Տեսիլքի եւ առաքելութեան հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի յիշատակին
Մահուան 20ամեակին առիթով
Հայ Աւետարանական համայնքի տեսիլքի եւ առաքելութեան հոգեւոր հովիւ… Այսպէս կոչուեցաւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանը իր ժամանակակից գործընկերներուն կողմէ ու ան յատկանշուեցաւ որպէս քրիստոնէական հաւատքի, ազգասէր եւ հոգեւոր բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու ու անսակարկ նուիրումի եզակի գլխագիր մարդը՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախագահը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարիչ քարտուղարը եւ աւելի քան տասնեակ մը համաշխարհային հոգեւոր ու բարեսիրական հաստատութիւններու նուիրեալ վարչական անդամը, որ 20 տարի առաջ, այսօր՝ 2000 թուականի Սեպտեմբեր 25-ին, կնքեց իր մահկանացուն վաղահաս տարիքին, պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկաւ տառապեալ հայ ժողովուրդի խաչը ուսին շալկած, սուգի մատնելով Հայ Աւետարանական համայնքի զաւակներուն հետ միասին բովանդակ հայութիւնը՝ Հայաստան աշխարհէն մինչեւ Լիբանան ու մինչեւ արտասահմանի հեռաւոր գաղութները:
«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»
Յակոբ Ճանպազեան
25 Սեպտեմբեր, 2020