքի փակումը:
Պաքուի հետեւողական ճնշումներուն վրայ, Արցախեան հիմնահարցը, որ ըստ էութեան՝ Արցախի ինքնորոշման ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՐՑՆ ԷՐ, ապա նաեւ, սկսելով Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան Մինսքի խմբակի գործունէութենէն՝ մինչեւ մշակութային կոթողներու հետեւողական քանդումը, մոռցուած էին. եւ ահա, Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան խորհուրդի սեղանին վրայ դրուած էր միայն ու միայն լոյսի եւ փրկութեան ճամբան՝ Բերձորի միջանցքը, անոր փակման հետեւանքով մարդկային ողբերգութիւններու շարանը։ Առանց փակագիծի պէտք է նշել, որ հայկական Բերձոր անուան փոխարէն՝ ատրպէյճանական Լաչին անուանումը յաւելեալ մտահոգութիւն է, թէ՝ շրջանը «պատմականօրէն կը պատկանի այդ երկրին»․․․։
Այսպէս, Ապահովական խորհուրդի անդամ երկիրներն ալ, անգիտակցաբար կամ դիտմամբ, ինկած են այդ միջանցքին ծուղակը, կարեւորելով միայն տագնապին մարդասիրական երեսը, լուսանցքի վրայ դնելով Արցախեան հիմնահարցը։ Ճի՛շդ է, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ, հարցին մարդկկային երեսն է ծանր կշռողը, մինչդեռ, Արցախեան Շարժումի առաջին օրէն սկսեալ, ու յաջորդած աւելի քան 25 տարիներուն, անիկա մարզին ինքնորոշման պահանջը կը հետապնդէր եւ այդ ճամբուն վրայ շօշափելի յառաջընթաց արձանագրուած էր. ԱՐՑԱԽԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՉՈՒՄՆ ԻՍԿ ՀՆՉԱԾ ԷՐ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԲԵՄԻՆ ՎՐԱՅ:
Չորեքշաբթիի նիստին, ո՛չ մէկ ներկայացուցիչ, ո՛չ իսկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յանդգնեցաւ կարճ նախաբան-պատմականով ներկայացնել, թէ ի՛նչ-ի՛նչ պատճառներով, Ստալին 1923-ին պատմական այդ տարածքը նուէր տուած էր Խորհրդային Ատրպէյճանին, յետոյ, 1988-էն ասդին, եւ Խորհրդային Միութեան կազմաքանդումին առընթեր, Արցախը բռնած էր Ատրպէյճանի կազմէն դուրս գալու եւ Հայաստանին վերամիանալու ճամբան:
Փոխան հիմնահարցի քննարկման, միջանցքի փակումն էր հարցը, որ բոլոր ներկայացուցիչներու յայտարարութեամբ՝ մարդասիրական բնոյթ ունի։ Նոյնիսկ Պաքուի առաջարկած՝ Աղտամի ճամբով օժանդակութեան այլընտրանքն ալ բազմիցս արծարծուեցաւ այս դիտանկիւնէն, եւ սա արդէն պիտի նշանակէ էական հարցին՝ ինքնորոշման, Ատրպէյճանէն Արցախի անկախ ըլլալու հարցին թաղումը։
Կրկնութիւններ շատ էին։ Նախադասութիւնները բազմազան էին, շարադասութիւններն ու որակականները՝ տարբեր, սակայն խորքային նոյն տեսակէտները կրկնուեցան. լարուածութեան թուլացում, ռազմաքաղաքական փոխըմբռնում, Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիր, Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւն եւ շարունակ․․․ մարդասիրական օժանդակութեանց մատակարարումներ։
Մինչեւ իսկ Զուիցերիոյ ներկայացուցիչին խօսքը, թէ՝ կացութիւնը ծայրայեղօրէն ծանր է եւ պէտք է լուծուի անյապաղ, դժբախտաբար հիմնահարցին չէր առնչուեր, այլ միւս ներկայացուցիչներուն նման կը յանկերգէր երկխօսութիւն, միջանցքի բացում եւ մարդասիրական օժանդակութիւն։
Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը աւարտեցաւ եւ ցարդ ո՛չ մէկ փոփոխութիւն, ո՛չ մէկ յառաջդիմութիւն։ Դարձեալ կը կանգնինք «լեռը (…կովկասեան բարձրաւանդակ) մուկ չծնաւ»-ի կացութեան դիմաց, այսինքն, կարծէք թէ յումպէտս սարքուած լաւ բեմադրութիւն մըն էր եղածը:
ԲԵՐՁՈՐի ճամբան կը մնայ փակ․․․ Վերաբանալու յոյսերն ալ՝ սահմանափակ։
Իսկ ամէնէն կարեւորն ու սոսկալին՝ սոսկ մարդասիրական չէ Արցախի հիմնահարցը։
«Հայրենիք»
Խմբագրական
Comments are closed.