Տեսիլքի եւ առաքելութեան հովիւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանի յիշատակին

Մահուան 20ամեակին առիթով                                                  

Հայ Աւետարանական համայնքի տեսիլքի եւ առաքելութեան հոգեւոր հովիւ… Այսպէս կոչուեցաւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանը իր ժամանակակից գործընկերներուն կողմէ ու ան յատկանշուեցաւ որպէս քրիստոնէական հաւատքի, ազ­գասէր եւ հոգեւոր բարոյական ամրակուռ սկզբունքներու ու անսակարկ նուիրումի եզակի գլխագիր մարդը՝ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդի նախա­գահը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան վարիչ քարտուղարը եւ աւելի քան տասնեակ մը համաշխարհային հոգեւոր ու բարեսիրական հաստա­տու­թիւններու նուիրեալ վարչական անդամը, որ 20 տարի առաջ, այսօր՝ 2000 թուականի Սեպ­տեմբեր 25-ին, կնքեց իր մահկանացուն վաղահաս տարիքին, պարտականութեան ճամբուն վրայ ինկաւ տառապեալ հայ ժողովուրդի խաչը ուսին շալկած, սուգի մատ­նելով Հայ Աւետարանական համայնքի զաւակներուն հետ միասին բովանդակ հայու­թիւնը՝ Հայաստան աշխարհէն մինչեւ Լիբանան ու մինչեւ արտասահմանի հեռաւոր գաղութները:

«Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»

Յակոբ Ճանպազեան

25 Սեպտեմբեր, 2020

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.