Հայոց Կաթողիկոսները 1 Միլիոն Տոլար կը Նուիրաբերեն Արցախին
Ապրիլ 14-ի երեկոյեան, աւարտելով երկօրեայ այցը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն, Գարեգին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը վերադարձան Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Այս մասին կը տեղեկանանք Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգէն:
Այցի ընթացքին տեղի ունեցած հանդիպումներու եւ արարողութիւններու ժամանակ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին ԼՂՀ իշխանութիւններուն, Արցախի ժողովուրդին ու Պաշտպանութեան բանակին` աղօթելով, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ Արցախ աշխարհին:
Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Արցախին փոխանցած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ իր թեմերուն կողմէ հանգանակուած հինգ հարիւր հազար տոլար գումար մը: Նոյնքան գումար Արամ Ա Կաթողիկոսը փոխանցած է նոյն նպատակին համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ իր թեմերուն կողմէ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի կոչով կազմակերպուած հանգանակութիւնները թեմերուն մէջ կը շարունակուին: